Վաղը բոլորս միասնաբար պիտի տօնենք մեր հաւատքի ախոյեան, բարոյական յաղթանակի, քրիստոնէական անշէջ կրօնքի պահպանման ռահվիրաներու՝ Սրբոց Վարդանանց տօնը:

Այսօր պատմութենէն աւելի պիտի խօսիմ անոր հոգեւոր եւ ազգային կէտերուն մասին: Բոլորս ալ քաջատեղեակ ենք պատմութենէն, թէ պարսիկները ինչպէ՛ս փորձեցին մեր կրօնքը ձուլման ենթարկել եւ վերջ տալ քրիստոնէութեան Հայաստանի սահմաններէն ներս: Սակայն չկարողացան այդ մէկը իրականացնել եւ 5-րդ դարուն տեղի ունեցաւ հռչակաւոր պատերազմը Տղմուտ գետին մօտ:

Վարդանանց պատմութիւնը առարկայական պատմութիւն մը չէ, առասպել մը չէ: Անոր մէջ գոյութիւն ունի իսկական նպատակ մը, եւ նպատակը ինչ է եթէ ոչ հաւատքի պահպանումը: Ամէնէն շատ յիշատակուած, փառաբանուած եւ միեւնոյն ատեն քննարկուած դէպքերէն մէկը մեր պատմութեան մէջ: Որքան տեսութիւններ կան անոր մասին յանուն առարկայականութեան:

Սակայն, Վարդանանց շարժումը ամէն բանէ առաջ եւ վեր՝ հաւատքի եւ համոզումներու համար մղուած գաղափարական պայքար մըն է: Վերցուցէ՛ք այդ գաղափարականը, եւ անիկա կը կորսնցնէ իր ինքնութիւնը, կը դադրի ըլլալէ այն՝ ինչ որ է իրականութեան մէջ եւ կը դառնայ հոգիէն պարպուած մարմին, որ ո՛չ կը շնչէ, ոչ ալ կը խօսի:

«Վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց». այս էր այն մեծագոյն եւ նուիրական նշանաբանը, որուն շուրջ խմբուեցաւ հայ ազգը, Աւարայրի ճակատամարտին, Վարդանի սուրին եւ Ս.Ղեւոնդի խաչին ներքեւ: Անոնք համոզուած էին, որ այդ նշանաբանին երկու սկզբունքները անբաժան են իրարմէ, ու այնպէս ինչպէս թռչունի մը երկու թեւերէն մին կտրուելով կարելի պիտի չըլլար շարունակել թռիչքը, նոյնպէս ալ հայը չէր կրնար սաւառնիլ մէկ թեւով։ Այն օրէն, երբ Ս. Գրիգոր լուսաւորեց մեր հոգին, պարսիկները կ’ուզէին մեզ կրօնափոխ եւ ազգափոխ ընել:

Կարողացա՞ն: Ո՛չ: Ինչո՞ւ: Ի՞նչ ըրին Վարդանանք եւ ինչո՞ւ անոնք օրինակ կը հանդիսանան մեզի մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ: Այսօր երբ մենք կը խօսինք Վարդանանց հերոսամարտին մասին, անհրաժեշտ է արժեւորել ու հետեւութիւններ քաղել հերոսական այս դրուագէն:

Ի՞նչ էր Վարդանանքը, կրօնակա՞ն, քաղաքակա՞ն, տնտեսակա՞ն, թէ՝ ազատագրական պայքար մը: Կը հետեւցնենք, որ գոյութեան պայքար մըն էր, կրօնափոխութիւնը կանխող ազատագրական շարժում մը, որ կրցաւ ինքզինք պարտադրել հաւատքի զօրութեամբ:

Հոս անհրաժեշտ կը գտնենք ընդգծել պատմական ճշմարտութիւն մը, որ յաճախ սխալ ըմբռնուելով` պատճառ հանդիսացած է նաեւ Վարդանանց ապստամբութիւնը ներշնչած եւ առաջնորդած սերունդին հասցէին կատարուած անճիշդ վերագրումներու: Վարդանանք, կրօնական մոլեռանդութեամբ կուրցած, անհեռատես եւ անիրատես քաղաքականութեան մը զոհերը չէին, ո՛չ ալ անոնց ապստամբութիւնը դատապարտուած էր իր սաղմին մէջ խեղդուելու: Անոնք գիտակցութիւնը ունէին, որ իրենց բարձրացուցած ապստամբութեան դրօշը շուտով իրենց արեամբ պիտի ներկուէր, բայց քաղաքական այն հեռաւոր նպատակները` ազատագրել Հայաստանը պարսիկներու լուծէն եւ միացեալ ինքնավար Հայաստանի մը մէջ վերականգնել հայկական կործանած պետականութիւնը քրիստոնեայ կայսրութեան հովանիին տակ, զիրենք կանգնեցուցած էր պատմական իմաստութեան եւ ազգային ձգտումներու հիմերուն վրայ: Բայց կար անշուշտ եւ ամէնէն առաջ գոյութեան կռիւը, լինելութեան` ըլլալու եւ չըլլալու, որպէս ազգ գոյատեւելու, ոչ թէ պատմութեան եւ աշխարհի երեսէն բնաջնջուելու հրամայականը:

Վարդանանք միշտ կան եւ պիտի մնան, ոչ որպէս զինուորներ, այլ որպէս հաւատքի ասպետներ:
Անոնք պատերազմեցան յանուն հաւատքի, յանուն Քրիսոտսի թափած արեան եւ զոհողութեան:

Անոնք պատերազմեցան որպէսզի Առաքելական հաւատքը միշտ շողայ Արարատի լանջին, Հայաստանի կապուտակ երկնքին վերեւ:
Անոնք գիտակցաբար դաշտ գացին, հաւատքի պատերազմ մղելու համար, որովհետեւ հաւատքը իրենց համար ոչ միայն զրահ մըն էր՝ այլ պինդ ու ամուր պատնէշ մըն էր ձուլման հոսանքին դիմաց, անաստուածութեան դիմաց: Անոնք հաւատքը դարձուցին իրենց «արեան գոյնին» նման կարմիր, առանց վարանելու կամ տատամսելու:

Վարդանանց պատերազմը գաղափար մը, տեսլական մը ունէր։ Այդ գաղափարը պահել ու պահպանելն էր հաւատքը, հայրենիքը եւ մշակոյթը:

Իւրաքանչիւր անհատ այս աշխարհին մէջ նպատակ մը ունի՝ բանի մը հասնելու եւ կամ զայն ձեռք ձգելու, իսկ Վարդանանք մէկ գաղափար ունէին, յստակ եւ պարզ՝ Հաւատքի պահպանում: Հայրենիքը, եկեղեցին եւ հաւատքը դարձուցած էին իրենց ներշնչման աղբիւրը:

Որեւէ պետութեան մէջ զինուորը կատարելիք մը ունի, վեհ պարտականութիւն մը, պատասխանատուութիւն մը ունի, այդ ալ հայրենիքի սրբազան պաշտպանութեան առաքելութիւնն է: Հայոց պատմութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս զանազան պետութիւններ ի մի գալով փորձեցին խլել հայրենիքը մեր ձեռքէն, սակայն Հայ զինուորը մնաց եւ պիտի մնայ պահապան հրեշտակը հայրենի աշխարհին, զայն հեռու պահելով թշնամիին ծուղակէն:
Վարդանանքը մեզի կը սորվեցնէ հայրենասիրութեան եւ հայրենանուիրումի գաղափարը: Վարդանանց քաջերուն համար երկնքի արքայութիւնը դարձաւ հայրենիք, իսկ երկիրը՝ մայրենի հող: Իրենց համար հայրենիք գոյութիւն չունէր առանց հաւատքի, իսկ հաւատք առանց հայրենիքի:

Ուրեմն նորահաս սերունդին պարտաւորութիւնն է լեցուիլ Վարդանանց խորհուրդով, վերստին ծնիլ անոնց կրակի եւ արեան մկրտութեամբ, հաղորդուիլ այդ լոյսի ասպետներուն լոյս տեսիլքով, որպէսզի անխորտակ վճռակամութեամբ, «Վասն Յիսուսի եւ վասն հայրենեաց» մղուելիք նոր պատերազմներու մէջ յաղթական դուրս գան` իբրեւ նոր Վարդանանք:

Վարդանանց պատերազմը չէ վերջացած, այլ պիտի շարունակուի՝ այնքան ատեն, որ ոտքի կանգնած ձիւնազարդ գագաթ մը կայ օտարին լուծին ներքեւ, այնքան ատեն որ հայ սիրտ մը կը տրոփէ ու հայերէնը կը բարբառի այս երկրագունդին վրայ:
Վարդանանց երկնաբնակ սերունդը այսօր կոչ կ’ուղղէ համայն հայութեան, որ միանան իբրեւ մէկ ժողովուրդ, մէկ ազգ, յանուն մեր նահատակներուն, յանուն այսօրուան մեր հանրապետութեան, յանուն վաղուան մեր վառ ապագային, յանուն մեր մշակութային արժէքներուն պահպանման եւ վերջապէս՝ յանուն մեր ժողովուրդին ամբողջական երազներուն եւ ձգտումներուն իրականացման:

Համայն հայութեան պարտաւորութիւնն է ուխտել՝«Նախնեաց ոգիով ու նախնեաց շաւիղով թրծուիլ ու պատրաստակամ ըլլալ մեռնելու, պաշտպանելու համար մեր նախնեաց մեզի կտակած սուրբ հաւատքը, պատիւն ու ազգը, սիրել հայրենիքը ամէն բանէ աւելի, կռուիլ եւ ի հարկին զոհուիլ անոր համար»:

Արմէն Աբեղայ