Զինուորական աղբիւր մը ՍԱՆԱ-ի հաղորդեց, որ այսօր յետմիջօրէ ժամը 1:00-ին, Իսրայէլ օդային յարձակում մը գործեց Կոլանէն Դամասկոսի հարաւային բաժինին մէջ կարգ մը զինուորական կեդրոններու ուղղութեամբ։
Յարձակումին հետեւանքով քաղաքացիներ նահատակուեցան, վիրաւորներ եւ նիւթական վնասներ արձանագրուեցան։