Չորեքշաբթի, 17 Յունուարին, Ֆրանսայի Ծերակոյտը քննարկեց 1 Դեկտեմբեր 2023-ին առաջարկուած միջկուսակցական բանաձեւը, որ կը դատապարտէ Արցախի վրայ նախորդ տարուան 19-էն 20 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած Ատրպէյճանի սանձազերծած զինուորական յարձակումը, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան ոտնահարումը եւ այդ ուղղութեամբ հետագայ փորձերը։

Բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէ պատիժներ կիրարկելու Ատրպէյճանի դէմ եւ կը պահանջէ երաշխաւորել հայ բնակչութեան Արցախ վերադառնալու իրաւունքը՝ ապահով պայմաններու մէջ։ Բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէ նաեւ Պաքուին, որ իր զօրքերը անյապաղ դուրս բերէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն։

Քննարկումէն ետք, բանաձեւը վաւերացուեցաւ 336 կողմ եւ 1 դէմ ձայներով։

Բանաձեւին մէջ նաեւ կը յիշուի, որ Հայաստան իրաւունք ունի պաշտպանելու իր տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ունենալու միջոցներ՝ երաշխաւորելու իր ապահովութիւնը, ներառեալ՝ ռազմական միջոցներով։ Հոն նաեւ կը դատապարտուի Արցախի ղեկավարներու կամայական ձերբակալութիւնները եւ կարեւոր կը նկատուի ԵՈՒՆԵՍՔՕի մէջ մասնագէտներու միջազգային խումբի մը կազմութիւնը եւ գործուղումը Արցախ՝ մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան վիճակին վերաբերեալ զեկոյց պատրաստելու համար։

Նիստին պատուոյ հիւրի կարգավիճակով ներկայ էին Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան եւ Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան։