Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանին մէջ 22 Յունուարին ստորագրուած է ԱՄՆ Քալիֆորնիա նահանգի եւ ՀՀ Սիւնիքի մարզի միջեւ համագործակցութեան հաստատման մասին յուշագիր։ Կարեւոր այդ արարողութեան ներկայ գտնուած են տեղական օրէնսդիրներ, Հայ Դատի Ամերիկայի կեդրոնական եւ Քալիֆորնիոյ նահանգային յանձնախումբերու պատասխանատուները, ՀՀ Ազգային Ժողովի դաշնակցական պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան։
Հայ Դատի ԱՄՆ Արեւմտեան ափի յանձնախումբի ջանքերուն հետեւանքով՝ Քալիֆորնիոյ եւ ՀՀ Սիւնիքի մարզի միջեւ նահանգային-մարզային յարաբերութիւններու համագործակցութեան մասին աշխատանքները սկսած են 2022_ի սկիզբէն, երբ 10 Փետրուարին Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտը ընդունած էր համապատասխան բանաձեւ։ Հետագային Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանը ընդունած էր նաեւ մէկ այլ հայանպաստ բանաձեւ՝ դատապարտելով Արցախի դէմ Ատրպէյճանի շրջափակումն ու յարձակումը, պահանջելով անյապաղօրէն ազատ արձակել հայ ռազմագերիները եւ Արցախի բարձրաստիճան ղեկավարները, վերահաստատելով Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը եւ կոչ ուղղելով գործուն քայլերով դատապարտել Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի թշնամական քաղաքականութիւնը։
22 Յունուարի ձեռնարկը կազմակերպուած էր նահանգային օրէնսդրի անդամ եւ յիշեալ բանաձեւերու ընդունումը առաջնորդած Քրիս Հոլտընի, Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի եւ Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմնի՝ Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի անդամներու կողմէն։
Իր խօսքին մէջ ՀՀ Ազգային Ժողովի անդամ Արթուր Խաչատրեան շնորհակալութիւն յայտնեց Քրիս Հոլտընին՝ հայամէտ բանաձեւերը յառաջ մղելու համար, ինչպէս նաեւ երախտագիտութիւն յայտնեց Քալիֆորնիոյ օրէնսդիրներուն եւ Հայ Դատի յանձնախումբին՝ Քալիֆորնիոյ եւ Հայաստանի միջեւ կապերը ամրապնդելու այս պատմական ջանքերուն աջակցելու համար: Խաչատրեան ընդգծած է, որ բանաձեւերու ընդունումը «շատ կարեւոր քաղաքական ուղերձ է աշխարհին, Ատրպէյճանին եւ անոր հովանաւոր Թուրքիոյ։ Հակառակ Ատրպէյճանի յարձակումին, Արցախի մասին էջը փակուած չէ, Արցախի ժողովուրդը իրաւունք ունի ինքնուրոյն որոշել իր ճակատագիրը, ինչպէս աշխարհի որեւէ այլ ժողովուրդ»։
Խաչատրեան նաեւ անդրադարձած է Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ Ատրպէյճանի շարունակուող յարձակումին եւ թշնամական գործողութիւններուն․ «Կան մարդիկ, որոնք կը կարծէին, թէ Ատրպէյճանը հայու արեան ծարաւը յագեցուցած է Արցախի ցեղասպանական ցեղային զտումներով եւ բռնագրաւումով, բայց, ինչպէս մենք կանխատեսած էինք, եւ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները ցոյց տուին, ատիկա ակնյայտօրէն այդպէս չէ: Առաջադրելով նոր նպատակակէտեր՝ Պաքուն այժմ մարտահրաւէր կը նետէ Հայաստանի միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմանները, որ կ’անուանէ «Արեւմտեան Ատրպէյճան», կը սպառնայ Սիւնիքի միջանցքով ցամաքային կապ հաստատել Թուրքիոյ հետ, ինչպէս նաեւ բացահայտօրէն կը պահանջէ վերաշարադրել Հայաստանի Սահմանադրութիւնը»։
Խաչատրեան բարձր գնահատած է նորաստեղծ յարաբերութիւնները Քալիֆորնիոյ եւ Սիւնիքի հետ՝ նշելով, որ ատիկա կ’օգնէ տնտեսական եւ մշակութային աւելի ամուր կապերու զարգացման, որ օգտակար պիտի ըլլայ Սիւնիքի համար, որ, ատրպէյճանական կողմէն սահմանամերձ գիւղերու շարունակուող զինուորական բռնագրաւումի եւ վերսկսման սպառնալիքներու պայմաններուն տակ, կը շարունակէ մնալ վտանգի տակ։
Նախաձեռնութեան ընթացքին ելոյթ ունեցած են նաև Քրիս Հոլտըն, Հայ Դատի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կեդրոնական յանձնախեւմբի անդամ Աիդա Տիմէճեան, եւ Քալիֆորնիացի բազմաթիւ խորհրդարանականներ։
Հայ Դատի յանձնախումբի հրաւէրով Արթուր Խաչատրեան Քալիֆորնիայէն մեկնած է մայրաքաղաք Ուաշինկթըն՝ ԱՄՆ Ծերակոյտին եւ Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ քաղաքական հանդիպումներ կատարելու համար։

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
26․01․2024թ