Ազգ․ Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն ներս աւանդական դարձած գիրքերու ցուցահանդէս վաճառքը այս տարի նուիրուած էր ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 155-ամեակին։
Երկուշաբթի 19 Փետրուարին, ցուցահանդէսին բացումը կատարեցին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Մակար Սրբ․ Եպս․ Աշգարեան, Ճեմարանի Խնամակալութեան ատենապետն ու ներկայացուցիչները, տնօրէնը, Շրջ․ Միութեան Վարչութեան ներկայացուցիչներն ու կազմակերպիչ յանձնախումբը։ Ներկայ էին նաեւ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ․ Տէր Լեւոն Վրդ․ Եղիայեան, Առաջնորդի Օգնական Հոգշ․ Տէր Մանուկ Վրդ․ Պարիխանեան եւ Հոգշ․ Տէր Արմէն Աբղ․ Քալաճեան։
Բացման խօսքով Մարիա Փայասեան ներկայացուց Յովհաննէս Թումանեանի կեանքն ու գործը՝ դիտել տալով, որ Թումանեան եղած է ժողովրդական շատ սիրուած դէմք ամբողջ Կովկասի մէջ, իրեն նման հայ մեծ մտաւորականներու հետ հիմնելով Վերնատունը ստեղծած է գրական միջավայր մը, որ իր ներդրումը ունեցած է օրուան մտաւորականութեան մէկտեղման մէջ։ Ապա դիտել տուաւ, որ Թումանեանի մահուան 85-ամեակին առիթով 2008-էն ի վեր Հայաստանի Հայ Գրողներու Միութիւնը Թումանեանի ծննդեան օրը՝ 19 Փետրուարը կը յիշատակէ որպէս գիրք
նուիրելու օր։
Շրջանաւարտից Միութեան Վարչութեան ատենապետ Հուրի Տիլպէրեան բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն ըսաւ․ «Ցուցանհանդէսին նպատակն է դուրս բերել մեր դարաններուն մէջ պահուած գիրքերը, ցուցադրել հայ գիրի եւ գրականութեան իրենց ներդրումը բերած գրողներու գործերը եւ աշակերտներն ու այցելուները հաղորդակից դարձնել անոնց, որպէսզի գիրքը շօշափեն, իրարու գիրք նուիրեն եւ այլն»։
Ցուցադրուած էին Ճեմարանի պարբերական մամուլը, շրջանաւարտներու եւ տնօրէններու հեղինակային գործեր, նոր եւ հին հրատարակութիւններ, յուշամատեաններ, բառարաններ եւ հայերէն, արաբերէն ու անգլերէն թարգմանուած գրականութիւն։
Ընթացքին կը ցուցադրուէր նաեւ Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան տարիներու ընթացքին կազմակերպած ցուցահանդէսներու տեսերիզը։
Սրբազան հայրն ու հիւրերը այցելեցին ցուցահանդէսի տարբեր բաժիններ, ծանօթացան գիրքերուն եւ ունկնդրեցին յանձնախումբի անդամներուն ներկայացուցած բացատրութիւնները։
Ողջունելի էր գիրքերու շարքին տեսնել ճեմարանի շրջանաւարտներու, ուսուցիչներու եւ հալէպահայերու հեղինակային գիրքեր, որոնք կը վկայէին Հալէպի գրական-մշակութային աշխոյժ կեանքին մասին։ Այսպէս՝ Երուանդ Փամպուքեանի (Ճեմարանի առաջին շրջանաւարտ սերունդի անդամ), Գէորգ Տօնապետեանի, Մինաս Թէօլիւլեանի, Արմէն Անոյշի, Գէորգ Պետիկեանի, Մարուշ Երամեանի, Պերճուհի Աւետեանի, Յակոբ Չոլաքեանի, Լեւոն Շառոյեանի, Յակոբ Միքայէլեանի, Մարիանա Պէրթիզլեանի, Ժիրայր Րէիսեանի եւ այլոց գիրքերէն օրինակներ կը գրաւէին ցուցահանդէսի առաջին մասը։
Հետաքրքրական էին նաեւ Ճեմարանի «Ծիլեր» աշակերտական պարբերաթերթի, Շրջանաւարտից Միութեան «Շաւիղ» պարբերաթերթի հաւաքածոները, որոնց մէջ յօդուածներ ստորագրած աշակերտներ ու շրջանաւարտներ այսօր սփիւռքի տարբեր շրջաններու մէջ կը մասնակցին ազգային, կրթական, մշակութային կեանքի աշխոյժ ընթացքին։
Շրջանաւարտից միութեան անդամները ժրաջան աշխատանքով ներկայացուցած էին պատմական, գեղարուեստական, կրօնական, մանկապատանեկան, գիտական գիրքերու գեղեցիկ համադրում մը, իրենց իսկ վարժարանի գիրքերուն կողքին հրատարակչատուներու հետ համագործակցելով։
Խրախուսելի է ցուցանհանդէսի այցելութեան հրաւիրել տարբեր դպրոցներու հայ աշակերտներ, որպէսզի թերթատեն գիրքերը, ծանօթանան ու ընթերցումի իրենց հետաքրքրութիւնը դրդեն։
Կազմակերպիչ մարմինը յայտնեց, որ ցուցահանդէսի տեւողութիւնը երեք օր նախատեսուած է։
Թղթակից