ՏՕՆ ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՔԱՌԱՍՆՕՐԵԱՅ ԳԱԼՍՏԵԱՆ ՏԻԱՌՆ ՄԵՐՈՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Երեքշաբթի, 13 Փետրուար 2024-ի երեկոյեան, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Լաթաքիոյ եւ ծովափնեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Տէր Վազգէն Աւագ Քհնյ. Քէօշկէրեան կատարեց նախատօնակը Տէր Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման՝ Տեառնընդառաջի տօնին, բազմաթիւ հաւատացեալներու եւ մանուկներու ներկայութեան։
Ժամերգութեան ընթացքին կատարուեցաւ յատուկ Անդաստանի արարողութիւն եւ աւանդութեան համաձայն մանուկները ընծայուեցան Ս. խորանին։
Քահանայ հայրը դպրաց դասին ընկերակցութեամբ ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր տեղի ունեցաւ խարոյկի հրավառութիւն։
Ապա խարոյկին շուրջ Համազգայինի «Վահան Նաւասարդեան» մսնճ.-ի «Գեղարդ» պարախումբը խանդավառեց ներկաները հայկական եւ ազգային պարերով։
Հաւատացեալները ըմբոշխնեցին օրուան խորհուրդը եւ լապտերներով օրհնուած ճրագը տարին իրենց բնակարանները։
Նայիրի Կարապետեան