9 Նոյեմբերի եռակողմ համաձայնութեան ստորագրումէն մինչեւ մեր օրերը Ատրպէյճանի յարձակողական ոճը աստիճանաբար աճեցաւ ու հասաւ Արցախի պարպումին, ամբողջական բռնագրաւումին, աւելին. Հայաստանի հետ «խաղաղութեան համաձայնագրի» հեռանկարին աղաւաղումին։
Ատրպէյճանի նախագահին իր երկրի լրատուամիջոցներու տուած վերջին հարցազրոյցին մէջ յստակօրէն կը պարզուէր, որ այդ երկրի նախագահը կ’ուզէ օգտագործել քանի մը կացութիւն՝ հասնելու Հայաստանի ամբողջական պաշարման եւ Սիւնիքի տարածքով Թուրքիոյ հետ անկաշկանդ ու անհսկելի երթուղի ապահովելու հեռանկարին։
Յառաջիկային Ատրպէյճանի նախագահական ընտրութիւններն են։ Հետեւաբար Ալիեւի հարցազրոյցը նախընտրական քարոզարշաւի առաջին քայլը կարելի է համարել, որովհետեւ ան հարցազրոյցին ընդմէջէն իր ընտրողներուն կը պարզէր, թէ խաղաղութեան պայմանագրով տրամադիր չէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը ճանչնալու, այսպիսով ոչ միայն Արցախի բռնագրաւման շուրջ տարակարծութիւնը վերացնելով, այլեւ Հայաստանի ինքնիշխան որոշ տարածքներու բռնագրաւած ըլլալը արդարացնելով։
Հարցազրոյցէն պարզ կը դառնար նաեւ որ ո՛չ Ատրպէյճան, ոչ ալ Թուրքիա Հայաստանի հետ սահմանը բանալու տրամադրութիւն ունին։ Անոնք պարզապէս սպառնալիքներու լեզուով կը խօսին Հայաստանի հետ, Ատրպէյճան-Նախիջեւան ուղիղ եւ անհսկելի ճամբայ, կամ իրենց խօսքով այսպէս կոչուած Սիւնիքի տարածքով «միջանցք» խլելու։
Ատրպէյճան ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ հասնելու շուտափոյթ պայմանագիրի մը ստորագրման, առանց երրորդ կողմի կամ միջազգային խաղաղապահ ուժերու ներկայութեան, որպէսզի շարունակէ իր օրինազանցումներն ու ի հարկին յարձակումներն ու Հայաստանէն տարածքներ բռնագրաւելու վարքագիծը։
Հարցազրոյցին մէջ Շուշիի բռնագրաւումով հպարտացող Ատրպէյճանի նախագահը կը հաստատէ, որ Շուշիի բարձր դիրքը առիթ բացած է իր ուժերուն վերահսկելու ոչ միայն ողջ Արցախը, այլեւ Հայաստանի սահմանային տարածքները, Զանգեզուրը։ Այլ խօսքով, Ալիեւ կը հաստատէ թէ տակաւին ախորժակներ ունի Հայաստանի տարածքներուն ուղղութեամբ, երբ կը յիշէ Զանգեզուրի ազերիներով բնակուած ըլլալը եւ նման արտայայտութիւններով յստակ կը դարձնէ որ տրամադիր չէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը ճանչնալու։ Արցախը պաշտպանողները փաստօրէն ի զուր չէին կրկնէր, որ Արցախը Հայաստանի դարպասն է։
Հարցազրոյցի ընթացքին ան նոյնիսկ կասկածի տակ դրաւ Հայաստանի մայրաքաղաքին հայկականութիւնը, մէկէ աւելի անգամներ հաստատեց ծաւալապաշտական իր նկրտումները՝ առանց կաշկանդուելու այսպէս կոչուած «խաղաղութեան պայմանագրի» շղարշով։
Փաստօրէն խաղաղութեան որեւէ համաձայնագիր պիտի ամրագրէ Ատրպէյճանի բռնագրաւումները, միջազգային ամէն դատապարտումէ զերծ պիտի պահէ զայն եւ տնտեսական ու ապահովական նոր ճնշումներու օղակ մը պիտի ստեղծէ Հայաստանին շուրջ, առանց նոյնիսկ բաց սահմաններու յանկերգը իրականութիւն դարձնելու։
Հայաստանի սպառազինումը, դաշնակիցներու հետ յարաբերութիւններու վերանայումը, արտաքին արդիւնաւէտ քաղաքականութիւնը, Արցախի հարցին նոյնինքն արցախցիներու, Սփիւռքի ու Հայաստանի կողմէ օրակարգի վրայ պահուիլը կրնան պատուար հանդիսանալ Ատրպէյճանի նկրտումներուն։
Ու ինչպէս Ֆրանսան հակաատրպէյճանական իր առաջին գործնական քայլը պիտի առնէ պատիժներ սահմանելով անոր դէմ, Իրան եւ այլ երկիրներ եւս, իրենց ազգային անվտանգութենէն մեկնած, կրնան դեր ունենալ կասեցնելու Ատրպէյճանի նկրտումները տարբեր սպառնալիքներով։
Խաղաղութեան պայմանագիրը նման յոխորտանքով հարցազրոյց տուող նախագահի մը հետ ստորագրելը ոչ թէ անիրատեսական կը թուի, այլ՝ քաղաքական ծուղակի համազօր քայլ։