«Տամ Փրէս» հաղորդեց, որ սուրիական բանակը Իտլիպի հարաւային արուարձանի Ճապալ Ազզաուիէ շրջանին մէջ «Ճապհաթ Նուսրա»-ի զինեալ ահաբեկչական խմբաւորման շարքերը թիրախաւորեց։

Շրջանի աղբիւրը «Տամ Փրէս»-ին հաղորդեց, որ սուրիական բանակը թնդանօթներով հրթիռակոծեց շրջանին մէջ կայք հաստատած յիշեալ ահաբեկչական խմբաւորման համախմբման կեդրոնները, որուն հետեւանքով աւելի քան 30 ահաբեկիչ սպանուեցաւ։

Իտլիպի հարաւային արուարձանէն աղբիւր մը հաղորդեց, որ սուրիական բանակը հրթիռակոծեց նաեւ «Թահրիր Աշշամ» զինեալ ահաբեկչական խմբաւորման «Ֆաթհ ալ-Մուպին» անուան ռազմական գործողութիւններու գրասենեակը։ Հրթիռակոծման հետեւանքով ահաբեկիչներ սպանուեցան։