Հայ Դատի Քանատայի յանձնախումբը կը դատապարտէ Քանատայի կառավարութեան վերջին որոշումը՝ Թուրքիա զէնքի մատակարարման երկարամեայ արգելքը չեղարկելու մասին։ Այս որոշումը տագնապալի մտահոգութիւններ յառաջացուցած է քանատահայ համայնքին մէջ, քանի որ անիկա կը վտանգէ Քանատայի հաւատարմութիւնը մարդու իրաւունքները, միջազգային անվտանգութիւնն ու արդարութիւնը։
Հակառակ Քանատայի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան կողմէն 2019 Հոկտեմբերին Թուրքիոյ զենք վաճառելու մորատորիում սահմանելուն, կառավարութիւնը 2020 գարնան թոյլ տուած էր L3Harris/WESCAM անօդաչու թռչող սարքերու ճարտարագիտութեան արտահանումը Թուրքիա։ 2020 Սեպտեմբերին, Ատրպէյճանի կողմէն Արցախի Հանրապետութեան դէմ պատերազմ յայտարարելէն վերջ, ի յայտ եկան էական ապացոյցներ Թուրքիոյ կողմէն սարքաւորումները դէպի Ատրպէյճան անօրինական տարանցելու մասին, որ կը խախտէր Քանատայի հետ իր պայմանագրային պարտաւորութիւնները եւ յանգեցուց Ատրպէյճանի կողմէն քանատական արտադրութեան WESCAM ճարտարագօտական ապօրինի օգտագործումի Արցախի մէջ խաղաղ բնակչութեան դէմ։ Ներքին հետաքննութեան եւ խորհրդարանական ստուգումներու հետեւանքով կառավարութիւնը 2021 թուականի Ապրիլին չեղարկեց Թուրքիա արտահանումի բոլոր թույլտուութիւնները։
Նախագահ Էրտողանի ղեկավարութեամբ՝ Թուրքիան հետեւողականօրէն կ’անտեսէ մարդու իրաւունքները, ժողովրդավարական արժէքները եւ օրէնքի գերակայութիւնը, կը պահպանէ պայմանագրային համաձայնագրերը խախտելու չափանիշը: Զէնքի արգելքի վերացումը ոչ միայն կը հակասէ Քանատայի վաղեմի սկզբունքները, այլեւ կ’անտեսէ շարունակուող յարձակումը եւ մարդու իրաւունքներու խախտումները, որոնք Թուրքիոյ կողմէն կ’իրականացուին տարբեր ժողովուրդներու՝ հայութեան նկատմամբ։
Հայ Դատի յանձնախումբը Քանատայի կառավարութեան խստօրէն կոչ կ’ուղղէ վերանայիլ այս անխոհեմ որոշումը եւ սկզբունքային դիրքորոշում որդեգրել թրքական կառավարութեան ռազմատենչութեան դէմ։ Զէնքի արգելքը հանելով՝ Քանատան միայն կը քաջալերէ նախագահ Էրտողանի վարչակազմը, անգամ մը եւս կը վտանգէ՝ մեղսակցութիւն ունենալ թրքական վարչակազմի կողմէն իրականացուող եւ հովանաւորուող յանցագործութիւններու մէջ, որոնք կը սպառնան հայերը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի այլ ժողովուրդները: Նման քայլը մտահոգիչ ուղերձ է միջազգային հանրութեան եւ կը խաթարէ Քանատայի նուիրուածութիւնը մարդու իրաւունքները, խաղաղութիւնն ու արդարութիւնը:
Քանատայի կառավարութիւնը պէտք է վերջ տայ կեղծաւորութեան եւ կարճաժամկէտ քաղաքական նկատառումներու փոխարէն առաջնահերթութիւն տայ մարդու իրաւունքներուն, միջազգային անվտանգութեան ու արդարութեան: Հայ Դատի յանձնախումբը կառավարութիւնը կոչ կ’ուղղէ ականջալուր ըլլալ քանատահայ համայնքի, քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու մտահոգութիւններուն։
Թէեւ ի գիտութիւն ընդունած ենք զէնքի արտահանումի թոյլտուութիւնները չեղարկելու կամ կասեցնելու կառավարութեան որոշումը այն պարագային, երբ թրքական կողմէն չարաշահումներու մասին հաւաստի ապացոյցներ պարզուին, մենք Քանատայի կառավարութեան կոչ կ’ուղղենք ընդհանրապէս չեղարկել այս որոշումը եւ վճռական դիրքորոշում ընդունիլ թրքական կառավարութեան յարձակումին դէն՝ որով իսկ վերահաստատելով հաւատարմութիւնը Քանատայի ժողովուրդը բնորոշող սկզբունքները:

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
30․01․2024թ․