Երեքշաբթի, 13 Փետրուար 2024-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս հիւրընկալեց Բերիոյ Հայոց Թեմի «Գանձասար» պաշտօնաթերթի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեանը։

Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, «Գանձասար»-ի խմբագիրը անդրադարձաւ տպագրուող թերթին, կայքէջին եւ դիմատետրի էջին միջոցով խմբագրակազմին տարած գործունէութեան։ Ան անդրադարձաւ 2024 տարուան «Գանձասար-Բացառիկ»-ի պատրաստութեան աշխատանքներուն եւ անոր բովանդակած հարուստ նիւթերուն։ Այս առիթով, ան օրինակ մը նուիրեց Սրբազան Հօր։

Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով, գնահատեց «Գանձասար»-ի խմբագրակազմին կատարած յոյժ կարեւոր գործունէութիւնը, որ իրողապէս հայ մամուլը ներկայութիւն կը դարձնէ մեր առօրեայ կեանքէն ներս, եւ կատարեալ յաջողութիւն մաղթեց անոր։