Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, ընդառաջելով Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի եւ Տէրիքի թաղական խորհուրդի փափաքին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ծառայութեան բարձրագոյն շքանշանը շնորհեց Տէրիքի մէջ երկար տարիներու ազգանուէր ծառայութիւն ունեցող Սարգիս Աբրահամեանին:

Արդարեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութեամբ եւ տնօրինութեամբ, Շաբաթ, 27 Յունուար 2024-ին, Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան մեկնեցաւ Տէրիք, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանին եւ Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ներկայացուցիչին, պաշտօնական հանդիսութեամբ շքանշանը փոխանցելու, «Սարդարապատ» սրահէն ներս:
Հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ Գամիշլիի եւ Տէրիքի թաղական խորհուրդները, Տէրիքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցչական կազմը, Ազգ. Ազատութիւն վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը, ՀՄԸՄ-ի սկաուտական կորիզի վարչութիւնը, ՍՕԽաչի «Սարդարապատ» մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ խմբապետական կազմը, երէց ուսուցիչներ եւ ազգայիններ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արազ Խորոզեանը, որ հրաւիրեց թաղական խորհուրդի ատենապետ Սերոբ Սուսանին փոխանցելու իր խօսքը: Ան բարի գալուստ մաղթեց Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդին, ապա անդրադարձաւ Ս. Սարգիս զօրավարի տօնին, որմէ ետք հակիրճ կերպով անդրադարձաւ թաղական խորհուրդին գլխաւորութեամբ տարուող աշխատանքներուն, յիշելով Սարգիս Աբրահամեանին բերած գործօն մասնակցութիւնը եւ նուիրեալ ծառայութիւնը:

Այնուհետեւ, Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանը ընթերցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութեան գիրը, որուն համաձայն Սրբազան Հայրը Բերիոյ Հայոց Թեմի Ծառայութեան բարձրագոյն շքանշանը կը շնորհէ Սարգիս Աբրահամեանին՝ առ ի գնահատանք Տէրիքի ազգային եւ եկեղեցական կեանքէն ներս երկար տարիներու իր անսակարկ ծառայութեան: Ապա, Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդը Ծառայութեան շքանշանը յանձնեց Սարգիս Աբրահամեանին:

Յիշենք, որ Տէրիքի զաւակ Սարգիս Աբրահամեան 1988-էն սկսեալ եղած է հայերէն լեզուի եւ կրօնի ուսուցիչ, ապա տնօրէն եւ հաշուապահ Ազգային վարժարանէն ներս մինչեւ 2019, երբ անհանգստութեան պատճառով ստիպուած է դադրիլ աշխատանքէ: 2021-էն ի վեր ան իր ծառայութիւնը կը բերէ որպէս Տէրիքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի անդամ:

Այս առիթով Հայր Սուրբը փոխանցեց իր սրտի խօսքը: Ան վեր առաւ ծառայութեան գաղափարը ազգային եւ եկեղեցական կեանքէն ներս: Ապա, ան անդրադարձաւ Սարգիս Աբրահամեանի ծառայական կեանքին եւ մաղթեց, որ երիտասարդ սերունդը օրինակ քաղելով երէցներու ծառայութեան ոգիէն եւ փորձառութենէն, ամբողջական նուիրումով եւ գիտակցութեամբ իր ներդրումը բերէ՝ մեր ազգային եւ եկեղեցական կեանքի վերելքին ի նպաստ:
Հայր Սուրբը, Սարգիս Աբրահամեանին փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր շնորհաւորութիւններն ու օրհնութիւնները, յայտնելով, որ այս շքանշանը Սարգիս Աբրահամեանին ճամբով կը տրուի Տէրիքի բոլոր ուսուցիչներուն եւ ծառայողներուն, որոնք մեծ նուիրումով այսօր կը գործեն ազգային վարժարանին եւ հայ եկեղեցւոյ մէջ:

Շքանշանակիրը, յուզումնախառն զգացումներով իր սրտի խօսքը արտասանեց այս առիթով։ Ան իր որդիական երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ մեծարանքի այս արտայայտութեան համար։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդին եւ Տէրիքի թաղական խորհուրդին՝ իրենց գեղեցիկ մտայղացումին համար։
Որմէ ետք, Ազգային Վարժարանի տնօրէնուհի Ատիպա Սուսանի խօսք առնելով շնորհաւորեց Սարգիս Աբրահամեանը։ Ան ուսուցչական կազմին կողմէ յուշանուէր մը փոխանցեց անոր:
Աւարտին, Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդին գլխաւորութեամբ ներկաները սիրոյ սեղանի շուրջ համախմբուեցան, որուն ընթացքին շքանշանակիրին շնորհաւորական խօսքեր եւ բարեմաղթութիւններ ուղղուեցան: