Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն երկրի զինեալ ուժերուն ուղղուած ուղերձին մէջ յայտարարած է, որ 2024 թուականին անխոնջ կերպով պիտի ապահովեն իրենց անդրծովեան տարածքներու պաշտպանութիւնը եւ յառաջ տանին այն պարտաւորութիւնները, որոնք դրուած են իրենց մեծ ազգին ուսերուն:

«Այստեղ ես զերծ կը մնամ մանրամասնութեամբ թուարկելէ զանոնք։ Ես կրնամ յիշել, զորօրինակ, պալքանները, Հայաստանը, որոնք մեր ուշադրութեան կիզակէտին մէջ են, հաստատելու մեր դիրքորոշումը եւ պատմական որոշումներու կայացումը՝ յատկապէս Հայաստանի առնչութեամբ», ըսած է ան: