Փետրուար ամիսն է: Քեսապի լեռնային ցուրտն ու հովը կը յուշեն, որ յաջորդ օրերուն ձիւն պիտի տեղայ:
Առտու կանուխ արթնցայ, ինչպէս ամէն դպրոցական օր, ու հազիւ գլուխս բարձէն վեր բարձրացուցած դիմաւորեցի արշալոյսի առաջին ճառագայթներն ու արեւը:
Այս անգամ սակայն զմայլած դուրս ելայ անկողինէս՝ վայելելու սպիտակ ձիւնը, որ պատած էր ամէնուրեք:
Ծառերուն ոստերը սիրով գրկած էին ձիւնի փաթիլները, իսկ մշտադալար ծառերը տարբեր ճոխութիւն մը ստացած էին՝ իրար միացնելով սպիտակն ու կանաչը: Դեռ ելեկտրականութեան թելերը, ցուիքները եւ ճամբաները:Մէկ խօսքով ձիւնի փաթիլները ամէն տեղ սպրդած էին:
Ձիւնը ակամայ արձակուրդ պարտադրեց, որովհետեւ Քեսապի ձիւնածածկ, գահավէժ, զառիվեր-զառիվար ճամբաներուն վրայ դպրոցներու ինքնաշարժներուն վտանգ կը սպառնայ:
Ձիւնը շարունակ կը տեղար, անոր փաթիլները մեղմօրէն ու հանդարտ, օրօրալով-շորորալով վար կ’իջնէին՝ տեղաւորուելով ամէնուրեք:
Փոքրիկներն ալ ուրախ եւ եռանդուն էին զայն տեսնելով, սակայն պապուկին ուրախութիւնը անսահման էր. «Ձիւնը թէ՛ մարդոց, թէ՛ բնութեան համար կարեւոր է, ձիւն տեղացած տարին հիւանդութիւնները կը նուազին։ Ամէնէն կարեւորը՝ ձիւնը պարտէզներուն համար լիարժէքօրէն օգտաշատ է», կը մտմտար:
Հետզհետէ ձիւնի փաթիլները աւելի խոշոր դարձան եւ սկսան զիրար հրել, հրմշտկել: Անոնք գետին հասնելու համար երբեմն մրցում կ’ընէին, որոնք ձեռք-ձեռքի տուած, համախոհութիւն կազմած, աւելի արագ կը հասնէին՝ մրցող փաթիլներուն յաղթելով:
Փոքրերուն ուրախութիւնը անսահման էր: Անոնք կարծէք սուսերամարտի երաժշտութեան հետեւողութեամբ նստարանէ-նստարան եւ պատուհանէ-պատուհան կ’ոստոստէին: Մեծ մայրը զանոնք հանդարտեցնելու համար կը յորդորէր. «Շատ մի՛ նայիք ձիւնին, հիմա կ’ամչնայ ու ալ վար չ’իջնէր»։ Փոքրերը անոր ըսածին հաւատալով չէին ուզեր, որ ձիւնը իրենց պատճառով կանգ առնէր ու կը փորձէին քիչ մը հանդարտիլ: Անոնք իրենց աչքերուն ծայրով ձիւնին կը հետեւէին։ Ու ինչքան սաստկանար, այնքան կը հրճուէին փոքրերուն սրտերը։
Անոնց ուրախութեան ճիչը կը բարձրանար՝ ձիւնին տակ մրսած թըռչուններու ճլվլոցին հետ խառնուելով։ Նախաճաշի հրաւիրող մօր ձայնն անգամ չէին լսեր, իսկ մայրը ականջ կու տար անոնց դժգոհանքին՝ «Ե՞րբ ձիւնով պիտի խաղանք։ Երբ ձիւնեմարդ պիտի շինենք»:
Նախաճաշէն ետք, պապուկին ու մեծ մամային խոստացած անակնկալը զմայլեցուց զիրենք: Մեծ մամային բռնած ափսէին վրայ տեղաւորուած էր ձիւնով լեցուն մեծ պնակը, անոր կողքին ռուպի պնակը (խաղողի ջուրով պատրաստուած խոյս): Փոքրերուն աչքերը փայլեցան։ Մեծ մայրը անոնց ուշադրութիւնը պատուհաններէն ներս հրաւիրեց:
Պապուկը յանձն առաւ պնակները ձիւնով լեցնելու արարողութիւնը: Անոնց բացատրեց թէ ի՛նչ կը նշանակէ «ղարսամպաճ»-ը, ապա դգալ մը փափուկ ձիւնէն վերցնելով պնակին մէջ դրաւ, շեշտելով որ ձիւնը պէտք է մաքուր տարածութենէ հաւաքուած ըլլայ, ինչպէս մեծ մաման ըրած էր։ Յետոյ ձիւնին վրայ առատ ռուպ աւելցնելով բաժնեց բոլորին: Անշուշտ ընթացքին ան առիթը չկորսնցուց ռուպի օգուտներուն մասին խօսելու եւ անոր գովքը հիւսելու: Ան ըսաւ նաեւ, որ «ղարսամպաճը» թութի օշարակով ալ համով կ’ըլլայ։ Ի՜նչ հոգ… փոքրերը ձիւնն ու ռուպը արդէն կուլ
տուած էին:
Իսկ ձիւնը առանց ձիւնեմարդի ի՞նչ արժէք ունի…: Ամէնէն փոքրիկն իսկ կը փորձէր մօր համոզել. «Մա՛մ, նայէ՛ ձիւնով ծածկուած ծառի ճիւղին կանգնած թռչունին, ինչ պզտիկ է, ոտքերը՝ բարակ, մայրը նոյնիսկ տաբատ չէ հագցուցած իրեն, բայց ուրախ զուարթ ձիւնով կը խաղայ»։ Ուրեմն՝ օ՛ն… ու ձեռնոցներով, գլխարկներով, երկարավիզ մոյկերով եւ վզնոցներով պատսպարուած դուրս վազեցին՝ ձիւնեմարդ շինելու:
Փոքրիկները հօր հետեւողութեամբ սկսան ձիւն հաւաքել, ձիւնի կտորները դիզել, ապա մեծ գունդի վերածել։ Ահա ձիւնամարդուն փորիկը պատրաստ էր, ուրիշ աւելի փոքր գունդով մըն ալ անոր գլուխը տեղաւորեցին մեծ գունդին վրայ: Անոնցմէ ամէնէն փոքրը գործուղուած էր տուն, որպէսզի ձիւնեմարդուն քիթը՝ ստեպղինը եւ աչքերը՝ սեւ ձիթապտուղները բերէ: Մինչ հայրը անոր փորին վրայ երեք հատ խոշոր քար տեղաւորեց՝ կոճակի տպաւորութիւն տալու, ձեռքին ճիւղ մը բակցուց, վզնոցն ու գլխարկը տեղաւորեց անոր գլխուն վրայ, որպէսզի ձիւնեմարդը չպաղի:
Մեծ մաման ու մաման պատուհանէն իրենց անհատնում թելադրութիւնները կ’ուղղէին: Անոնք թէեւ ուրախ էին փոքրերուն ուրախութեամբ, սակայն մտահոգ էին, որ անոնք չմրսին ու չհիւանդանան: Վերջապէս անոնք մայրեր են ու մօր սիրտը որքան զաւակներուն սիրով յորդի, այնքան թելադրութիւններ դուրս կու գան անոնց շրթներէն:
Մեծ մայրը մտահոգ էր: Ան կը մտաբերէր իր անհոգ ու անխոհեմ երիտասարդութեան օրերը, ձիւնոտ օրերու սէրն ու հրճուանքը, երբ ամէն ինչ խելքով չէր չափեր: Իսկ այսօր կը մտածէր, որ ձիւնի առաջին օրը հաճելի ու սիրուն է, սակայն թոռները չեն գիտեր թէ վաղը իրենց ի՛նչ կը սպասէ: Այս սիրուն ձիւնը գիշերուան պաղէն պիտի սառի ու վաղը անոր վրայ քալելը անկարելի պիտի դառնայ: Մարդիկ անհրաժեշտ գնումներու համար պէտք է դուրս գան: Անոնք ոչ սառած ձիւնը գիտեն, ոչ ալ զառիվերն ու զառիվարը: Անոր պիտի յաջորդէ ելեկտրականութեան հոսանքի անջատումը՝ փոթորիկին գործած աւերներուն եւ ելեկտրական թելերուն վրայ կուտակուած ձիւնի ծանրութեան հետեւանքով: Ապա՝ ցուրտին հետեւանքով ջրմուղ խողովակներուն սառչիլը եւ ինքնաշարժներու անդամալուծուիլը: Այլ խօսքով՝ ձիւնին հաճոյքը վայելելուն պիտի յաջորդեն ձիւնին դառն հետեւանքները:
Ակնթարթի մը մէջ այս բոլորը շարժապատկերի նման մեծ մօր աչքին ու մտքին մէջ տողանցեցին: Սակայն ան չուզեց փոքրիկներուն զուարճանքն ու ձիւնին առթած հաճոյքը խանգարել: Վաղը անոնք ալ կը մեծնան ու կեանքի փորձառութիւնները ձեռք կը ձգեն, կը սորվին ու կ’իմանան, այն ատեն իրենք ալ իրենց զաւակները սիրով կը զգուշացնեն, սակայն թոյլ կու տան, որ անոնք ալ իրենց կարգին փորձառութիւն ձեռք ձգեն…:
Մեծ մայրը դէմքը լայն ժպիտով մը զարդարած կը կրկնէր.
Ձիւն՝ սպիտակ ձիւն
Արծաթէ թիթեռնիկներ
Իմ անցած մանկութիւն…:
Սեւան Ա. Մանճիկեան