Կազմակերպութեամբ Քեսապի հայ երեք համայնքներուն, Հինգշաբթի, 8 Փետրուար 2024-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, յետ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց տօնակատարութիւն:
Օրուան հանդիսավարն էր Սօսի Կարճիկեան:
Տօնակատարութեան սկիզբը հանդիսականները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին նահատակներուն յիշատակը:
Բացման խօսք արտասանեց Քեսապի հայ Կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ Գերապատիւ Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան։ Ան իր խորհրդածութիւնը սկսաւ սփիւռքահայ դիտանկիւնէն եւ ըսաւ.« Ինչ որ Վարդանանք ըրին՝ կամաւոր էր: Կրնային չընել: Կրնային յանձնուիլ ու ազատիլ տառապանքէն ու մահէն: Ըրին, որովհետեւ կը հաւատային իրենց արարքին ճշմարտութեան: Ըրին, որովհետեւ սկզբունք մը ունէին, որուն շուրջ կը դառնար իրենց կեանքը: Պատգամը, որ ներշնչող է, արարքին կամաւորաբար եղած ըլլալն է: Բարձրագոյն առաքինութիւնը՝ կամաւոր ընտրութիւնն է, որ կը բխի հաստատ համոզումներէ»:
Գեղարուեստական յայտագիրը սկիզբ առաւ Հայ Աւետարանական Կիրակնօրեայ դպրոցի խումբ մը աշակերտներու «Մենք Քաջ Վարդանի Տոհմէն Ենք», «Հաւատքս Չեմ Մոռանայ» երգերով: Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարանէն խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին կենդանի պատկեր մը վարդանանցի նուիրուած: Հայ Աւետարանական Նահատակաց Միացեալ վարժարանի մանկապարտէզի փոքրիկները արտասանեցին «Քաջ Վարդան Մամիկոնեան», որմէ ետք Քարլա Աթիկեան ասմունքեց Վահան Թէքէեանի «Վարդանանք» քերթուածը:
Օրուան պատգամը եւ խորհուրդը ուղղեց Քեսապի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Հայր Եսայի Աբղ. Էօրտէքեան: Հայր սուրբը ամփոփ պատմական մը ներկայացնելէ ետք շեշտեց, որ Աւարայրի ճակատամարտը եթէ տեղի չունենար մենք հայ չէինք մնար։ Վարդան Մամիկոնեան իր սուրին զօրութեամբ, Ղեւոնդ Երէց իր հաւատքով կռիւի դաշտ գացին յանուն հայրենիքի եւ կրօնքի պահպանման։
Հայր սուրբը նկատել տուաւ, որ այսօր եւս որպէս հայութիւն սփիւռքի մէջ կը պայքարինք, որպէսզի պահենք մեր ինքնութիւնը, ապա եզրափակելով իր խօսքը ըսաւ .«Աստուծոյ վստահելով պահպանենք մեր հաւատքը, ըլլանք զօրաւոր եւ միասնակամ, երբեք չտկարանանք դժուարութիւններուն դիմաց, յաղթական դուրս գանք ու միշտ ներշնչուելով Վարդան Մամիկոնեանի հաւատքէն շարունակենք մեր կեանքը»:
Գեղարուեստական յայտագիրը
շարունակուեցաւ Համազգայինի «Հ.Օհանջանեան» մսնճ.-ի «Կիլիկիա» երգչախումբի եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրաց դասի միասնական կատարումովը «Իմ Հայրենեաց Հոգի Վարդան», «Նորահրաշ» երգին եւ շարականին, խմբավարութեամբ Հայր Եսայի Աբղ. Էօրտէքեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Անի Պոյմուշակեանի: Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ ճեմարանի աշակերտ Կարօտ Արծիւ Սարգօ ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Քիչ Ենք, Բայց Հայ Ենք» քերթուածը, տուտուկի ընկերակցութեամբ Ժոզէֆ Արամեանի:
Քեսապի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրաց դասէն Սիլվա Լնդեան մեներգեց « Լռեց»-ը, որմէ ետք երգչախումբը շարունակեց Վարդանանցի նուիրուած երգերը՝ « Հիմի Էլ Լռենք», «Կարմիր Վարդան»:
Օրուան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Հայ Աւետարանական համայնքի հոգեւոր հովիւ Պատուելի Շանթ Ակիշեան: Ան շեշտը դրաւ Հաւատքի կարեւորութեան վրայ եւ ըսաւ .«Հաւատքը կրնանք պահել, երբ զայն կ’ապրինք մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ։ Միայն ապրուած հաւատքն է, որ կը շարունակուի իրականութիւն մնալ մեզի համար։ Ապրուած հաւատքը` Աստուծոյ վախով, իր խօսքին առաջնորդութեամբ, իրեն վստահելով եւ իր զօրութեամբ ապրիլն է։ Ապրուած հաւատքը` հաւատքի եւ եկեղեցւոյ սկզբունքներուն հաւատարիմ մնալն է։ Ապրուած հաւատքը նոր սերունդը Աստուծոյ շնորհքին եւ առաջնորդութեան ուղղելն է»։
Տօնակատարութեան աւարտին ներկաները երգչախումբին հետ միասնաբար երգեցին «Կիլիկիա» մաղթերգը, ապա օրուան տօնակատարութիւնը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով:
Դալար Թութիկեան