Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ խստիւ դատապարտեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի նիստին Կազզայի վրայ իսրայէլեան յարձակումները դադրեցնելու Ալճերիոյ ներկայացուցած օրինագիծին դէմ ԱՄՆ-ի կողմէ «Վեթօ»-ի կիրարկումը՝ շեշտելով, որ այսպիսով Միացեալ Նահանգներ կը զօրակցի Կազզայի ժողովուրդի ցեղասպանութիւնն ու անոր նկատմամբ անմարդկային ոճիրները շարունակելու Իսրայէլի ծրագիրին։
Նախարարութիւնը ըսաւ. «Ապահովութեան Խորհուրդը սեւ եւ ամօթալի դէպքի մը վկան դարձաւ, երբ ԱՄՆ Կազզայի վրայ իսրայէլեան յարձակումը կասեցնելու օրինագիծին դէմ չորրորդ անգամ ըլլլալով «Վեթօ» կիրարկեց, ինչ որ կը վկայէ ԱՄՆ-ի կողմէ մարդկային իրաւունքներու անտեսման մասին՝ յանուն Իսրայէլի աջակցութեան»։
Նախարարութիւնը աւելցուց. «Կազզայի ժողովուրդին դէմ իսրայէլեան զինուորական գործողութիւններէն 138 օր ետք, աւելի քան 29.000 պաղեստինցիի նահատակութենէն ետք, ԱՄՆ կը յայտնէ, թէ ժամանակը յարմար չէ նման որոշումի շուրջ քուէարկութիւն կատարելու։ Ան կը շարունակէ Իսրայէլի քաղաքական եւ զինուորական հովանաւորը մնալ, որպէսզի վերջինս իր լրումին հասցնէ Պաղեստինի ժողովուրդը ցեղասպանութեան ենթարկելու իր ծրագիրը»։
Նախարարութիւնը շեշտեց, որ Ապահովութեան Խորհուրդը պարտաւոր է պատասխանատուութիւն կրել Կազզայի ժողովուրդին նկատմամբ Իսրայէլի ոճիրներն ու ցեղասպանութիւնը կասեցնելու գծով, ինչպէս նաեւ փրկել Պաղեստինի ժողովուրդին կեանքն ու մարդկային իրաւունքները։