ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ եւ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան 9 Փետրուարին հանդիպած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Քանատայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Էնտրիւ Թըրների հետ: Տէր Խաչատուրեան շնորհաւորած է դեսպանը Հոկտենբեր 2023-ին Երեւանի մէջ քանատական դեսպանատան բացման առիթով, ինչ որ պիտի նպաստէ Քանատա-Հայաստան յարաբերութիւններու զարգացման:
Հանդիպումին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին կողմէ բարձրացուած հիմնական հարցերը կը վերաբերէին Քանատայէն առկայ ակնկալիքներուն` նկատի ունենալով Ատրպէյճանի ցեղասպանական գործողութիւններու միջոցով Արցախի ցեղային զտումը, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համաձայնագիրի շուրջ ընթացող բանակցութիւնները, յատկապէս ատրպէյճանական սպառնալիքները, Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք փաստացի ներխուժումն ու բռնագրաւումը եւ այլն: Մտահոգութիւններ հնչած են նաեւ Քանատայի կառավարութեան` Թուրքիա ռազմական արհեստագիտութեան արտահանման արգելքը վերացնելու մասին վերջին որոշման վերաբերեալ: 2020 թուականի Հոկտեմբերի սկիզբը Օթթաուան կասեցուցած էր դէպի Թուրքիա ռազմական նշանակութեան արտադրանքի արտահանման թոյլտուութիւնները` մասնաւորապէս այն սարքաւորումները, որոնք Թուրքիան կ՛օգտագործէր իր անօդաչու թռչող սարքերուն մեջ, որոնք ալ այնուհետեւ կ՛ուղարկուէին դէպի Ատրպէյճան եւ կ՛օգտագործուէին 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ հայերը թիրախաւորելու համար:
Դեսպան Թըրները վերահաստատած է իր կառավարութեան դիրքորոշումը առ այն, որ պէտք է յարգուի Արցախի ժողովուրդի վերադարձի իրաւունքը, եւ որ Քանատան վճռականօրէն կ՛աջակցի Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան, ինչի վկայութիւնն է Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան մասնակցելու իր որոշումը` ի պատասխան Հայաստանի իշխանութիւններուն պաշտօնական խնդրանքին: Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը տեղակայուած է Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի հայկական կողմը 2022 թուականի հոկտեմբերէն` նպատակ ունենալով նպաստել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի բնակչութեան եւ, կարելիութեան պարագային, անոնց իշխանութիւններուն միջեւ վստահութեան ամրապնդման:
Քանատայի դեսպանը նաեւ վերահաստատած է, որ քանատացի արտահանողներուն ծանուցուած է առ այն, որ նոր պաշտպանական արտահանման համար դիմումները կը պահանջեն հաւաստիացումներ Թուրքիայէն, ուր կը նշուի, որ արդեօք տրամադրուած արհեստագիտութիւնը պիտի վերաարտահանուի երրորդ կամ ՕԹԱՆ-ի անդամ չհանդիսացող երկիրներ, եւ արդեօք անոնք պիտի ներառուի՞ն սպառազինութեան մէջ:
90 վայրկեան տեւողութեամբ հանդիպումը աւարտեցաւ երկուստեք պատրաստակամութեամբ` շարունակելու նման հանդիպումները ապագային եւ կարելիութեան պարագային համագործակցելու փոխշահաւէտ նախաձեռնութիւններով` տարբեր ոլորտներու մէջ ամրապնդելու Քանատա-Հայաստան յարաբերութիւնները:
Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան եւ Քանատայի դեսպանատան քաղաքական խորհրդական Ահարոն Քոուն: