Սուրիոյ հիւսիսը ու Հայաստանի արեւմուտքը գտնուող մեր դարաւոր ոսոխին՝ Թուրքիոյ մէջ 1980 թուականին, տեղի ունեցաւ զինուորական պետական յեղաշրջում, ու նախագահ դարձաւ զօր. Քենաան Էվրեն (1980-1989): Անոր օրով վարչապետութեան աթոռը զբաղեցուց Թուրկութ Էօզալ (1982-1989), ապա ան նախագահ դարձաւ (1989-1993):
Թուրկութ Էօզալ այն մարդն էր, որ իր կատարած պատմական այցելութենէն՝ դէպի արեւելքի թրքախօս երկիր, վերադարձին յայտարարութիւն մը կատարեց՝ ըսելով. «Հայերը պատմութենէն դաս չեն քաղած»: Արցախի գոյապայքարի, ապա ազատագրական պայքարի օրերն էին, եւ Էօզալի յայտարարութիւնը կը զուգադիպէր ու կ’առնչուէր Արցախի պայքարին:
Մեր ազատամարտիկներու յաղթանակները սկսան այդ օրերէն, այդ յայտարարութենէն ետք, երբ փոխուեցաւ Ռուսիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը Թուրքիոյ հանդէպ: Թէ ինչո՞ւ. հարցումը պէտք է ուղղել թերեւս Մոսկուային, մանաւանդ անոր այդ օրերու պաշտպանութեան նախարար զօր. Շափոշնիքովին:
Զօր. Էվրենի յեղաշրջումը յաջորդած էր 1970-ականներէն ետք, Պուլենթ Էճէվիտ-Սուլէյման Տեմիրէլ վարչապետներուն մրցավազքերուն, երբ արդէն սկսած էին քրտական ազատագրական շարժումները ուժեղանալ, ինչ որ աւելի լուսարձակ կը սփռէր Թուրքիոյ քաղաքական բեմին վրայ:
Աւելորդ նշում պիտի չըլլայ աւելցնել, որ Էօզալի ժամանակաշրջանին իրարու յաջորդեցին՝ Մեսուուտ Եըլմազ, Նեճմէտտին Էրպաքան ու Թանսու Չիլլեր, մինչեւ 1999, երբ սկսաւ Ապտիւլլա Կիւլ – Էրտողան ժամակաշրջանը:
Զօր. Քենաան Էվրենի օրերուն Սուրիոյ հետ Թուրքիոյ սահմանային իրավիճակը շատ անհանգիստ էր: Անցեալ դարու 50-ական թուականներուն սահմանային ապահովութեան համաձայնագիր մը կնքուած էր Սուրիոյ (Էտիպ Չիչեքլիի օրերուն) եւ Թուրքիոյ միջեւ, որով Թուրքիա յաձնառութիւն ստանձնած էր իր բանակով հսկելու եւ ապահով դարձնելու սահմանը, որուն դիմաց Սուրիա յանձն կ’առնէր միայն ոստիկանատուներ կառուցել ու ոստիկաններով կատարել սահմանային հսկողութիւնը:
Վերոյիշեալ համաձայնագրին պատճառով, Էվրենի օրերուն, սահմանին հաստատուած թուրք զինուորները դարձած էին շփացած ու յարձակողապաշտ: Ամէնօրեայ ոտնձգութիւնները անպակաս էին նոյնիսկ ծննդավայրիս՝ Քեսապի սահմանային հատուածին վրայ:
Զօր. Էվրենի իշխանութեան վերջին տարիներուն Թուրքիոյ մէջ սկսան փչել «թրքավարի» ժողովրդավարութեան հովեր:
Սուրիոյ հետ յարաբերութիւնները համեմատական մեղմացում ապրեցան, որուն յաջորդեց սահմանային վայրերու վրայ գտնուող բնակավայրերու բնակչութեան փոխադարձ հանդիպումներ՝ երկուստեք: Այս հանդիպումները անոնք «կէօրըշմա» (տեսակցութիւն՝ թրքերէն) կը կոչէին: Քեսապ ալ «բախտը» ունեցաւ «վայելելու» կէօրըշմաներ:
Այսօր անկարող եմ վերյիշելու ճշգրիտ թուականը, սակայն պայծառօրէն կը յիշեմ, որ «կէօրըշմայի» մը ընթացքին Քեսապ ժամանած էր Քեսապի հանդիպակաց կողմը գտնուող թրքական Եայլատաղ քաղաքին քաղաքապետը: Կարճ ու սատանայածին ծերուկ աղուէս մըն էր ու ման կու գար հրապարակին վրայ՝ դիտելով վաճառատուներու ցուցափեղկերը:
