Իրան անդրադարձած է Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի հերթական յարձակումին՝ կրկնելով վէճերը խաղաղ ճանապարհով լուծելու կոչը։
Անդրադառնալով Հայաստանի Սիւնիքի մարզի Ներքին Հանդ բնակավայրի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու կրակոցներուն, որոնց հետեւանքով Հայաստան 4 զոհ ունի՝ Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Նասեր Քանաանին յայտնած է, որ Իրան մտահոգուած է սահմանային լարուածութեամբ։
Քանաանի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի կոչ ուղղած է զսպուածութիւն ցուցաբերելու։
Ան դիտել տուած է, որ երկխօսութիւնն ու դիւանագիտութիւնը միակ ճամբաներն են կովկասեան տարածաշրջանին մէջ կայուն եւ մշտական խաղաղութեան հասնելու համար՝ միաժամանակ կոչ ուղղելով երկու երկիրներուն արագցնելու խաղաղութեան համաձայնագրին հասնելու ջանքերը։