Սուրիոյ վարչապետ Հուսէյն Արնուս Դամասկոսի մէջ Հնդկաստանի դեսպան Իրշատ Ահմէտի հետ խորհրդակցեցաւ երկու երկիրներու տարբեր ոլորտներու առնչուող գործակցութեան զարգացման շուրջ, մեկնելով Սուրիոյ եւ Հնդկաստանի պատմական յարաբերութենէն եւ համաշխարհային զանազան հարցերու նկատմամբ նոյնանման մօտեցումներէն։
Վարչապետ Արնուս շեշտեց սուրիական կառավարութեան նախանձախնդրութիւնը երկու երկիրներուն գործակցութեան մակարդակը բարձրացնելու, յատկապէս բարձրագոյն կրթութեան, գիտարուեստական տեղեկութիւններու, գիւղատնտեսական, առեւտրական փոխանակումներու եւ այլ ոլորտներու մէջ։
Վարչապետը երախտագիտութիւն յայտնեց նաեւ Հնդկաստանի կառավարութեան եւ ժողովուրդին՝ ահաբեկչութեան դէմ Սուրիոյ մղած պատերազմին մէջ իրենց նեցուկ կանգնելուն, ինչպէս նաեւ Սուրիան ցնցած երկրաշարժէն վնասուածներուն մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելուն համար։

Իր կարգին Հնդկաստանի դեսպանը յայտնեց, որ Հնդկաստան բարձր կը գնահատէ սուրիական-հնդկական պատմական յարաբերութիւնը։ Ան վերահաատատեց Հնդկաստանի կայուն դիրքորոշումը Սուրիոյ տագնապին գծով, յայտնելով Հնդկաստանի պատրաստակամութիւնը հնդկական համալսարաններուն մէջ սուրիացի աշակերտներուն ուսումնական առիթները բազմացնելու, առողջապահութեան հատուածը քաղցկեղի յատուկ դեղերով օժտելու եւ 2023-ին Սուրիան ցնցած երկրաշարժէն տուժածներուն օգնութիւններու տրամադրումը շարունակելու։

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ Սուրիոյ կառավարութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Քայս Մուհամմէտ Խըտըր։