Մարդուժ հասկացութիւնը սոսկ մասնագէտներու, ուսուցիչներու, վարչական պատասխանատուներու, մամլոյ ծառայողներու ամբողջութիւնը չէ։ Մարդուժը մարդկային այն պաշարն է, որ կը նպաստէ համայնքի կրթական, մշակութային, ազգային, հոգեւոր, գրական, մամուլի եւ դաստիարակչական մարզերուն, դերակատարութիւն կ’ունենայ համայնքի կեանքի ոչ միայն պահպանման, այլեւ զարգացման մէջ։
Վերջին տարիներուն, յատկապէս պատերազմի ու տնտեսական տագնապի դժուարութիւններուն մէջ յայտնուող համայնքները մարդուժի նկատառելի կորուստ ունեցան՝ արտագաղթին եւ սերունդներուն միջեւ ստեղծուած բացին հետեւանքով։ Այդ բացը յառաջացաւ այն տարիներուն, երբ պատրաստուած կամ գէթ որոշ փորձառութիւն ձեռք ձգած նկատառելի թիւով մասնագէտներ, վաստակաւոր ազգայիններ, ուսուցիչներ եւ այլք գաղթեցին, իսկ անոնց յաջորդող սերունդը տակաւին անհրաժեշտ փորձառութիւնը, պատրաստուածութիւնն ու մասնագիտական ուսումը չէր ամբողջացուցած՝ փոխարինելու զիրենք։
Բնականաբար գոյութիւն ունէին եւ տակաւին ունին սակաւաթիւ անհատներ, որոնք գաղթականի ցուպը ձեռք չառին ու շարունակեցին գործել համայնքէն ներս։ Այսպիսիներուն ուսին բարդուեցաւ առաւելաբար տարուող աշխատանքներու ողջ բեռը՝ մինչեւ նորերու պատրաստութիւնը։
Մարդուժի պատրաստութիւնը այնքան ալ բարդ գործընթաց մը չէ սակայն, որովհետեւ համայնքը ունի երիտասարդներու պայծառ սերունդ մը, որ պատրաստ է ստանձնելու իրեն համապատասխան աշխատանք, եթէ զինուի անհրաժեշտ գիտելիքներով, փորձառութեամբ, գնահատուի պատշաճօրէն ու առիթ գտնէ գործելու իր նախասիրած ոլորտներուն մէջ։
Մարդուժի պատրաստութեան աշխատանքը կազմակերպողները պիտի ըլլան առաւելաբար իւրաքանչիւր ոլորտի պատասխանատու մարմինները, որոնց աշխատանքի եղանակէն կախեալ պիտի ըլլայ գործընթացի արդիւնաւէտութիւնը։
Այս ժամանակաշրջանին անհրաժեշտ է բոլոր ոլորտներուն մէջ երիտասարդներուն կողքին ներգրաւել երէցները, յատկապէս փորձառութիւն ունեցողները, որոնց միջոցով կարելի պիտի ըլլայ ոչ միայն փորձառութեան, այլեւ տեղեկութիւններու փոխանցումը նորերուն, որպէսզի աշխատողը ըլլայ իրազեկուած, ըմբըռնէ իրեն վստահուած աշխատանքին տարողութիւնն ու լրջութիւնը եւ այդ աշխատանքը պահէ նոյն որակին մէջ։
Ուսուցչական ասպարէզէն ներս, զորօրինակ, կարելի է կիրարկել օգնական ուսուցիչի դրութիւնը, որպէսզի երիտասարդ օգնական ուսուցիչը, աստիճանաբար ծանօթանալով տարուող աշխատանքին, փորձառութիւն ձեռք բերէ ու պատրաստուի կարճ ժամանակ ետք ստանձնելու ուսուցչութեան նուիրական առաքելութիւնը։ Նոյնն է պարագան միութենական աշխատանքներուն։ Անհրաժեշտ է ընտրուող իւրաքանչիւր մարմնի մէջ երիտասարդներուն կողքին ներառել փորձառուներու տոկոս մը, որպէսզի փոխանցուի փորձառութիւնն ու գիտելիքը։
Հաստատութիւններու վարչական աշխատանքներուն մէջ եւս կարելի է ներգրաւել օժանդակներ, անոնց համար սահմանելով աշխատանքի որոշակի ժամեր, ու նախապատրաստել զիրենք աստիճանաբար, ի հարկին անհրաժեշտ դասընթացքներու մասնակից դարձնելով ։
Մարդուժի պատրաստութիւնը ամէն բանէ առաջ ընթացք կ’առնէ համայնքի կարելիութիւններու եւ մարդկային պաշարի ամբողջական ուսումնասիրութիւնն ու արժեւորումը կատարելով, աշխատանքի դաշտ ներգրաւելով առաւելագոյն որակն ու թիւը։
Այնուհետեւ քայլ առ քայլ կարելի պիտի դառնայ բաց մնացած օղակները ամբողջացնել ու համայնքի վերակազմակերպման շղթան լիարժէքօրէն կազմաւորել, առանց արհամարհելու կամ թերագնահատելու առկայ մարդկային պաշարին դերակատարութիւնը։