Պաղտատի մէջ մեկնարկը կատարուեցաւ սուրիական-իրաքեան միացեալ յանձնախումբի աշխատանքներուն 12-րդ շրջանին, նախագահութեամբ Սուրիոյ տնտեսութեան եւ արտաքին առեւտուրի նախարար դոկտ. Մուհամմէտ Սամէր Խալիլի եւ Իրաքի առեւտուրի նախարար Ասիր Տաւուտ Ղրէրիի։

Նախարար Խալիլ ժողովի բացումին իր արտասանած խօսքին մէջ լուսարձակի տակ առաւ երկու եղբայր երկիրներու կայուն յարաբերութիւնը։
Ան կարեւոր համարեց նաեւ Իրաքի հետ տնտեսական գործակցութեան զարգացումն ու արտածման եւ ներածման աշխուժացումը։

Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց Իրաքի կառավարութեան եւ ժողովուրդին՝ 2023-ին Սուրիան ցնցած երկրաշարժէն տուժածներուն օգնութեան ձեռք երկարելու իրենց ճիգին եւ մարդկային կեցուածքին համար։