Մարդկային հաւաքականութիւնները կը ձեւակերպուին նախ բնական ծնունդով, ապա տարածաշրջանէ մը այլ տարածաշրջան՝ հաւաքական գաղթի միջոցով:
Հայկական գոյացած Սփիւռքը իրականութիւն էր նոյնիսկ Հայոց Ցեղասպանութենէն առաջ ու ծաւալած էր անկէ ետք:
Հայրենամերձ գաղութներէն սկսեալ մինչեւ հեռու ցամաքամասեր հայ մարդը միշտ ալ հայրենիքի վեհ գաղափարը վառ պահած է իր սրտին մէջ, փորձած է մարմնաւորել հայրենիքը իր մտային պատկերին համեմատ. Սփիւռքի մէջ հայը իր քաղաքացիական պարտականութիւններուն կողքին ընկերային, մշակութային, տնտեսական, քաղաքական եւ պահանջատիրական իր իրաւունքները կիրարկած է, շնորհիւ Սփիւռքի ղեկավարութեան հետապնդումներուն:
Համեմատական կշռոյթով Սփիւռքը եւ իր ղեկավարութիւնը աշխատած են բարձր պահել հայրենիքի գաղափարին վեհութիւնը հայ զանգուածներուն մօտ՝ իբրեւ բացարձակ արժէք, նաեւ հաւատացած են հայրենիքի ֆիզիքական եւ բարոյական զոյգ արժէքներու կարեւորութեան:
Գիտակցած են հայ ազգագրական եւ հայրենակցական բարքերուն ու սովորութիւններուն դերին ազգապահպանման գործին մէջ:
Զարկ տուած են ազգային երաժշտութեան զարգացումին, հայ մշակոյթին ուսուցման եւ պահպանումին, արեւմտահայ գրականութեան եւ հայագիտութեան տարածումին, կրթական մշակներու պատրաստութեան եւ հայթայթումին:
Դաստիարակած են սերունդներ ազգային գաղափարախօսութեան հիմքերով, օգտագործելով նաեւ արդի միջոցներ:
Հայ եկեղեցւոյ երեք յարանուանութիւններու գործունէութիւնը ծառայեցուցած են ազգին եւ հայրենիքին:
Թափանցած են հայ իրողութեան այլազանութեան մէջ, որմէ ձեւակերպած են ազգային ուժ՝ ի սպաս հայրենիքին, ոչ թէ՝ հակառակը:
Պահած պահպանած են հայրենասէր եւ ազգասէր տարրը, նաեւ պաշտպանած են հայրենանպաստ միտքերն ու
գաղափարները:
Քուէարկած են ազգին նպատակներուն իրականացման օգտին՝ հայրենիքը միշտ բարձր դասելով:
Բացատրած են հայրենիք հասկացութիւնը՝ որպէս ազգին ծառայող կեդրոնական մարմին, միասնական մտածողութիւն ձեւաւորող, միացեալ կեցուածք դրսեւորող կողմ:
Հայկական Սփիւռքը իր ընթացքով դարձաւ հայ մարդուն քաղաքական պատուանդանը, որուն միջոցաւ կարողութիւն ունեցաւ արտաքին դրական յարաբերութիւնները ծառայեցնելու հայրենիքին, միաժամանակ դարձաւ պարարտ միջավայր՝ ուր հայ անհատը առանց խտրականութեան կարելիութիւն պիտի ունենար զարգացնելու իր սեփական տնտեսութեան կարելիութիւնները, որոնք երբեմն դժուար իրագործելի կը մնային հայրենիքի մէջ:
Հայոց Ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան ծիրէն ներս Սփիւռքը իր լաւագոյններու որոշումով եւ ներգործութեամբ, կարողութիւն ունեցաւ պատժելու դահիճները, նաեւ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը ուղղելու դէպի մեր արդար դատը:
Սփիւռքը իր պատկառելի մասնակցութիւնը բերած է նաեւ Արցախի ազատագրական պայքարին մէջ:
Հայրենի իրարայաջորդ իշխանութիւնները օգտուելու փոխարէն Սփիւռքի ոչ նուազ քաղաքական փորձէն ու տնտեսական կարելիութենէն, փորձած են զանազան միջոցներով Սփիւռքը կառավարելի դարձնել: Համագործակցելու փոխարէն պառակտումի սերմեր ցանելով մէկ ազգի զաւակներուն սրտերուն ու հոգիներուն մէջ, որոնց բացասական հետեւանքները կ’արտացոլան հայ քաղաքական երկնակամարին վրայ:
Երբ հայրենիքի պետականութեան եւ իշխանութեան ներկայացուցիչները գիտակցին իրենց պարտականութիւններուն, նաեւ լաւագոյնս կատարեն զանոնք, ծանր բեռ մը կը թեթեւցնեն Սփիւռքի տառապած թիկունքէն:
Հայրենիքի նիւթական եւ բարոյական պարտականութիւններու բացակայութեան ներքոյ՝ Սփիւռքը նաեւ կը դառնայ հայրենիք, լիովին գոհացում կու տայ իր քաղաքացիներուն հոգեմտաւոր ակնկալութիւններուն:
Արամ Աւագեան