Երեքշաբթի, 13 Փետրուար 2024-ի յետմիջօրէին, քառասնօրեայ Մանուկ Յիսուսի տաճար ընծայման տօնը՝ Տեառնընդառաջը հանդիսաւորապէս յիշատակուեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս։
Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան Տեառնընդառաջի նախատօնակի արարողութեան հանդիսապետեց եւ իր հայրական պատգամը ժողովուրդին ուղղեց Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ, մեծաթիւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ:
Հոգեկան ցնծութեամբ, ծնողները իրենց զաւակներով մասնակից դարձան արարողութեան: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Անդաստանի արարողութիւն կատարեց, ապա իր հայրական պատգամը ուղղեց ժողովուրդին, բնաբան ունենալով օրուան աստուածաշնչական հատուածը (Ղկ 2.22-40), ուր կը յիշուի Մանուկ Յիսուսին տաճար ընծայումը:
Սրբազան Հայրը բացատրելով աստուածաշնչական հատուածը, դիտել տուաւ, որ անոր ընդմէջէն կը պարզուի, թէ Տէրը, որ երկինքի մէջ կ’ընդունի փառք, պատիւ եւ երկրպագութիւն, Ինք Մարիամ Աստուածածինի ճամբով կու գայ եւ Աստուծոյ կը նուիրուի: Այլ խօսքով, Քրիստոս թէ՛ Ինքզինք Աստուծոյ կ’ընծայէ Մարիամի ճամբով, եւ թէ՛ մարդացած վիճակով Ինքզինք կ’ընծայաբերէ համայն մարդկութեան փրկութեան համար: Ան յայտնեց, թէ երկրորդ Ադամը՝ Քրիստոսը եկաւ Ադամի եւ Եւայի անհնազանդութեան պատճառով դատարկուած հայր-որդի յարաբերութիւնը վերահաստատելու:
Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ մեր զաւակները Ս. Խորանին ընծայելու գործընթացը թատերաբեմական երեւոյթ պէտք չէ ըլլայ, այլ խորապէս, Քրիստոսի նման Աստուծոյ պատկանելով եւ Տիրոջ պատուիրաններուն համաձայն ապրելով:
Սրբազան Հայրը հաստատեց, թէ Քրիստոս է լոյսը: Երբ լոյսը ունենանք, խաւարի մէջ չենք մնար, որովհետեւ լոյսն է որ մեզի ուրախութիւն, երջանկութիւն եւ յաջողութիւն կը պարգեւէ: Ան նշեց, թէ այսօր ոչ թէ մենք կը մօտենանք Մանուկ Յիսուսին, այլ Մանուկ Յիսուսի միջոցով Աստուծոյ կ’ընծայաբերուինք: Հետեւաբար, Տեառնընդառաջի տօնին խորհուրդով լուսաւորուած, ան հրաւիրեց ներկաները՝ լոյսը աղօթքով իրենց տուները տանելու, որպէսզի Սուրբ Հոգիին առաջնորդութեամբ եւ Քրիստոսի կենդանի լոյսով, այն ինչ որ Աստուած կը շնորհէ՝ լաւապէս արժեւորեն:
Աւանդութեան համաձայն, ծնողները իրենց փոքր զաւակները ընծայաբերեցին Ս. Խորանին, ստանալու համար Աստուծոյ օրհնութիւնը:
Այնուհետեւ, հաւատացեալներուն մոմերը լուսաւորուեցան Սուրբ Խորանի կանթեղին լոյսով։ Ապա, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հանդիսաւոր թափօրով ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ շրջափակը, ուր տեղի ունեցաւ աւանդական խարոյկի հրավառութիւն, որուն ընթացքին եկեղեցւոյ դպրաց դասը մատուցեց փունջ մը շարականներ եւ հայրենասիրական երգեր:
Հաւատացեալները լապտերներով Քրիստոսի լոյսը խորհրդանշող ճրագը իրենց տուները տարին, Տիրոջ կենդանի լոյսով օրհնելու իրենց բնակարանները: