Շաբաթ, 18 Նոյեմբեր 2023-ին Երեւանի «Արամ Մանուկեան» կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած զեկուցական ժողովը՝ մասնակցութեամբ ՀՕՄ-ի նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան անդամ Զոյա Քոչարեանի եւ տարբեր մարզերէ եկած մեծ թիւով ՀՕՄ-ուհիներու:
Ժողովը սկսաւ Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութեամբ, որմէ ետք ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Մարօ Քէշիշեան բարի գալուստի քաջալերական խօսքէն ետք զեկուցեց ՀՕՄ-ի Համահայկական 73-րդ Պատգամաւորական ժողովի արդիւնքներուն մասին՝ անդրադառնալով անոր որդեգրած բանաձեւերուն, նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան անուանացանկին եւ ապա կեդրոնացաւ հայրենազուրկ դարձած արցախահայութեան ցարդ տրամադրուած եւ մօտ ապագային տրամադրուելիք օժանդակութիւններուն:
Արցախահայերու օգնութեան հասնելու առաջին արձագանգը ստացուեցաւ ՀՕՄ-ի Աւստրալիոյ միաւորէն, որ տեղի պետական մարմիններու եւ Հայ Դատի յանձնախումբին համագործակցութեամբ հանգանակեցին 24 հազար ամերիկեան տոլար: ՀՕՄ-ի Հայաստանի միաւորի տնօրինութեամբ Արցախի ներկայացուցչութեան միջոցով արցախահայութեան տրամադրուեցան 440 արկղ սննդամթերք եւ մաքրութեան առնչուող ապրանքներ: Վերոնշեալ արկղերուն պատրաստութեան մասնակցեցան նաեւ Աւստրալիայէն Հայաստան եկած պետական պատուիրակութեան անդամները:
Օգնութեան առաջին այս փորձը յաջողութեամբ կատարելէ ետք շրջանի ՀՕՄ-ը՝ համագործակցութեամբ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան, աւելի քան հարիւր արկղ սննդամթերք, հագուստ եւ մաքրութեան առնչուող իրեր տարին Գորիս եւ բաժնեցին այնտեղ հանգրուանած արցախահայութեան:
Այնուհետեւ, ՀՕՄ-ը ընդարձակելով օգնութեան իր շրջանակը եւ համագործակցելով շրջանի ուղեկից կազմակերպութիւններուն եւ արտասահմանեան զանազան երկիրներէ կամաւորաբար հայրենիք եկած հայորդիներուն հետ, աւելի քան հազար արկղ սնունդ եւ մաքրութեան առնչուող ապրանքներ պատրաստեց եւ բաժնեց հայրենի տարբեր մարզերու մէջ հաստատուած արցախցիներուն:
Այս աշխատանքներուն զուգահեռ, ամէնօրեայ յաճախականութեամբ ՀՕՄ-ի կեդրոն կ’այցելեն հարիւրաւոր անձնազոհ հայեր եւ իրենց օգնութիւնը կ’առաջարկեն ՀՕՄ-ին, կ’այցելեն արցախցիներու տուներ եւ օգտակար կը հանդիսանան անոնց նիւթապէս եւ կը տրամադրեն սնունդ, հագուստ, անկողնային եւ խոհանոցային իրեր:
2023 թուականի Հոկտեմբեր 16-21 Հայաստանի մէջ գումարուած ՀՕՄ-ի Համահայկական 73-րդ Պատգամաւորական ժողովի մասնակից պատգամաւորները եւս մեծապէս օգտակար հանդիսացան արցախահայութեան: Անոնք եւս այցելեցին եւ իրենց օգնութեան ձեռքը մեկնեցին արցախցի իրենց հայրենակիցներուն:
Բռնագաղթուած արցախահայութեան օժանդակութեան աշխատանքները առաւել կազմակերպուած կատարելու հեռանկարով ստեղծուած է կեդրոնական յանձնախումբ, որուն ծրագրային աշխատանքներուն մէջ ներառուած են կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ ծրագիրներ:
Կարճաժամկէտ ծրագիրներու առաջնահերթութիւնը սնունդի բաժանումն է, որուն համար ՀՕՄ-ը շաբաթներ շարունակ արձանագրութիւններ կատարեց, որպէսզի բաժանումը կանոնաւոր կատարուի: Ներկայ դրութեամբ աւելի քան հինգ հազար ընտանիք արձանագրուած է: Այս ծրագրի ծիրին մէջ ՀՕՄ-ի հետ համագործակցած է «Մենք ենք մեր սարերը» հասարակական կազմակերպութիւնը՝ քսան հազար թոն դդմաճեղէն, Լինտա Հաննան՝ երկու թոն խնձոր նուիրելով: Նկատի ունենալով, որ ՀՕՄ-ի օգնութեան դաշտը շատ ընդարձակուած է, ինչպէս նաեւ ակնարկուած հինգ հազար ընտանիքներուն համար սնունդի օժանդակութիւնը կազմակերպելը եւ արագ հասցնելու կարեւորութիւնը էական է, ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութիւնը ժամանակաւորապէս դադրեցուցած է արցախցիներու արձանագրութիւնները: Արձանագրումներու նոր թուականը պիտի յայտարարուի ՀՕՄ-ի Դիմատետրի էջին միջոցով:
Երկարաժամկէտ ծրագիրներու մասով յանձնախումբը ծրագրած է բանալ Ընկերային ծառայութեան կեդրոն, մատուցել հոգեբանական ծառայութիւն եւ բժշկական ծառայութիւն (Մօր ու մանկան ծննդատան օրինակով): Այս ծրագիրներու իրականացումը ուսումնասիրութեան փուլի մէջ է, եւ միջոցներ կ’որոնուին զանոնք լաւագոյնս նախաձեռնելու համար:
Իսկ կրթական-մշակութային աշխատանքները արդէն իսկ նախաձեռնուած են Համազգայինի եւ սկաուտական-երիտասարդական ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ) ճամբարներու միջոցով:
Պէտք է ընդգծել, որ ՀՕՄ-ի մարդասիրական այս ծրագիրներուն մէջ մեծ է ներդրումը ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան գրասենեակին եւ մասնաճիւղերուն, որոնք ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան ընդհանրական աշխատանքներուն (սնունդի արկղեր պատրաստել, բաժնել) մասնակցութիւն ունենալու զուգահեռ, առանձին օգնութիւններ կը ծրագրեն եւ կը տրամադրեն իրենց շրջապատին մէջ ժամանակաւոր բնակութիւն հաստատած արցախահայութեան: Այս իմաստով առանձին ներկայացուեցան ՀՕՄ-ի գրասենեակի եւ մասնաճիւղերու հարիւրաւոր ընտանիքներուն մատուցուած տարաբնոյթ օգնութիւնները:
Ժողովի վերջին բաժինին մէջ իր սրտի խօսքը արտասանեց եւ ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց ատենապետուհի Լիլիթ Մարտիրոսեանը: Ան իր գոհունակութիւնը յայտնեց ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան եւ մասնաճիւղերուն, որոնք գրկաբաց ընդունեցին եւ օժանդակեցին արցախահայութեան:
Արդիւնաւէտ այս զեկոյցէն ետք լուսաբանական հարցումներու առիթ տրուեցաւ: Ներկաները մեծ գոհունակութեամբ հրաժեշտ տուին՝ իրենց օգնութիւնը աւելի ընդարձակ եւ ոգեւորութեամբ շարունակելու պատրաստակամութեամբ: