Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղը քաջ գիտակցելով, որ հայ երգն ու երաժշտութիւնը մեր ազգային դիմագիծը պահպանող կարեւորագոյն ազդակներէն են, այս տարի եւս կազմակերպեց «Կիլիկիա» երգչախումբի ելոյթը:

Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Բեդիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Եպս. Աշգարեանի, ներկայութեամբ Հայ Աւետարանական համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ.Յարութիւն Սէլիմեանի, Համազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Կարօ Մանճիկեանի, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան անդամներու, Ազգային Վարչութեան անդամ Սնպուլ Սնպուլեանի, հոգեւոր հայրերու, միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ քեսապահայ հոծ բազմութեան մը, Շաբաթ, 9 Դեկտ. 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Սարդարապատ» սրահէն ներս ելոյթ ունեցաւ «Կիլիկիա» երգչախումբը:

Զոյգ քայլերգներու երգեցողութենէն եւ Տէրունական աղօթքէն ետք մէկ վայրկեան յոտնկայս ներկաները յարգեցին նահատակներու յիշատակը։

Բացման խօսք արտասանեց Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Արա Քէշիշեան, որ իր խօսքին մէջ նշեց Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին առանձնայատկութիւնները, յայտնելով որ ան եղած է .«վերանորոգիչ հայ եկեղեցւոյ, համամիութենական շարժումի ռահվիրայ, Աստուածաբան, բանաստեղծ, երաժշտագէտ, երգահան, շարականագիր եւ տաղասաց: Ան հեղինակն է մեր գեղեցկագոյն շարականներուն: Շնորհալի Հայրապետին նուիրումը Աստուծոյ, հայրենասիրութիւնն ու կառչածութիւնը սրբազան ու հայրենաւանդ արժէքներու ուղեցոյց կը հանդիսանայ մեր այս դժուար օրերուն մեր գոյատեւմանը»:

Ընկերը անդրադառնալով Համազգայինի 95-ամեակին ըսաւ. «Համազգայինը 95 տարի շարունակ աշխարհասփիւռ հայ գաղութներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ դաստիարակեց սերունդներ, կրթեց եւ կազմաւորեց երիտասարդներ ազգային եւ հայրենասիրական արժէքներով»: Ան իր խօսքին աւարտին յատուկէն շնորհակալութիւն յայտնեց «Կիլիկիա» երգչախումբի ղեկավար Քեսապի Հայ Առաքելական համայնքի հոգեւոր տեսուչ՝ Հայր Անդրանիկ Վրդ. Քիւրիւմեանին իր տարած տքնաջան եւ նուիրեալ աշխատանքին, որ մէկուկէս ամսուայ ընթացքին յաջողեցաւ համախմբել, կազմակերպել, սորվեցնել եւ պատրաստել այս համերգը, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց դաշնակահար Տիկ. Անի Պօմուշաքեանին եւ Կիլիկիա երգչախումբի անդամներուն, անոնց պատրաստակամութեան եւ բարի կամքին: Յաջողութիւն եւ նորանոր ձեռքբեռումներ մաղթեց մասնաճիւղին:

Երգացանկի առաջին բաժինը կը պարունակէր փունջ մը հոգեւոր երգեր եւ շարականներ, որոնց մեծ մասը գրուած է Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետին կողմէ, իսկ երգացանկի 2-րդ բաժինը ազգային եւ ժողովրդային երգեր, որոնք պատմական արժէք եւ կարեւորութիւն կը կրեն մեր պատմութեան մէջ:
Ուշագրաւ էր մենակատար օրդ. Սալբի Թիթիզեանի հիանալի կատարողութիւնը « Նոր Ծաղիկ»շարականին եւ «Երազ իմ երկիր» երգին: Օրդ. Թիթիզեանի գեղեցիկ ձայնին ելեւէջները հանդիսատեսին մօտ յուզում յառաջացուցին եւ սրահը թնդաց բուռն ծափողջոյններով:

Ելոյթի աւարտին ընթերցուեցաւ շնորհաւորագրեր Համազգայինի Ս. Շրջանային վարչութեան եւ Համազգայինի Լաթաքիոյ «Վահան Նաւասարդեան» մասնաճիւղին կողմէ:
Ապա մասնաճիւղի ատենապետը ծաղկեփունջով եւ յուշանուէրով մը յայտնեց վարչութեան երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը դաշնակահար Անի Պոյմուշաքեանին, որմէ ետք ընթերցուեցաւ շնորհաւորագիր մը Հայր Անդրանիկին ծնողքին կողմէ, ապա ծաղկեփունջով եւ յուշանուէրով մը պարգեւատրուեցաւ նաեւ Հայր Սուրբը ու «Կիլիկիա» երգչախումբի անդամներուն կողմէ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ անոր:
Աւարտին Գերաշնորհ Տէր Մակար Եպս. Աշգարեան իր հայրական օրհնութիւնն ու սրտի խօսքը ուղղեց ու ըսաւ.
«Բոլոր երգերը եւ շարականները, որոնք երգուեցան, մեր նկարագիրը կը կազմեն, պատգամ մը ունին մեզի փոխանցելիք։ Մեր հայրերու, մեր սրբազան նահատակներու, մեր տիտաններու հոգիէն ժայթքող աղօթքները, շարականները եւ երգերը կու գան մեզ զօրացնելու եւ քաջալերելու այս մեր դժուար օրերու եւ դիմագրաւուած մարտահրաւէրներուն դիմաց»:
Իր խօսքի աւարտին Սրբազան հայրը բարձր գնահատեց Հայր Սուրբին նուիրական աշխատանքն ու զոհողութիւնը եւ գնահատեց Հայր Սուրբը լանչախաչով մը, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց «Կիլիկիա» երգչախումբին անդամները, անոնց եռանդն ու կամքը, որոնցմով ան մէկուկէս ամսուան ընթացքին պատրաստուելով հիանալի համերգով ներկայացաւ:
Մակար սրբազան նորհաւորեց Համազգայինի 95-ամեակը եւ «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի 35-ամեակը, մաղթեց նորանոր յաջողութիւններ եւ նուաճումներ, ապա «Պահպանիչ» աղօթքով եւ Կիլիկիա մաղթերգի երգեցողովթեամբ վերջ գտաւ օրուան հանդիսութիւնը:

Քեսապահայ մշակութասէր հանդիսատեսը մօտաւորապէս 2 ժամ վայելեց հոգեպարար ելոյթը «Կիլիկիա» երգչախումբին եւ բարձր տրամադրութեամբ լիցքաւորուած վերադարձաւ տուն:

Դալար Թութիկեան