Երեքշաբթի, 5 Դեկտ. 2023-ին, հովանաւորութեամբ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի, Հայ Աւետարանական համայնքապետարանի «Թեհլիրեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ցուցահանդէս-լսարան նուիրուած Հայ Աւետարանական Բեթէլ Եկեղեցիի եւ համանուն վարժարանի 100-ամեակին:

Ձեռնարկին ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Արհիապատիւ Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Սուրիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխաններ, ՀՀ Հիւպատոսութեան Խորհրդական Դաւիթ Թադէոսեան, ՀՀ Մարդասիրական առաքելութեան խումբի գնդապետ Արկատի Տոնոյեան, հոգեշնորհ եւ արժանապատիւ հոգեւոր հայրեր, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, կրթական, մարզական, մշակութային եւ բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներ, հայերէնաւանդ ուսուցչուհիներ եւ գրասէր ընտրանի մը։
Հանդիսութեան սկիզբը ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս նահատակներուն յիշատակը յարգեցին, ետքը հնչեցին Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգները:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայ Աւետ. Բեթէլ Վարժարանի տնօրէնուհի՝ Լուսին Ապաճեան_ՉիլԱբօշեան, վեր առնելով Բեթէլ եկեղեցիին եւ դպրոցին լուսաշող ծնունդը, ինչպէս նաեւ յոբելենական սոյն նախաձեռնութեան նպատակը։ 1923 թուականին Հայ Աւետարանական Բեթել Եկեղեցիին եւ վարժարանին հիմնադրումը ծնունդի մէկ աւետիսն էր, ջարդէն ճողոպրած եւ Հալէպ հաստատուած հայ ժողովուրդին: Աւետարանական Համայնքէն լուսամիտ անձերու անխոնջ աշխատանքով իրագործուած իւրայատուկ ծրագիր, որ մէկ առաստաղի տակ միտքի ու հոգիի լուսաւորութիւն ներշնչեց ժողովուրդի զաւակներուն:
Ձեռնարկին ցուցադրուած էին Բեթէլ եկեղեցիին եւ դպրոցին իրենց ծառայութիւնը բերող հովիւներուն, այսօրուան Բեթէլ համալիրին մէջ գործող կեդրոններուն, ինչպէս նաեւ այժմու հովիւին եկեղեցական, միջհամայնքային, պետական, ազգային եւ միջազգային յարաբերութիւններէն ու պարգեւատրումներէն հոյլ մը լուսանկարներ։

Ձեռնարկին գեղարուեստական յայտագիրով իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ դաշնակահար Ռուզան Պարսումեան, մեկնաբանելով Յարութիւնեանի «Հայկական Պար»-ը, ինչպէս նաեւ Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական վարժարանի Ժ. կարգի աշակերտուհի Արգինա Շէօհմէլեան, մեներգելով «Հարիւր Տարի» երգը, որ ձօնուած էր այս պատեհ առիթին։ Երգին խօսքի հեղինակն էր՝ Տիրուկ Մարգարեան-Կարապետեան, իսկ երաժշտութեանը՝ Շողակաթ Աբարդեան-Սելիմեան։

Օրուան բանախօսներն էին՝ հալէպահայ մտաւորական, գրող եւ Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի դասախօս Լեւոն Շառոյեան եւ փաստաբան, լրագրող ու Հայագիտականի դասախօս Մարիա Գաբրիէլեան։

Բանախօսները հաւատի ու դպրութեան կեդրոն հանդիսացող Բեթէլ եկեղեցիի եւ վարժարանի 100 տարուան ներդրումին անդրադարձան՝ արտայայտիչ եւ դիպուկ մէջբերումներով, ինչպէս նաեւ լուսարձակի տակ առին Հայ Աւետ. Համայնքի պատմութիւնը, Բեթէլ եկեղեցիին, անոր հովիւներուն, վարժարանին ու անոր ակնառու կրթական մշակներուն առաքելութիւնը։

