Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» Մասնաճիւղի Էսդրատային նուագախումբը, գեղ. ղեկավարութեամբ բժիշկ Ռաֆֆի Ապէճեանի, երաժշտական իւրայատուկ ելոյթներով, ճոխ երգացանկով հրապուրեց հալէպահայութիւնը։
Հանդիսատեսը վայելեց հայ եւ օտար երգարուեստի տարբեր ժամանակաշրջաններու յատուկ ընտիր նմոյշներ, որոնք հնչեցին լարային, հարուածային եւ փողային գործիքներու տիրապետած երիտասարդ երաժիշտներու նուագակցութեամբ, մեներգողներու ինքնատիպ կատարումներով։
Յատկանշական էին նաեւ գեղ. ղեկավար բժիշկ Ռաֆֆի Ապէճեանի կատարած ձայնային բաժանումներն ու ստեղծած ներդաշնակութիւնը։
Արդարեւ, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութեան, մասնաճիւղի Էսդրատային նուագախումբը հանդէս եկաւ երկու ելոյթներով՝ Շաբաթ, 27 եւ Կիրակի 28 Յունուար 2023-ին, «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս։
Ելոյթներուն ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը, Բերիոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդին ներկայացուցիչը, ՀՀ Մարդասիրական խումբի գնդապետն ու խումբի անդամներ, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Իշխանութեան, Յարաբերական Մարմինի, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան, հալէպահայ միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ երաժշտասէր հանդիսականներ։
Բացման արաբերէն խօսքով Քրիստ Փայասեան յայտնեց, որ երաժշտութիւնը ազգի մը մշակոյթին մեկնաբանն է եւ հոգեկան սնունդ կը հայթայթէ, սէր կը ներշնչէ։ Երաժշտութիւնը պատմութիւն է, որ կ’արտայայտէ ազգի մը յաղթանակներն ու դժուարութիւնները։ Ապա աւելցնելով ըսաւ, որ Սուրիոյ մէջ հայութիւնը կը պահպանէ իր մշակութային արժէքները միեւնոյն ատեն կը ջանայ հարստացնել սուրիական մշակոյթի գունեղ պատկերը՝ շնորհիւ երկրի նախագահին քաջալերանքին ու զօրակցութեան։
Հայերէն բացման Խօսքով Ժէնի Նաճարեան-Գասապեան նկատել տուաւ որ երաժշտութիւնը համամարդկային լեզու է, իսկ Համազգայինի նպատակն է հայ մշակութային արժէքներուն, երգ ու երաժշտութեան շուրջ համախմբել հայ երիտասարդութիւնը։ Ան յայտնեց, որ Էսդրատային նուագախումբը, բժիշկ Ռաֆֆի Ապէճեանի գեղ. ղեկավարութեամբ յաջողեցաւ ի մի բերել երիտասարդ  արուեստագէտներ եւ բեմ բարձրացնել խումբը՝ հարուստ եւ գունեղ յայտագիրով։
Ա. բաժինով նուագախումբը ներկայացուց հետեւեալ երաժշտական գործերը՝ Ա. Խաչատուրեանի «Գայիանէ Պալետ»-էն քաղուածք մը, Համշէնի բարբառով «Կար Մի Աղջիկ» երգը, մենակատարութեամբ Մեղեդի Փամպուքեանի, Գուսան Շերամի «Փնջլիկ-Մնջլիկ»-ը, կատարողութեամբ Մարինէ Մարգարեանի, այնուհետեւ հնչեցին «Pretty Woman»-ը, կատարողութեամբ Կարպիս Աւագեանի, Խաչատուր Աւետիսեանի «Գարնանային»-ը, մենակատարութեամբ Բիւզանդ Պէպէճեանի, «Jazz Melody»-ն կատարողութեամբ Ակաբէ Ֆրանքեանի, եւ արաբերէն «Մաութինի» եւ «Զահրաթ ուլ-Մատաէն» երգերը, կատարողութեամբ Լիւսի Յովհաննէսեանի։
Բ. բաժինով էսդրատային նուագախումբը ներկայացուց հետեւեալ երգերը՝ Կոմիտասի «Զուլօ»-ն, կատարողութեամբ Կարպիս Աւագեանի, լիբանանցի հանրածանօթ երգչուհի Ֆէյրուզի երգերէն փունջ մը, կատարողութեամբ Լիւսի Յովհաննէսեանի,  Ռաքսեթի «Listen To Your Heart»-ը, կատարողութեամբ Կասիա Պաղտիկեանի, Տեմիս Ռիւսուսի «Far Away»-ը, մենակատարութեամբ բժիշկ Պերճ Գասապեանի, ժողովրդական երգերու շարան մը, կատարողութեամբ Մարինէ Մարգարեանի,  «Mas Que Nada» եւ «Արցախ» խմբային երգերը, բոլորը նուագախումբին ընկերակցութեամբ։
Գեղ. ղեկավարը մենակատարներուն ընտրութիւնը երգերուն համապատասխանող տուեալներով կատարած էր, ինչպէս նաեւ ելոյթի ընթացքին առիթ ընծայած իւրաքանչիւր նուագողի առանձին բաժինով մը հանդէս գալ՝ իր իւրայատկութիւնը ներկայացնելով։
Կարճ ժամանակի մը մէջ, հակառակ երկրէն ներս տիրող կենցաղային եւ տնտեսական ծանր պայմաններուն,
Համազգայինը յաջողած էր ի մի բերել արուեստի աշխարհին ծառայող խումբ մը երիտասարդներ, որոնք ամէնօրեայ փորձերով, ներդաշնակ կատարումով հաճելի պահեր ստեղծեցին, հանդիսատեսը ծանօթացուցին երաժշտական տարբեր տեսակներու եւ ներդաշնակ խումբի մը միասնական աշխատանքին արդիւնքը ցոյց տուին։
Հալէպահայ հանդիսատեսը ընդհանրապէս ժլատ է իր ծափողջոյններուն մէջ, այդ ալ հաւանաբար իր ծանր առօրեային
հետեւանքն է։ Այդուամենայնիւ ցանկալի է նման ելոյթներու հանդիսատեսին քաջալերական ծափողջոյններով խրախուսել բեմահարթակ բարձրացող ու լաւագոյնը հրամցնել ջանացող խումբը, գէթ այս ձեւով գնահատելու անոր ճիգն ու եռանդը։
Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը ջանք չէր խնայած խումբի յաջող ելոյթներուն համար ստեղծելու բարենպաստ պայմաններ, բացայայտելու երիտասարդ տաղանդներ ու հաւաքական աշխատանքով հարստացնելու հալէպահայութեան մշակութային առօրեան։
Հանդիսատեսներուն հոծ ներկայութիւնը կ’արտացոլացնէր նման խումբերու ելոյթներուն հանդէպ հալէպահայութեան ծարաւը, ուստի կը մաղթենք, որ Էսդրատային նուագախումբն ու մեներգողները չբաւարարուին այս ելոյթներով ու հրամցնեն նոր ծրագիրներ։
Գերշ. Տէր Մակար Սրբազան Եպս. Աշգարեան ելոյթներու աւարտին իր պատգամը ուղղելով շնորհաւորեց Համազգայինի Էսդրատային նուագախումբը եւ դիտել տուաւ, որ իւրաքանչիւր երաժշտական կտորի հետ երաժիշտները մեզ փոխադրեցին աշխարհ մը ու մասամբ մեղմացուցին երկրի պայմաններուն բերումով մեր ճնշուած առօրեան։ Ապա սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց գեղ. ղեկավարին, երաժիշտներուն եւ Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութեան, նորանոր  ելոյթներու բարեմաղթութիւններով։
Թղթակից