(Արտասանուած Բերիոյ Հայոց Թեմի Նախկին Առաջնորդ, Կիլիկիա Մատենադարանի մատենադարանապետ Գերշ. Տէր Շահան Արք. Սարգիսեանի կողմէ, Հալէպ)

«Ան իր ամբողջ ունեցածը իր գոյութեան չափովը տուաւ, որովհետեւ սիրեց»: Աւետարանին մէջ կը նկարագրուի, թէ ինչպէ՛ս Յիսուս օր մը տաճարին առջեւ կը դիտէր ժողովուրդը, որ անցնելով տաճարին դիմացէն իրլուման կը նուիրէր տաճարին: Երբ այրի կին մը անցաւ եւ երկու լումա գանձանակին մէջ դրաւ, Յիսուս իր աշակերտներուն դառնալով ըսաւ. «Այս այրի կինը շատ աւելին դրաւ գանձանակին մէջ, քան բոլոր անոնք, որոնք ունէին եւ իրենց ունեցածին աւելորդ բաժինէն դրին»:
Այս բնաբանը ընտրեցի հանգուցեալ Վերժին Յակոբեանի՝ Ամմէի յիշատակին. անձնաւորութիւն մը, որ իր ամբողջ կարողութեամբ, Աստուծոյ իրեն տուած հոգեւոր եւ մարդկային շնորհքներով նուիրուած էր իր շրջապատին՝ Աստուծոյ Արքայութեան արժանանալու համար:
Համախմբուած ենք այստեղ մեր սիրոյ պարտքը տալու Ամմէին, որուն անունը հանրածանօթ է Հալէպէն մինչեւ Ճեզիրէ եւ բազում այլ վայրեր ապրող մեր ազգակիցներուն: Աստուած իւրաքանչիւրս իւրայատուկ ստեղծած է, մէկս միւսին չենք նմանիր, բայց այս աշխարհէն մեկնած ատեն մեր տուածին համապատասխան իւրայատուկ արժէք կը դառնանք Աստուծոյ համար, նաեւ մարդոց յիշողութեան մէջ: Ամմէն Յակոբեան ընտանիքին մէջ եւ անկէ անդին իր իւրայատուկ տեղը ունեցաւ եւ կը շարունակէ ունենալ: Ան թէեւ ֆիզիքապէս մայր չեղաւ, բայց մայրութիւն ըրաւ իր ընտանիքին, թոռներ ունեցաւ, ծոռներ ունեցաւ եւ Տէրը իր շնորհքը առատօրէն բաշխեց Յակոբեան ընտանիքին եւ իր շրջապատին:
Այսօր, ո՛չ միայն այստեղ, այլ աշխարհի տարբեր կողմերէ սրտակից մարդիկ կ’աղօթեն Վերժինի հոգւոյն խաղաղութեան համար:
Ամէն անգամ որ ննջեցեալին առջեւ կը կանգնինք, չենք խօսիր մահուան մասին: Մենք կը ծնինք յարութեան տեսիլքով, կը մկրտուինք յարութեան համար եւ եթէ մեր Տիրոջ հետ քալենք, յարութեան ժառանգորդը կը դառնանք:
Վերժինը իր բարի նկարագրով, քաղցր ժպիտով նոյնիսկ սխալներու հանդէպ իր անկեղծ դիտողութեամբ մեր բոլորին յարգանքին արժանացաւ, որովհետեւ յարութեան հաւատքով ապրեցաւ, իր կեանքին մէջ արժէքներ որդեգրեց ու պահեց զանոնք, անոնցմով արժեւորեց իր կեանքը:
Ես որպէս հոգեւորական իր պայծառ ներկայութեան, դժուարութիւններուն մէջ համբերատարութեան, նոյնիսկ Սուրիոյ պատերազմի դաժան տարիներուն մխիթարանքի ու լաւատեսութեան իր խօսքերուն վկան եղած եմ: Ան տեւաբար ներկայ էր Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցի: Պարագաներու բերումով իր թաղմանական կարգը կը կատարենք Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Մեր լաւագոյն վկայութիւնը պիտի ըլլայ հաստատել այն իրողութիւնը, որ Վերժին իր ամբողջ կեանքը նուիրեց իր շրջապատին, իր ընտանիքին, մեծին, փոքրին եւ հանգչեցաւ խաղաղութեան մէջ:
Հարազատները կը վկայեն, որ Ամմէն իր կեանքի վերջին Կիրակին կրկին այցելեց եկեղեցի, եկեղեցական պարտքը կատարեց ու ըստայնմ խաղաղութեան մէջ հոգին աւանդեց:
Ամմէին առաքելութիւնը շարունակութիւնն է այն գերդաստանին որ ծաղկեցաւ, աճեցաւ ու ծառայեց ազգին: Եկած ենք միասնաբար աղօթելու եւ իր հոգիին խաղաղութիւն եւ հանգիստ խնդրելու: Վերժինը իր ընտանիքն ու շրջապատը շատ սիրեց ու իր ամբողջ ջերմութիւնը տուաւ անոնց, թող Տէրը լոյսերու մէջ հանգչեցնէ իր հոգին:
Այս պահուն սրտի պարտք ունիմ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ցաւակցական խօսքը եւ օրհնութիւնը տալու Յակոբեան ընտանիքի բոլոր անդամներուն: Այս ընտանիքին զաւակը նաեւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ է, ուստի Կեդր. Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներուն անունով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ամբողջ միաբանութեան անունով ցաւակցութիւն կը յայտնեմ հանգուցեալի ընտանիքին:
Կ’ուզեմ առանձնացնել յատկապէս Տաթեւ Սրբազանը, Սուրէն Սրբազանը եւ բոլոր այն եկեղեցականները, որոնք Սուրիոյ մէջ ծառայեցին, Հալէպի եւ Ճեզիրէի մէջ ծառայեցին եւ ճանչցան զինք, վայելեցին անոր հոգատարութիւնը, մտերմութիւնը, ջերմութիւնն ու սէրը:
Թող Տէրը ընդունի իր հոգին եւ խաղաղութեան մէջ պահէ ու պահպանէ զայն հիմա եւ յաւիտեանս ամէն:
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի: Ամէն: