Կեանքի ընթացքին իրարու հանդէպ կատարած մեր կարեւոր գործերուն մէջ առաջնակարգ տեղ կը գրաւէ դաստիարակութիւնը. ծնողքը՝ իր զաւակին, դաստիարակը՝ իր աշակերտին, մէկ խօսքով՝ մեծ սերունդը՝ նորեկին: Մանուկ տարիքէն սկսող այս անփոխարինելի գործը՝ դաստիարակութիւնը, որ տունէն կը ծաւալի, դպրոցական օրերուն կանոնաւորութիւն կը զգենու դաստիարակ ուսուցիչներու անմնացորդ սիրով տրուած կրթութեամբ:
Իսկական դպրոցը, սակայն, կեանքը ի՛նքն է՝ իր բոլոր տարօրինակութիւններով, վերիվայրումներով, յաջողութիւններով եւ դժբախտութիւններով, որոնցմէ վերապրելու կամքով օժտուած է մարդ էակը, որքան ալ յուսահատութեան պահեր անցընէ կամ նոյնիսկ վերապրելու յոյսը կորսնցնէ ան:
Պարագաներու բերումով, շատ մը մանուկներ առանց դպրոցական ուսման կը մնային անցեալին: Ներկայ քաղաքակիրթ եւ նոյնիսկ կարգ մը երրորդ աշխարհի երկիրներու մէջ նախնական, միջնակարգ եւ երկրորդական ուսումը դարձած է պարտադիր, իսկ համալսարանական ուսում ունեցող երիտասարդութեան ընձեռուած գործի առիթները պատճառ կը դառնան, որ անոնք միշտ փափաք ունենան համալսարանական վկայական ձեռք ձգելու:
Դաստիարակութեան գործադրութիւնը, կամ ընդունումը դաստիարակուողին կողմէ, ժողովրդային բառով
«հասունացում» կը կոչուի: Յատկապէս դաստիարակ ուսուցիչներ կը զգան այդ հասունացումը եւ իրենց կրթական ժողովներու ընթացքին, երբ իւրաքանչիւր աշակերտի վարքը քննարկման կ’ենթարկեն, իրենց վկայութիւնը կու տան անոնցմէ ոմանց մասին՝ ըսելով. «Բաւական հասունցած է»:
Բնութենէն առնուած այս օրինակը, սակայն, բնութեան մէջ հասունցած պտուղի իմաստը չունի, որ երբ շատ հասուննայ, ծառէն պոկուելով գետին կ’իյնայ: Սոյն օրինակը յաճախ կը գործածուի մահուան պարագային՝ ցոյց տալու, որ բոլոր մարդոց վերջը, հասուննալով դարձեալ հողին վերադառնալու ճակատագիրը պիտի ըլլայ: Սակայն այս պարագային, կեանքի պայքարին մէջ մտնելու պատրաստ եւ անոր մարտահրաւէրները դիմակայելու ուժը ունենալու ակնարկութիւն է.  այսինքն պատանին սկսեր է երիտասարդական կեանք թեւակոխել քաջութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ:
Կեանքի մէջ հակասութիւնները, կարծիքներու տարբերութիւնները, մօտեցումներու բազմերանգութիւնը միշտ պատճառ կը հանդիսանան, որ հակառակութիւններ ի յայտ գան, նոյնիսկ հարազատ մարդոց միջեւ: Նոյն հօր եւ մօր զաւակներ իրար դէմ կը պայքարին, այս կամ այն հարցին մասին իրենց ունեցած կարծիքներու տարբերութեան պատճառաւ: Երկար ժամանակ ետք, երբ կիրքերը հանդարտին, եւ պայքարը չքանայ՝ հակադիր կողմերը ցաւով կ’անդրադառնան, որ անիմաստ էր այդքան հակառակութիւն: Յաճախ անոնք նոր խելքի կու գան, որ չէր արժեր փոքր հարցի մը այդքան ծաւալ տալ եւ ձիւնագնդակի նման աճեցնել, եւ հարուածել տան ամէնէն խնկելի պատը՝ սիրոյ խորանը:
Վստահաբար բոլորս ալ ճանչցած ենք մարդիկ, ըլլա՛ն անոնք հարազատներ կամ բարեկամներ, ծանօթներ՝ մեր շրջապատին մէջ անձեր, որոնք ընկեր ընտրելու մէջ ձախողած են: Այսպիսիներ վերջաւորութեան խաբուած ըլլալու զգացումով՝ յուսալքման պահեր ապրած են եւ երբեմն ներանձնական կեանքի դիմելով, հեռու մնացած ընկերական շրջանակէն: Ասոնք զարմանալիօրէն յստակատես մարդիկ են, սակայն ո՛չ թէ մարդ ճանչնալու առումով, այլ ամէն ինչի մէջ յստակութիւն փնտռելու իմաստով: Երբ անձի մը նային, անոր մէջ միշտ անկեղծութիւն կը տեսնեն, քան խորամանկութիւն կամ վատութիւն: Մէկ խօսքով, ապագայի նկատմամբ լաւատես մարդիկ են այս անձերը եւ ճիշդ այդ պատճառով կը հիասթափուին:
