Ուրբաթ, 15 Դեկտեմբեր 2023-ին, միջօրէի ժամը 1:00-ին, նախագահութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, Գամիշլիի ազգային նախակրթարանի բակէն ներս տեղի ունեցաւ դպրոցի շինարարութեան յուշաքարի քողազերծում եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ծառայութեան բարձրագոյն շքանշանի յետ մահու տուչութիւն՝ հանգուցեալ ճարտարապետ Վարուժան Կարապետեանի։
Արարողութեան Սրբազան Հօր կողքին ներկայ էին Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան, Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան, Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան, Գամիշլիի երկրաչափերու սենտիքայի նախագահը, Գամիշլիի պատկան մարմինը, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը, ազգային վարժարաններու հոգաբարձութիւնը, տնօրէնները, ուսուցչական կազմերը, մշակութային, բարեսիրական եւ մարզական միութիւններու ներկայացուցիչները, շքանշանակիրին ընտանիքն ու հարազատները:

Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան ընթերցեց վաստակաշատ հանգուցեալ ճարտարապետ Վարուժ Կարապետեանի կենսագրութիւնը:
Այնուհետեւ, Սրբազան Հօր եւ հանգուցեալ շքանշանակիրի տիկնոջ Արտա Միրզոյեան-Կարապետեանի ձեռամբ, դպրոցի բակէն ներս տեղադրուած մանկապարտէզի շէնքի նորոգութեան յուշաքարը քողազերծուեցաւ:

Ապա, Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան ընթերցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութեան գիրը, ուր Սրբազան Հայրը դրուատիքով անդրադարձած է շքանշանակիր հանգուցեալ ճարտարապետ Վարուժան Կարապետեանի վաստակին եւ ծառայութեան։ Ապա, Սրբազան Հայրը Բերիոյ Հայոց Թեմի Ծառայութեան բարձրագոյն շքանշանը յանձնեց հանգուցեալի տիկնոջ։

Յիշենք, որ Գամիշլիի մէջ շքանշանակիրը եղած է քաղաքապետարանի վարչութեան անդամ եւ ստանձնած է զանազան պաշտօններ: Եղած է ազգային վարժարաններու հոգաբարձութեան ատենապետ, թաղական խորհուրդի անդամ, Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկի յանձնախումբի անդամ եւ Հասիչէի երկրաչափութեան գրասենեակի անդամ, ապա ատենապետ:
1989-ին, երկրաչափը եւ անմիջական հետապնդողը եղած է ազգային նախակրթարանի շինարարական աշխատանքներուն: 1996-ին ստանձնած է մանկապարտէզի շէնքի շինութիւնը եւ իր լրումին հասցուցած 1997-ին: Ան իր մահկանացուն կնքած է 20 Փետրուար 1998-ին:

Այնուհետեւ, ներկաները համախմբուեցան Համազգայինի Աւետիս Ահարոնեան մշակութային կեդրոնէն ներս, ուր իր սրտի խօսքը փոխանցեց տիկ. Արտա Միրզոյեան-Կարապետեան։ Ան այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Ազգային Իշխանութեան եւ անոնց, որոնք այս գեղեցիկ մտայղացումը ունեցան։

Գամիշլիի երկրաչափերու սենտիքայի նախագահը խօսք առնելով անդրադարձաւ շքանշանակիրին երկրաչափական վաստակին եւ ծառայութեան: Ան իր ուրախութիւնը յայտնելով, շքանշանի տուչութիւնը համարեց բոլորին պարգեւատրումը:

Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան, վեր առնելով շքանշանակիրին ծառայութիւնը, Գամիշլիի հայութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Ազգային Իշխանութեան՝ պարգեւատրումի այս գեղեցիկ արտայայտութեան համար:

Աւարտին, Սրբազան Հայրը փոխանցեց իր սրտի խօսքը: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց մեր եկեղեցւոյ, ազգին եւ ժողովուրդին բարօրութեան, վերածաղկման եւ պայծառութեան համար իր կեանքի ծառայութիւնը որպէս լումայ ազգի գանձանակին մէջ դրած անձի մեծարման եւ պարգեւատրման առիթով:
Ան ըսաւ. «Եթէ յետ մահու գնահատեցինք եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ծառայութեան մեծագոյն շքանշանով պարգեւատրեցինք հանգուցեալը եւ անոր յիշատակին իր կնոջ լամբակը զարդարեցինք այս շքանշանով, ոչ չէ պարզապէս բան մը ընելու սիրոյն կատարեցինք, այլ ըսելու, որ անհոգ եւ անտարբեր չենք մեր ազգայիններուն, մեր եկեղեցւոյ եւ ազգի զաւակներուն ունեցած ծառայութեան նկատմամբ: Մեր եկեղեցւոյ, ժողովուրդին եւ ընդհանրապէս Սուրիոյ հայրենիքին իր ծառայութիւնը մատուցած անձին յիշատակին դիմաց կը խոնարհինք եւ անոր տուածը կը գնահատենք գէթ յետ մահու»:
Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ պարգեւատրումները
արթնութեան եւ զգաստութեան հրաւիրող առիթներ են, որպէսզի մենք եւս մեր ծառայութիւնը մատուցենք եւ խորապէս անդրադառնանք, որ մեր կեանքը ինքնանպատակ եւ աննպատակ չէ, այլ՝ նպատակադրեալ։ Հետեւաբար, իւրաքանչիւրս, որպէս հայ ազգի զաւակ պարտաւորութիւն ունինք մեր կեանքը արժեւորելու եւ զայն իր ճշմարիտ նպատակին ծառայեցնելու համար մեր ծառայական լուման բերելու։
Սրբազան Հայրը Թեմի ժողովականութեան անունով շնորհաւորեց շքանշանակիրին տիկինն ու ընտանիքը, Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդը եւ Գամիշլիի հայութիւնը, մաղթելով, որ բոլորը ծառայական ոգիով շարունակեն իրենց վստահուած առաքելութիւնը: