(ՀՅԴ 133-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

«Մենք Անկեղծ զինուոր ենք առանց ի վիճակ,
Ուխտել ենք ծառայել երկար ժամանակ»:
Մենք՝ հայ ազգին պատկանող զաւակներս, ազգին ի խնդիր խորհող եւ գործող դաշնակցականներս, անկեղծ զինուորներ ենք, առանց անձնական շահ փնտռելու, կամ փառք որոնելու, ազգին գերնպատակներուն հաստատումի ճամբուն վրայ պայքարող, մաքառող, նոյնիսկ մեր կեանքին գնով կռուողներ ենք:
«Առանց ի վիճակ» կը նշանակէ որ ազգին համար մեր պայքարի միջոցները ընտրած ենք իբր մեր կամքին արտայայտութիւնը: Մեր քաղաքական արեւելումը հիմնուած է ազգին եւ հայրենիքին շահերուն վրայ:
«Ուխտել ենք ծառայել երկար ժամանակ». մեր պայքարի ընթացքը կապուած չէ ժամանակի հետ, նաեւ մատուցուած չէ նիւթական ակնկալութեամբ, ճիշդ անոր համար ծառայութիւնն է մեր նպատակը՝ երկար ժամանակի վրայ փռուած անփոխադարձ ծառայութիւնը: Այստեղ կը կայանայ, աւելին՝ կը պայծառանայ մեր պայքարի անկեղծութեան իմաստը:
«Ծառայել երկար ժամանակ» հասկացութիւնը կը մարմնաւորուի տարբեր պատկերներով:
Երբ ազգային զարթօնք կար՝ մենք անոր ատաղձն էինք:
Երբ հայկական նահանգներուն մէջ ընկերային, տնտեսական բարենորոգման հարց կար՝ մենք անոր համար պայքարը հրահրողներն էինք:
Երբ թրքական չարիքը կը ծանրանար հայ մարդուն ինչքին եւ հոգիին վրայ՝ ազատագրական եւ ինքնապաշտպանական պայքարի կազմակերպիչներն ու գործադրողներն էինք:
Երբ ցարական բռնակալութիւնը կը տրորէր ազգային եւ եկեղեցապատկան կալուածները՝ մենք անոր յախուռն հակադարձողներն էինք:
Երբ Ցեղասպանութիւն, կոտորած կար՝ մենք անոր առաջին զոհերն էինք:
Երբ հայրենակերտման հարց կար՝ մենք անոր հիմքերը հաստատողներն էինք:
Երբ Հայոց Ցեղասպանութեան թէ՛ թրքական, թէ՛ միջազգային ուրացում կար՝ մեր ընտրեալները իրենց արիւնով
միջազգային ուշադրութեան արժանացուցին զայն:
Երբ Արցախի ինքնորոշման հարց կար՝ մենք անոր պայքարին մասնակցողներն էինք, հայրենի կոչին արձագանգողներն էինք:
Երբ Լիբանանի թէ Սուրիոյ մէջ հայ ազգի ֆիզիքական գոյութիւնը վտանգուած էր՝ մենք անոր ապահովման ինքնազոհերն էին:
Երբ վերանկախացման հարց կար՝ դէպի երկիր կոչ ուղղողներն էինք:
Այս ամբողջն ենք մենք, տակաւին պարտութեան ժամանակ, առանց յուսահատելու, առանց վարդագոյն արշալոյսին ճաճանչի իրողութիւնը տեսնելու, սակայն անոր տրամաբանական եւ շարունակուող ընթացքը ոյժի մէջ պահելու պարտաւորութեամբ նաեւ գոհունակ աշխատանքով բաւարարուողներն ենք, կը մնանք այդպէս երկար, շատ երկար ժամանակ:
Այժմ երբ ազգային արժէքներուն դէմ ստուերներ ցցելու հարց կայ՝ մենք դիմադրողներն ենք, ազգը եւ իր արժէքները պաշտպանողներն ենք, այս տագնապալի պայքարին մէջ առաջին գիծին կանգնողներն ենք:
Ու դեռ գալիք հարցերուն եւ անակնկալներուն դէմ ծառացողներն ենք՝ անյայտ ժամկէտի, կատարած մեր ուխտին՝ համապատասխան եւ համազօր:
Արամ Աւագեան