Մարիա Գաբրիէլեան իր ներկայացման երկու բաժիններուն մէջ բացատրեց, թէ ինչո՞ւ հիմնադրուած էր Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցին, կեդրոնանալով ազգային նկարագրի և մարդկային արժանիքներու տէր ակներեւ անձնաւորութիւններու վրայ, որոնք գործած են 100 տարուան ընթացքին և որպէս օրինակ լուսաւորներու և նուիրեալներու, մեծաթիւ փաղանգէն, յիշեց վերապատուելի Ահարոն Շիրաճեանը, որ ծնած է Մարաշ, ուր ստացած է Աստուածաբանական կրթութիւն, որմէ ետք անցած է ծառայութեան աշխատանքին: 1885-ին Վեր. Շիրաճեան Մարաշի մէջ դաժանօրէն կը ձեռբակալուի թուրքերուն կողմէ ու կը բանտարկուի մերժած ըլլալուն համար ստորագրել թրքական անիշխանութեան մթնոլորտին եւ սպանդին հայերուն դէմ մեղադրանքները ներկայացնող հաստատագիր մը: Մեծ եղեռնի արհաւիրքային օրերուն Վերապատուելին հրաշքով մը փրկուելէ ետք ընտանիքին հետ կը հասնի Հալէպ, մեծ ցասում կ՛ապրի եւ անմիջապէս կը լծուի որբահաւաքի և օժանդակութեան աշխատանքներուն: Յուլիս 1915-ին հիմը կը դնէ Հայ Որբանոցին, ընդունելով հարիւրաւոր որբեր, մանաւանդ մահամերձները, շեշտելով թէ «ոչ մէկ հայորդի փողոցը պիտի կնքէ իր մահկանացուն, մենք տէր պիտի դառնանք անոնց, անտէր ու անտիրական պիտի չձգենք»: Վերապատուելի հայրիկը նաեւ շրջանի արաբներուն քով մեծ յարգանք ու հեղինակութիւն կը վայելէր եւ անոնց օգնութեամբ յաճախ կ՝ազատուէր ձերբակալութիւններէ:
Վեր. Շիրաճեանի կամ ընհանրապէս Բեթէլ եկեղեցւոյ հարիւրամեայ պատմութեան մէջ ուշագրաւ կէտ է նորարարութեան սկզբունքը, որուն ցայտուն օրինակը կը հանդիսանայ Վեր. Շիրաճեանը, երբ ան առիթներէն մէկուն կը հրաւիրէ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Սրբ. Արտաւազդ Սիւրմէլեանը որպէս պատգամաբեր:
Բեթէլ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն մէկ այլ կարեւոր աշխատանքներէն մէկը եղած է Ծերանոցի հիմնադրութիւնը, հիւղաւանին մէկ անկիւնը, մօտաւորապէս 30 ծերերով ու հաշմանդամներով, վեր. Շիրաճեանի նախաձեռնութեամբ ու հետամուտ աշխատանքով: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողոկոս ներկայացուցած է վերապատուելին ըսելով՝ «Գեղեցիկ մտածումներու և հմայիչ գաղափարներու սիրահարը ըլլալէ անդին, ամուր սկզբունքներու մարդը եղաւ, իրեն համար միշտ ալ եկեղեցին և ազգը մնացին ամէն բանէ վեր և մեր ազգային պահանջատիրութեան դրօշակիրը դարձաւ»:
Բեթէլ եկեղեցին հիմնադրուած է ե’ւ կրօնական ե’ւ կրթական նպատակներով, հաւատի ու դպրութեան այս կեդրոնը շաբթուան մէջ ծառայելով որպէս դպրոց, հիւղաւանային ժամանակաշրջանին 1923-1932, հոգեւոր հովիւ ունեցած է վեր. Կարապետ Քէթէնճեանը, որ իր բարեպաշտութեամբ միշտ ալ օժանդակած էր տարագրեալներուն նոյնիսկ իր անձնական գոյքերը ծախելով: Բեթէլ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն համար մեծ կարեւորութիւն ունեցած է մանաւանդ Նախակրթարանի ուսում ապահովելը, ինչպէս նաեւ ցուցաբերած են բազմաթիւ օժանդակութիւններ, այդ նպատակին դիմաց ծառացած դժուարութիւնները յաղթահարելու համար:
Վեր. Ներսէս Խաչատուրեան շատ ուշագրաւ բնութագրութիւն կը կատարէ եկեղեցւոյ եւ դպրոցի փոխյարաբերութեան մասին։ Ան կ՛ըսէ. «Եկեղեցին դպրութեան սիւնն է, իսկ դպրոցին պարտականութիւնն է օգնել մանուկին եւ անոր մէջ թաքնուած ուժերը երեւան հանել, փայլեցնել , Աստուծոյ փառք տալու համար»:
Գաբրիէլեան կ’աւելցնէ թէ ուսման կողքին մտահոգիչ եղած էր նաեւ երիտասարդութեան կազմակերպութեան հարցը ու անոնց հոգեւոր ու մտաւոր դաստիարակութիւնը, ուստի այս գործը յանձն առած էր վեր. Արամ Հատիտեան:
Սկզբունքային էր հայ լեզուն անաղարտ պահելու հարցը, մանաւա’նդ տիրող թրքախօսութեան դէմ պայքարը:
Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցին հարիւր տարուան ընթացքին եղաւ ազգային, և այս գաղափարը հանդիսացաւ էական դերակատարութիւն ունեցողը եկեղեցւոյ մէջ, զորս հաւատացեալներուն կը շնորհէ պատկանելիութեան զգացումը:
Աւետարանական եկեղեցին նաեւ Աստուծուածաշունչի բառ ու բանով բարեպաշտութիւն ուսուցանելու կողքին, ազգասիրութիւն և հայրենասիրութիւն ուսուցանած է, անցնելով աշխարհաբարի և ունենալով բազմապիսի հրատարակութիւններ:
Յատկանշական է նաեւ վեր. Պարգեւ Աբարդեանի դերակատարութիւնը շինարարական, կազմակերպչական և յարաբերական մարզերէն ներս, հմտօրէն ղեկավարելով թէ՛ ազգային եւ թէ՛ պետական յարաբերութիւնները, համազգային վերաշինութեան և լուսաւորման միտքի ջատաքով հանդիսանալով:
Գաբրիէլեան նաեւ ներկայացուց եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ աւելի քան երեսուն տարի գործող վերապատուելի դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի հովուապետութեան ժամանակաշրջանը, զայն բնութագրելով քանի մը սկզբունքային կէտերով, որոնք են՝ նորարական աշխատելաոճ, ստեղծագործական մշակումներ, գերազանց յարաբերական աշխատանք, բծախնդիր քարոզչութիւն ի նպաստ մանաւանդ Հայ դատի և պահանջատիրութեան: Անա շեշտեց, որ անգերազանցելի են նաեւ վերջին տարիներուն կրթական և դաստիարակչական բնագաւառի մէջ արձանագրուած նուաճումները ու ամէնէն նոր ու արդիական ծրագիրներու հետ առնչութիւն ստեղծելը:

Օրուան երկրորդ բանախօս՝ Լեւոն Շառոյեան իր ելոյթը սկսաւ անդրադառնալով Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ և դպրոցի փառապանծ հարիւրամեակին կարեւորութեան, լուսարձակը բանալով Բեթէլ վարժարանի հարիւրամեայ պատմութեան մէջ իրենց դրոշմը ձգած երկու դէմքերու վրայ՝ Յովհաննէս Խոճա Հայտոսթեան և անոր որդին՝ վեր. Լութֆի Հայտոսթեան, որոնք իրենց գործունէութեամբ արձանագրած են պատմութեան գրեթէ մէկ-երրորդը: 1923-ի Մարտին Բեթէլ եկեղեցին և դպրոցը զուգահեռաբար բացուած են, սկզբնական շրջանին ունենալով 200 աշակերտ, նախակրթարանի 4 կարգերով և միայն երեք ուսուցչուհիներու օգնութեամբ: Ան բացատրեց, թէ Յովհաննէս խոճա Հայտոսթեան եղած է բնաւորութեամբ համեստ և գիտելիքներով հարուստ, նուիրեալ կրթական մշակ մը, շեշտելով որ Օսմանեան պատմութեան անգերազանցելի դասատու մըն էր խոճան, որ իր մասնակցութիւնը բերելով Մարաշի մէջ կազմակերպուած Օսմանագիտութեան մրցանքի մը, առաջնութիւնը արձանագրած է: Յովհաննէս խոճայի տնօրէնութեան շրջանը դժուար ընթացած էր, մանաւա’նդ սկզբնական շրջանի աննպաստ պայմաններուն մէջ, սակայն սերտօրէն համագործակցած է եկեղեցւոյ իրերայաջորդ հովիւներուն հետ։ Շառոյեան յատկապէս անդրադարձաւ Հայտոսթեանի գրած վկայութիւններուն՝ «Պատմական վերյիշումներ հեռաւոր անցեալէն» խորագրով պրակին, նկատի առած թէ ան եղած էր ջարդին ականատես և հայկական թաղերու պաշտպանութեան կազմակերպիչներէն մէկը, որ թուրքերուն հետ բանակցութեան մէջ մտնելով, Մարաշէն նուազագոյն վնասներով հեռացում ապահոված էր հայերուն:
Բեթէլ վարժարանը հարիւրամեայ պատմութեան մէջ ունեցած է 15 տնօրէններ, որոնցմէ ամէնէն երկարատեւ պաշտօնավարութիւն ունեցող տնօրէններէն մէկն էր վեր. Լութֆի Հայտոսթեան։ Անոր ծառայութեան տարիները յատկանշուած են կարգապահական և հայեցի դաստիարակութեան ուշագրաւ իրագործումներով, միշտ սաստելով բծախնդրօրէն գործածել Հայերէն լեզուն: Ան եղած էր նաեւ Ջանիցի և Կիրակնօրեայ դպրոցի ծիրէն ներս հոգեւոր դաստիարակ՝ պատրաստելով կիրակնօրեայ վարժարաններու դասագիրքերու շարք մը և հմուտ երաժշտագէտ՝ ղեկավարելով երգչախումբ ու ձայնագրելով հոգեւոր երգարաններ:
Շառոյեան եզրափակեց յիշելով քանի մը վկայութիւններ Վեր. Լութֆի Հայտոսթեանի մասին, ցանկալով որ լուսամիտ այս մշակներուն սերունդի վարքագիծը ուղենիշ մը ըլլայ մեզի:

Այնուհետեւ ուղիղ եթերով իր խօսքը ուղղեց Հայտոսթեան շառաւիղէն Վեր. Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ նախագահն է Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանի, ինչպէս նաեւ նախագահի տեղապահն է Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու։
Ան իր շնորհաւորանքը փոխանցելով, փառաբանութիւնը բարձրացուց առ Աստուած, որ ծնունդ տուած էր Բեթէլին որպէս եկեղեցի և վարժարան, որ անհնարին սեպուած օրերու և պայմաններու մէջ դարձած է քրիստոնէութեան և հայկական առաքելութեան նուիրական կեդրոն, ի պատիւ բոլոր հովիւներուն, տնօրէնութեան և կրթական մշակներուն, որոնք Հայ Աւետարանական ջահը կրած են հարիւր տարուան ընթացքին մինչեւ օրս՝ վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի հեռատես և անխոնջ ծառայութեան օրերուն:
Ան երեկոն շաղախելով իր հօր եւ մեծ հօր յուշերով, շեշտեց որ Բեթէլի գոյացումը պտուղն էր հաստատակամ զարթօնքի: Յիշեց թէ ինք Բեթէլի մասին լսած է իր մանկութեան առաջին քայլերէն սկսեալ, իսկ իրենց ընտանեկան պատմութեան յուշերը շաղախուած են Բեթէլին հետ մինչեւ 1959-թուական: Ապա խոնարհումով ու ակնածանքով անդրադարձաւ իր մեծ հօր եկեղեցիին եւ վարժարանին հանդէպ ունեցած հաւատքին եւ անշեղ նուիրումին։
Վեր. Փոլ եզրափակեց ցանկալով որ Հալէպն ու հայ աշխարհը, Հայաստանը, հայկական բոլոր գաղութներն ու կեդրոնները ապրին ներշնչումով և ստեղծագործեն իրենց նոր Բեթէլները ու անձնուրացութեամբ տէր կանգնին իրենց ունեցած աւանդին:
Ապա իր սրտի խօսքը ուղղեց Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, յայտնելով որ օրը պատմական է եւ սոյն ձեռնարկը առանձնաշնորհում մըն է ի տես գաղութին դիմագրաւած բազմապիսի դժուարութիւններուն, որոնք գոյութենական են, իսկ մենք, իբրեւ դրօշակիրը մեր նախնիներուն ձգած աւանդին, անցեալը ներկային կամրջելով դէպի ապագայ ուղղուելու յանձնառութիւնը ունինք։ Ապա շարունակեց ըսելով՝
«Այսօր, այս սրահը հայ ժողովուրդի միասնութեան խորհրդանիշն է եւ այս միասնութեամբ եթէ երբեք մենք տողանցենք դէպի առաջ, յոյս կայ դիմանալու, արդիւնաբերելու, պահելու եւ պահպանելու» :
Վերապատուելին բարձր գնահատեց ներկայացումները բանախօսներուն, որոնք իրենց փորձառութեամբ ունկնդիրը պատմական տեղեկութիւններու իրազեկ դարձուցին մատչելի ոճով մը:
Վեր. Յարութիւն Սելիմեան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Վեր.Փոլ Հայտոսթեանին որ Պէյրութէն միացաւ ու իր հօր եւ մեծ հօրը պատմութիւով շաղախեց օրուան երեկոն եւ իր միտքերով առաջնորդեց դէպի գալիք օրեր:
Վեր. Սելիմեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց կազմակերպիչ յանձնախումբին, որ հմտօրէն եւ ձեռնհասօրէն երեկոն ամէն մանրամասներով ձեւակերպեց, կազմակերպեց եւ մատչելի դարձուց :
Հուսկ, Բերիոյ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանի «Պահպանիչ» աղօթքով ձեռնարկը իր աւսրտին հասաւ, որմէ ետք ներկաները հիւրասիրուեցան եւ ստացան օրուան յուշանուէր տետրերէն:

Եփրուհի Մինասեան