Հինգշաբթի, 14 Դեկտեմբեր 2023-ի միջօրէին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս ընդունեց Հալէպի Կրթական Տնօրէնութեան Սեփական Դպրոցներու նորանշանակ տնօրէն Հասան ալ-Խալէտը, որուն կ՚ընկերակցէր Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարանի պետական տնօրէնուհի Ապիր Մուսանը, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս։
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Յարաբերական Մարմինի անդամ Յարութ Չամիչեան, ազգային երեսփոխան եւ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի խնամակալութեան ատենապետ երկրչփ. Տիգրան Պետրոսեան, ազգային երեսփոխան մեթր Նորա Գրաճեան, Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէնուհի Զեփիւռ Է. Րէիսեան, Ազգ. Միացեալ Վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ Վաչէ Ճուհարեան, վարժարանի տնօրէնուհի Նայիրի Բանոյեան եւ Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետ Միհրան Վարդապետեան։

Ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին արծարծուեցան ուսումնակրթական զանազան հարցեր եւ համագործակցութեամբ առկայ մարտահրաւէրներուն դէմ դնելու կարելիութիւնը։

Սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց այցելուներուն եւ բարեյաջող գործունէութիւն մաղթեց ուսումնակրթական ոլորտէն ներս։