ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի (CCAF) համանախագահ Մուրատ Փափազեան ֆէյսպուքեան իր էջին գրած է․

«Յարգելի՛ բարեկամներ, ուրախ եմ տեղեկացնելու, որ ՀՀ արդարադատութիւնը վերականգնած է Հայաստան վերադառնալու իմ իրաւունքը։ Այս որոշումը կը վկայէ, որ Հայաստանի մէջ Արդարադատութիւնը կրնայ անկախ ըլլալ։ Թող անոր շնորհակալութիւն յայտնեն այս պատճառով»:

Յիշեցնենք, որ արտերկրի մէջ Նիկոլ Փաշինեանի դէմ իրականացած բողոքի ցոյցերէն ետք, ԱԱԾ-ն արգիլեց Հայաստան մուտքը շարք մը ՀՅԴ-ականներու, որոնց կարգին էր նաեւ Մուրատ Փափազեանը։

Հայաստանի վարչական դատարանը այսօր բաւարարած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի (CCAF) համանախագահ Մուրատ Փափազեանի եւ ՀՅԴ Հոլանտայի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Մասիս Աբրահամեանի դատական հայցերը ընդդէմ ՀՀ ԱԱԾ-ի՝ պարտաւորեցնելով ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը Մուրատ Փափազեանի և Մասիս Աբրահամեանի վերաբերեալ տուեալները հանել ՀՀ տարածքին անցանկալի համարուող օտարերկրացիներու տուեալներու ցանկէն։