Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) նախատեսած է սահմանափակել Ատրպէյճանի պատուիրակութեան լիազօրությունները՝ երկրի կողմէն կազմակերպութեան սկզբունքները խախտելուն համար։ Այս մասին Սթրասպուրկի մէջ Европейская Правда-ի թղթակիցին յայտնած են նման քայլի նախապատրաստման ծանօթ քանի մը աղբիւրներ։

ԵԽԽՎ նախագահական յանձնաժողովի մակարդակով արդէն իսկ տեղի ունեցած է Ատրպէյճանի համար սահմանափակումներ նախաձեռնելու հիմնարար որոշում։ Կէսօրին՝ լիագումար նիստին մեկնարկով, պատգամաւորները պաշտօնապէս կը սկսին այս ընթացակարգը՝ ամենայն հաւանականութեամբ Գերմանիոյ ներկայացուցիչի պաշտօնական նախաձեռնութեամբ։

Երկրին դէմ պաշտօնական բողոքը այն է, որ Փետրուարին կայանալիք Ատրպէյճանի նախագահական ընտրութիւններուն ԵԽԽՎ դիտորդներ չեն հրաւիրուած։ Բողոք կայ նաեւ առ այն, որ Ատրպէյճան հրաժարած է ԵԽԽՎ զեկուցողներուն թոյլ տալ մուտք գործել բռնագրաւուած Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհ՝ Լաչինի միջանցք։

Թէ որոշակի ինչ քայլեր կը նախատեսէ ձեռնարկել ԵԽԽՎ-ն, տակաւին յայտնի չէ, որոշումը պէտք է գոյացնէ վեհաժողովը։