Թեհրանի Հայ Դատի Յանձնախումբին հրաւէրով Հայաստանէն Իրան ժամանած Արցախի Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Մոսիյեան այս անգամ Նոր Ջուղայի Հայ Դատի Յանձնախումբին հրաւէրով 19-20 Փետրուարին Նոր Ջուղայ այցելեց։
Երկօրեայ այցելութեան ընթացքին, Արթուր Մոսիյեան հանդիպումներ ունեցաւ Սպահանի Հայոց Թեմի Պատգամաւորական ժողովի եւ Թեմական Խորհուրդի անդամներուն հետ, որոնց ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ բռնի տեղահանուած արցախահայութեան ընկերային-տնտեսական ներկայ կացութեան ու Հայաստանի մէջ անոնց իրաւական կարգավիճակին:

Ազգային մարմիններու ներկայացուցիչները իրենց զօրակցութիւնը յայտնելով Արցախի հայութեան, կարեւորութեամբ ընդգծեցին առկայ ճգնաժամը յաղթահարելու նպատակին շուրջ համահայկական ողջ ներուժի համախմբումին անհրաժեշտութիւնը եւ խոստացան անցեալին եւ ներկայիս բոլոր կարելիութիւններով նեցուկ կանգնիլ արցախահայութեան։

Հանրային Կապ՝ ՍՀԹ Ազգային Առաջնորդարանի