ուշ եկայ քեզի,
եկայ ակամայ,
հոն, ետիս ձգած,
շատ բան սիրելի.
չմտերմացանք:

Այո, տարիներ
Աղիքներուդ մէջ՝ գետնուղիներուդ,
ճամբորդած էի,
սակայն երազած
այլ քաղաք մը ծովեզերեայ
ու արեւոտ:

Մի քանի համեստ
արուարձաններուդ
բոյն հաստատեցի,
փորձեցի մտնել
աշխարհդ ուրոյն,
սակայն նոյնը չէր,
դեռ ռունգերուս էր
բոյրը շոճիի,
առինքնող կանչը
կապոյտ ջուրերուն:

Տերեւաթափներ՝
բոցավառ, ոսկի թխկենիներու
պղինձ ու ժանգի
կը վերածուէին,
իսկ ձիւնն սպիտակ,
խիստ, բեւեռային
հոսանքներու հետ,
ամէն ինչ կարծես
կը սառեցնէին:

Ընտանիքս եւ
աշխարհն գիրքերուս
պիտի շատ յաճախ ջերմացնէին,
կենդանացնէին՝
ինչ որ սպիտակ
շղարշով ծածկուած
քաղաքը կարծես
մեզ ձմեռնաքունի
կը փորձէր տանիլ:

Գուցէ որդիներս,
որ այստեղ մեծցան
զգան հարազատ
քու աշխարհիդ հետ,
ինչպէս ես այնքան
հանգիստ կը զգայի
երկրիս հետ նախկին,
որ հիմա չկայ,
փոխուած է այնքան
կ’ապրի միմիայն
յիշողութեանս
խամրող էջերուն:

Յարութիւն Պէրպէրեան