Այստեղ շունչ մը քաշելով՝ ըսեմ, որ Եայլատաղը, նախքան Ալեքսանտրեթի նահանգը (Սանճագը), Սուրիայէն խլուելով եւ Թուրքիոյ նուէր տրուելով՝ «հոգատար» ասպետական ֆրանսական իշխանութիւններուն կողմէ, կը կոչուէր Օրտու, որուն բնակիչները միայն թուրքեր չէին, այլ հոն կը բնակէին յոյներ, քրիստոնեայ եւ ալեւի արաբներ:
Եայլատաղի վերածուած Օրտուն Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն քեսապահայութեան տարագրութեան առաջին հանգրուանն էր: Անկասկած որ գայմագանիստ Օրտուի եւ մերձակայ բնակավայրերուն թուրքերը ձիթենիի ոստերով չէին դիմաւորած տարագրեալները, ընդհակառակը, գործած էին ամէն տեսակի խժդժութիւններ ու վայրագութիւններ, ապա նաեւ կողոպտած էին Քեսապը իր գիւղերով, միայն թէ հրդեհի չէին տուած, ինչպէս կատարած էին Ատանայի կոտորածներուն ժամանակ (1909-ին):
Ա. Աշխարհամարտի աւարտէն ետք, նախքան ֆրանսական բանակային ուժերու Քեսապ եւ աւելի անդին հասնիլը, շրջանին մէջ կը տիրէր անիշխանութիւն եւ անապահովութիւն: Թրքական հրոսակախումբերու ասպատականութիւնները անպակաս էին վերստին ապրելու համար մաքառող Քեսապին մէջ:
Այդ ժամանակաշրջանին (1919-1922) քեսապցիք կազմած էին Ազգային միութեան իշխանութիւնը, որուն ողնաշարը ՀՅԴ-ն էր, եւ որուն բազուկի ուժը հանդիսացած էին դաշնակից բանակներուն մէջ ծառայած ու անկէ հեռացած քեսապցի կամաւորները, մարտիկները (տե՛ս Հայկազ Թրթռեանի «Քեսապի Պզտիկ Հանրապետութիւնը» գիրքը):
Ազգային միութեան իշխանութիւնը յանձնառու կ’ըլլայ իր կամաւորներով վնասազերծելու շրջանը այդ հրոսակախումբերէն, որոնց գլխաւոր որջը դարձած էր Եայլատաղ-Օրտուն, ուստի ան ալ կը ստանայ իր բաժինը այդ վնասազերծումէն: Այդ մէկը ապահովութիւն կու տայ նոյնիսկ Քեսապէն դուրս յոյն ու արաբ բնակչութեան:
«Կէօրըշմայի» եկած աղուէս քաղաքապետը, ըստ երեւոյթին, քաջատեղեակ էր վերոյիշեալ պատմութենէն, ու երբ մենք մեր անճոռնի ու կոտրած թրքերէնով հետը որպէս թէ «մտերմիկ ու անկեղծ» զրոյցի բռնուեցանք, ան յանկարծ հարց տուաւ.
– Ո՞ւր կը գտնուի Քեսապի «գրադխանան»:
Իր փնտռածը Քեսապի Ժողովրդային տունն էր, որուն մէջ գտնուող հինաւուրց գրադարանին պատճառով քեսապցիք զայն ակումբ անուանելու փոխարէն «Գրադարան» կը կոչէին:
«Գրադխանա»՝ գրադարանը ՀՅԴ-ի ակումբն էր: Ու ծերունի քաղաքապետին փնտռածը Դաշնակցութեան ակումբն էր, Ազգային միութեան Իշխանութեան գոյատեւութենէն 80-85 տարիներ ետք:
Անոր սրտին ու մտքին մէջ առկայ էր Դաշնակցութեան առթած վախը:
Վերոյիշեալ երկար յառաջաբանէն ետք, որպէս մէկը, որ քաջածանօթ է հայոց թէ Դաշնակցութեան պատմութեանց, ու ակնարկս միշտ սեւեռած՝ (նոյնիսկ Քեսապէն) մերօրեայ ժամանակներուն ու ելեւէջներուն վրայ, ես ինծի հարց կու տամ.
