Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատին Սուրիոյ նահատակներու զաւակներուն ցուցաբերած օգնութիւններու ծիրէն ներս յայտարարուեցաւ, որ նախագահը պիտի հոգայ նաեւ նահատակներու, ֆիզիքական անկարողութիւն ունեցողներու, վիրաւորներու եւ անյայտ կորածներու զաւակներուն 2023-2024 ուսումնական տարեշրջանի երկրորդ կիսամեակի կրթաթոշակի գումարը, որպէսզի անոնք կարենան շարունակել իրենց ուսումը։

Սուրիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը կոչ ուղղեց անոնց, որոնք չեն արձանագրուած 2023-2024 տարեշրջանի առաջին կիսամեակի կրթաթոշակի նպաստ ստանալու համար՝ այցելելու նահատակներու, վիրաւորներու եւ անյայտ կորածներու տնօրէնութեան կամ նահանգներուն մէջ անոր բաժիններէն մէկուն, իրենց հետ ունենալով հաղորդագրութեան մէջ մանրամասնօրէն յիշուած փաստաթուղթերը։