Չորեքշաբթի, 21 Փետրուար 2023-ի առաւօտեան ժամը 9:40-ին Իսրայէլ օդային յարձակումով մը հրթիռակոծեց Դամասկոսի Քաֆար Սուսէ թաղամասը։
Իսրայէլ Կոլանէն բազմաթիւ հրթիռներ արձակեց Քաֆար Սուսէյի ուղղութեամբ, թիրախ դարձնելով բնակարանային շէնք մը։
Իսրայէլեան գրոհին հետեւանքով երկու քաղաքացի նահատակուեցաւ, երեք վիրաւորներ արձանագրուեցան, շէնքը, ինչպէս նաեւ անոր յարակից շէնքերը նիւթական վնասներու ենթարկուեցան։