– Ո՞վ կը վախնայ ՀՅԴ-էն:
Անկասկած որ 133-ամեայ Դաշնակցութիւնը նոյնը չէ ու չի կրնար ըլլալ մէկ ու քառորդ դարու տասնամեակներէ ի վեր: Հայ կեանքի դրական թէ ժխտական յարափոփոխ իրավիճակէն անջատուած ու անցեալին մէջ խրած չի կրնար ըլլալ
ՀՅԴ-ն:
Հիմա մենք կ’ապրինք 21-րդ դարուն մէջ՝ իր միջազգային թէ ազգային, քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային պայմաններով, ու չենք կրնար մենք մեզ տեղաւորել տասնամեակի մը մէջ:
Սակայն 133-ամեայ Դաշնակցութեան ազգային գաղափարախօսութիւնը նո՛յնն է. ան միայն բարեփոխուած ու պարզեցուած է, անոր ազգային խորքն ու բովանդակութիւնը նո՛յնն է:
Եթէ ազգութեան էութիւնը ունի հիմնաքարեր, անոնք են՝ լեզուն, պատմութիւնը, դարաւոր կեանքի պատմական հողաշերտը, հոգեղէն հարստութիւնները, կրօնը, հաւատալիքներն ու ապագայի համար անոր տեսիլքները, եթէ ասոնք հայ ազգին ինքնութիւնը կազմող բաղադրիչներն են, ապա ՀՅԴ-ն զանոնք դարձուցած է իր գաղափարախօսութեան առանցքը, հիմքն ու յանձնառու եղած է պահելու, պահպանելու ու գործադրութեան դնելու զանոնք: Եւ այդ յանձնառութիւնն է, որ զինք պահած-պահպանած է ու առաջնորդած, անցնող 133 տարիներուն:
Այդ ազգային գաղափարախօսութիւնն է, ուժն է, որ զայն՝ ՀՅԴ-ն, միշտ պահած է ազգային պատնէշին վրայ՝ Հայաստանի, Արցախի ու Սփիւռքի տարածքներուն:
Այդ գաղափարախօսութիւնն էր, որ զինք առաջնորդեց արցախեան գոյապայքարին, ազգային ազատագրական
պայքարին:
Դաշնակցութեան գաղափարախօսութիւնը զինք առաջնորդեց հանդիսանալու հայութեան պաշտպանը Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն թէ այլ վտանգուած բնակավայրերուն մէջ:
Նոյն յանձնառութեամբ ան պաշտպանը դարձաւ 1970-ական թուականներէն ետք Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումին դիմաց քաշուած լռութեան պատ քանդելու սփիւռքեան զինական պայքարի՝ ցեղասպանութեան արդարութեան եւ հատուցման պայքարի ելած հայորդիներուն եւ յաճախ ալ իր գաղափարներով սնուցած է զանոնք:
Դաշնակցութիւնը այդպէս եղած է ու կը շարունակէ այդպէս մնալ ցայսօր:
Արեամբ հաստատուած ու փաստուած իրողութիւն է, որ Դաշնակցութեան ազգային, անարատ ու անսակարկ գաղափարախօսութիւնը ուժ է, որքան ալ իր աշխարհացրիւ կառոյցները ազդուին համաշխարհային մակընթացութիւններէն թէ տեղատուութիւններէն:
Իր ազգային գաղափարախօսութիւնը ուժ է՝ պահելու ու պահպանելու, ապա նաեւ հզօրացնելու մեր ազգային ինքնութիւնը, որքան ալ դաժան ըլլան մեր ազգին գլխուն տեղացող ամէնօրեայ հարուածները:
Դաշնակցութեան ազգային գաղափարախօսութիւնը անառարկելի պաշտպան ուժն է իսկական ազգային դաստիարակութեան ու կրթութեան հայեցակարգին, որ ահ ու սարսափ կը պատճառէ արտաքին ու մանաւանդ ներքին ապազգային ուժերուն՝ սկսած աւատատիրական, դրամատիրական, ազատական, համայնավարական ու նոր-համայնավարական ուժերուն՝ թշնամիներուն:
Արցախի դժբախտ հայաթափման իրականութեան դիմաց, հայութեան մռայլ իրականութեան դիմաց, մերօրեայ ապազգային իշխանութիւնները խորքին մէջ Դաշնակցութեան հոգեղէն ուժերէն, ազգային գաղափարախօսութենէն է, որ կը վախնան, կը վախնան իսկական ազատ, անկախ ու միացեալ (Արցախը ներառեալ) Հայաստանի մը տեսիլքէն, որուն կը ձգտի ՀՅԴ-ն:
Ցեղասպանութեան հատուցման, պահանջատիրութեան հոգեղէն ուժն է անոնց վախի աղբիւրը:
Ինծի համար անհասկնալի է ու այդպէս կը մնայ հայրենի իշխանութիւններուն քաղաքական վարքագիծը, թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս կը յանդգնին քանդել մեր հոգեղէն ազգային բերդը:
Երբ «ազգային» գաղափարը կ’ընդգծեմ, միշտ հեռու կը մնամ նացիական-ֆաշական իմաստներէն:
Վերջերս ականջալուր եղանք, որ Հայաստանի վարժարաններուն 7-րդ կարգերուն համար պատրաստուած հայոց պատմութեան դասագիրքերուն մէջէն վերցուած ու խեղաթիւրուած են այնպիսի իրողութիւններ, որոնք կու գան ջուր լեցնելու թշնամիին ձգտումներուն, որոնք կ’աշխատին կասկածի տակ առնել հայկականն ու հայութիւնը: Թշնամին գիշեր ու ցերեկ, հետեւողականօրէն կ’աշխատի խեղաթիւրել հայոց պատմութեան իրողութիւնները, աւելի՛ն. կ’աշխատի վերացնել հայութիւնն ու Հայաստանը: Իսկ մենք ասոր դիմաց, փոխանակ ամրապնդելու մեր հոգեմտաւոր բերդը, զայն մաս առ մաս կը փլուզենք:
Այսպէս, թշնամին մեր կրթական համակարգը ողողած է հակահայ շինծու գաղափարներով: Օր ու գիշեր կը քանդէ մեր ազգային հարստութիւնները, եկեղեցիները, խաչքարերը, պատմական կոթողները: Պատմութիւնը խեղաթիւրելով՝ Երեւանը կ’անուանափոխէ Էրիվան (կամ Իրիվան) ու կոչ կ’ընէ զայն բռնագրաւելով իւրացնելու, ա՛լ ինչ խօսք բարձրիկ Սեւանին մասին: Թշնամին կ’իւրացնէ մեր երգը, պարը՝ հասնելով մինչեւ մեր խոհանոցը: Իսկ մենք ի՞նչ կ’ընենք մեր ինքնութեան միջնաբերդը՝ հայոց պատմութիւնը, մեր պաշտպանողական հզօրագոյն աշտարակը կանգուն պահելու:
Գրութիւնս չեմ ուզեր ծանրաբեռնել քաղաքական վերլուծումներով. զանոնք իմս չեմ սեպեր, այլ կը թողում քաղաքագէտներուն:
Սակայն, որպէս հայ, որպէս ազգային ու դաշնակցական հայեցակարգի տէր անձ, հաւատացած եմ, որ մեր ազգային գաղափարախօսութիւնն է, որ ահ ու սարսափ կը պատճառէ ներսի թէ դուրսի թշնամիներուն: Եւ անոր համար է, որ անոնց հարուածները կ’ուղղուին այդ գաղափարախօսութեան: Անոր համար է, որ անոնք կը վախնան «հոգեղէն» Դաշնակցութենէն:
Երբ «հայեր ենք», կ’ըսենք, ալ ի՞նչ գաղափարախօսութեան պարտինք ծառայել, «կեր, արբ ու լեր» գաղափարախօսութեա՞ն, թէ՞ «Ույ աման, ույ աման, թագաւոր լինելուց լաւ բան, կեր-խմի քէֆ արա շարունակ, աշխարհը խալի է, ոտքիդ տակ»:
Այստեղ աւելորդ չեմ նկատեր մէջբերել Միացեալ Նահանգներու նախագահներէն Ռոլանտ Ռիկընի մէկ նշանաւոր ճառը:
Ճշգրիտ թուականը չեմ կրնար մտաբերել, սակայն Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի բռնագրաւումի տարիներուն էր, երբ Լիբանանեան դիմադրութիւնը, որուն մէջ գերակշիռ տեղ գրաւած էին շիի դաւանանքին պատկանող մարտիկներ, եւ անոնք անձնասպանական արարքներով կը պայքարէին Լիբանանէն հեռացնելու Իսրայէլի բանակը: Այդ ժամանակահատուածին կը զուգադիպէր իր ճառը:
Ան մօտաւորապէս այսպէս կ’արտայայտուէր.
– Մենք ամէն ինչ կ’ընենք, որ մեր զինուորներուն կեանք ապահովենք՝ զանոնք լաւապէս սպառազինելով, մինչ անոնք մահը առած են որպէս ռազմավարական, դաշնակից՝ իրենց նպատակին հասնելու համար, որուն դէմ մենք համարեա՛ անզօր ենք:
Այսինքն ան կ’ակնարկէր, որ անոնք գաղափարի մարտիկներ էին՝ հայրենիքի թէ կրօնի գաղափարախօսութեամբ տոգորուած: Ու անոնք յաղթեցին. մահուամբ զմահ կոխելով՝ Լիբանանէն դուրս շպրտեցին թշնամին ու ցայսօր կը պայքարին գուցէ նուազ քան 200 քառ. քմ գրաւուած տարածքները ազատագրելու: Տեսէ՛ք անցնող օրերուն անոնց կատարած հերոսութիւններն ու սխրանքները՝ ի զօրակցութիւն Պաղեստինի իրենց եղբայրներուն: Այլ խօսքով, իրենց որդեգրած գաղափարախօսութիւնը (1980-ական թուականներէն) զանոնք մղեց հասնելու յաղթանակի, ու թշնամին ցայսօր կը պահեն սարսափի մէջ:
Իրենց ազգային-կրօնական-հայրենասիրական գաղափարախօսութիւնը ոչ միայն անառիկ բերդի վերածեց զիրենք, այլ նաեւ մղեց, որ ստանան կամ ստեղծեն այն մոգական զէնքերը, միջոցները, որպէսզի երէկուան հեքիաթային-յաղթական թշնամին այսօր բռնէ եթէ ոչ պարտութեան, այլ գոնէ ինքնապաշտպանութեան ճանապարհը:
Զարտուղի հարցադրում մըն ալ աւելցնելով՝ Լիբանանի այդ թշնամին (եւ պաղեստինցիներուն թշնամին) ան չէ՞ր, որ զինեց մեր արեւելեան ոսոխը, որ ոտնատակ ըրաւ մեր Արցախ հայրենիքը:
Հասունցած չէ՞ պահը հաւաքուելու, բոլորուելու մեր ազգային գաղափարախօսութեան շուրջ, թէկուզ՝ իւրաքանչիւրը իր երանգներով, հայութեան անխորտակելի միջնաբերդին շուրջ:
Նորէն հարց կու տամ.
«Ո՞վ կը վախնայ ՀՅԴ-էն»:
* * *
Որպէս վերջաբան. վերոյիշեալ խորագիրը տեսնողը պահ մը կրնայ հարց տալ, թէ այս օրերուն ինչո՞ւ այս վերնագիրը:
Գուցէ գտնուին մարդիկ, որոնք քմծիծաղով կարդան, թերեւս զայրացողներ ըլլան, ծիծաղողներ ու հեգնողներ ալ, կամ՝ պարսաւողներ:
Բայց անպայման պիտի ըլլան յարգելիներ, որոնք նոյն ցաւով կը տառապին:
Սակայն կը մնայ մեր միջնաբերդը՝ ազգային գաղափարախօսութիւնը, Դաշնակցութեան գաղափարախօսութիւնը:
Այդ մէկն ալ՝ ահ ու վախ պատճառողը:
Կարօ Վ. Մանճիկեան