ՍԱՆԱ-ի տուեալներով՝ Կազզայի վրայ իսրայէլեան օդուժի շարունակուող յարձակման հետեւանքով 7 Հոկտեմբեր 2023-էն մինչեւ օրս արձանագրուած է 25490 նահատակ եւ 63354 վիրաւոր։

Պաղեստինի Առողջապահութեան Նախարարութիւնը այսօր հաղորդագրութեամբ մը յայտնած է, որ Իսրայէլ վերջին 24 ժամուան ընթացքին 22 ոճիր գործած է Կազզայի շրջանին մէջ, որուն հետեւանքով արձանագրուած է 195 նահատակ, 355 վիրաւոր, յարձակման 109-րդ օրը նահատակներուն թիւը հասցնելով 25490-ի, վիրաւորներունը՝ 63354-ի։

Վիրաւորներէն շատեր ցարդ փլատակներու տակ կը մնան։