Սուրիոյ կրթութեան նախարար, մշակոյթի, գիտութեան եւ կրթութեան ազգային յանձնախումբի նախագահ դոկտ. Մուհամմէտ Ամէր Մարտինի հանդիպում մը ունեցաւ «ICESCO» իսլամական աշխարհի մշակոյթի, գիտութեան եւ կրթութեան կազմակերպութեան ընդհ. տնօրէն Սալէմ պըն Մուհամմէտ ալ-Մալէքին հետ։
Ժատտէյի մէջ «ICESCO»-ի կազմակերպութեան յանձնախումբերու խորհրդակցական ժողովի, միեւնոյն ժամանակ կազմակերպութեան գործադիր խորհուրդի 44-րդ ժողովի շրջագիծէն ներս տեղի ունեցած սոյն հանդիպումին կողմերը խորհրդակցեցան Սուրիոյ եւ «ICESCO»-ի միջեւ ուսումնական եւ կրթական գործակցութեան ամրապնդման միջոցներուն շուրջ։
Նախարար Մարտինի անդրադարձաւ Սուրիոյ եւ «ICESCO»-ի գործակցութեան, յայտնելով Սուրիոյ պատրաստակամութիւնը՝ կազմակերպութեան հետ յարաբերութիւններու խորացման։