Ասոնք կը սիրեն այնպիսի անձեր, որոնք ո՛չ միայն ապագայի մասին կը խօսին՝ օգտագործելու համար զիրենք, այլ կ’ուզեն ապագային մէջ տեղ տալ նաեւ իրենց: Այս առաքինութեան կամ երախտագիտութիւն կոչուածին մասին մտածող կ’ըլլա՞յ արդեօք, երբ յաջողութիւնը ամէնօրեայ երջանկութիւն է դարձեր արդէն: Այո՛, կեանքը իսկապէս երանելի կ’ըլլայ այն մարդուն, որ իր հարազատ ընկերոջմէն խոյս չի՛ տար որոշ պարագաներու, այլ ընդհակառակը միակ ապաստանը անոր երդիքը կը համարէ, նեղութեան մատնուած պահերուն:
Հաւանաբար կեանքի դժուար ըլլալուն մասին այսքան չէին գիտեր մարդիկ, երբ կ’ապրէին գիւղական պայմաններու նեղ շրջանակին մէջ: Բազմամարդ քաղաքները եւ ընկերային բարդ շրջագիծը ամէն ինչ փոփոխութեան ենթարկած է ներկայիս: Զարգացածը եւ տգէտը, զիրար չճանչցող մարդիկ երբեմն սեղանակից կը դառնան իրարու, մէկուն անմակարդակ զրոյցը եւ անհամ կատակները, եւ միւսին հաւասարակշռուած խօսքն ու օրինակելի վարքը դէմ յանդիման դնելով նոյն սեղանին վրայ: Այստեղ ի յայտ կու գան երկու կամ աւելի մակարդակներ, երբ մէկը չ’ուզեր նոյնիսկ լսել ըսուած խօսքը, իսկ միւսը՝ նոյնիսկ անհամաձայն ըսուածին, կը լսէ ըսուածը եւ լուռ կը մնայ: Խօսելու պարագային իսկ, այս վերջին խումբին պատկանողներ մեղմ ձայնով կ’արտայայտուին, առանց շեշտելու իրենց տեսակէտը: Դիմացինը ճանչնալու շնորհքն է այս, որմէ զուրկ են ոմանք:
Իրենց տեսակէտներուն վրայ պնդող մարդիկ բնա՛ւ չեն կրնար նոր սկիզբ մը, կամ նոր որակ մը տալ իրենց կեանքին: Իրենց իմացածին ինքնավստահ ողորմելիներն են ասոնք, որոնց միտքը փակուած եւ ապագայի հայեացքը կարճատես դարձած է:
Ե՞րբ կը հասուննան մարդիկ:
Գլխաւոր հարցումը այս է: Պատանութեան տարիքին դաստիարակ ուսուցիչը հետեւած ըլլալով երեխայի զարգացման, իր կարծիքը կը յայտնէ: Սակայն կեանքի դպրոցին մէջ ո՞վ պիտի հաստատէ, որ այսինչ կամ այնինչ անձը արդէն հասունցած է: Դժուար է գտնել մէկը, որքան ալ հարազատ կամ մտերիմ ըլլայ ան, որ իր ծանօթ կամ բարեկամին հասունցած ըլլալը վճռէ: Ենթական արդէն որոշ տարիք ունենալով, կրնայ նոյնիսկ վիրաւորուիլ նման հաստատումէ մը…։ Ուրեմն, իւրաքանչիւր անձ ինք պիտի որոշէ, թէ հասունցա՞ծ է կամ ոչ: Այս քննութիւնը անցընելու ձեւեր կան անշուշտ: Ամէն մարդ հոգեբանական վերլուծում կատարելու մասնագիտութիւն չունի, սակայն իւրաքանչիւր անձ ինքզինք լաւ ճանչնալով, գիտէ իր տկարութիւնները, բայց շատեր իրենց սեփական կարողութեանց մասին գաղափար չունին: Մէկը պէտք է յիշեցում կատարէ, որպէսզի անդրադառնան, որ այս կամ այն կարողութեան տէրն են իրենք:
Այո՛, կան կարեւոր եւ երեւելի փաստեր, որոնք հասունցած ըլլալդ բացայայտօրէն ցոյց կու տան: Անոնցմէ գլխաւորը այն է, որ սկսիս անդրադառնալ, որ երբեմն լուռ մնալը աւելի կարեւոր է, քան ընկերային շրջապատիդ մէջ պատահած այս կամ այն իրողութիւնը փաստելու ջանքդ:
Նման հասունութիւն նաեւ պատճառ կը դառնայ, որ ուրիշներու մասին չարիք չխորհելու առաքինութիւնը որդեգրէ մարդ: Սակայն եթէ անոնք իսկապէս արժանի են պատիժի, աւելի լաւ է անոնց մասին բնա՛ւ չմտածել…։ Ահա՝ հասունցած ըլլալու բացայայտ գլխաւոր նշանը:
Գրիգոր Արք. Չիֆթճեան