Այս անգամ ալ տակաւին ինքզինք «Կիրովականցի» համարող հարեւանս միտքս պղտորեց: Այսպէս, մեր վերջին այցելութեան, չես գիտեր ինչ բաներէ թելադրուած ան շեշտեց, որ «մեր եկեղեցին պէտք է փոխուի, արդիականանայ»:

Ինք՝ որ տարին հազիւ մէկ անգամ եկեղեցի ոտք կը կոխէր, հիմա եկած էր եւ պայման «կը դնէր»…: Անհաւատալի: Անիմաստ արդարացում: «Սրտի մխիթարանք»:

Սակայն անկախ այս բոլորէն, «խօսքը մեր մէջ» ըսեմ, որ կամաց-կամաց իր այդ առաջարկը իմ միտքս ալ սկսած էր պղտորել ու այսպէս, ես ինծի սկսած էի հարց տալ.— արդեօ՞ք իրապէս մեր եկեղեցին արդիականացման կարիքն ունէր, կամ պէ՞տք էր որ արդիականանար: Արդեօ՞ք այս մտահոգութեան գլխաւոր պատճառը եկեղեցւոյ «երգիչն» էր, թէ ոչ՝ «երգը»:

Հիմա լուրջ հարց էր եւ ձեւով մըն ալ մտահոգութիւն:

«Խենթը ըսաւ, խելոքն ալ հաւատաց», կը կրկնէի մտովի, միաժամանակ ծիծաղ մը գծելով դէմքիս:

Կրկնութեան գնով յիշեցնեմ, որ քահանայի թոռնիկ ալ եմ ու շատ հաւանաբար, եթէ ողորմած աւանդապահ ծնողքս ողջ ըլլար, նման հարցի մը քննարկումիս ժամանակ, ինծի քիչ մը տարբեր, սանկ կասկածանքով եւ «ծուռ» աչքով պիտի նայէր: Անպայման:

Ու սկսելով այս մտահոգութեան էականէն, ըսեմ, որ գրեթէ մեր բոլոր եկեղեցիները «կը դժգոհին» Կիրակի օրերու հաւատացեալներու սակաւաթիւ ներկայութենէն։

¨ Եթէ հոգեհանգիստ չունենանք, մարդիկ պարտաւոր չեն զգար եկեղեցի գալու…, ¨ կը յայտնեն եկեղեցւոյ հովիւներն ու պատասխանատուները: Ու ճիշդ եւ իրաւացի ալ են: Նման իրականութիւն կը լսենք ամէն անգամ եւ ամէն առիթով: Նաեւ միւս կողմէ ալ կը տեղեկանանք, որ այս օրերուն նոյնիսկ Եւրոպայի մէջ, եկեղեցիներ կը փակուին, «այցելուներ» չունենալու պատճառով։

Տասնամեակներէ ի վեր բոլորս ալ ականատեսներ ենք, թէ իբրեւ աշխարհի առաջին քրիստոնեայ պետութիւն, հայրենիք կամ սփիւռքներ, միշտ կը կառուցենք մեր հոգեւոր տուները՝ եկեղեցիները եւ կամ տենդագին կը վերանորոգենք զանոնք:

Սակայն ինչո՞ւ հետզհետէ հաւատացեալներու եկեղեցի այցի թիւը կը նօսրանայ: Արդեօ՞ք նոյնինքն այս «հաւատացեալ» կոչուածը ծոյլ է, եւ Կիրակի օրերուն չ՚ուզէր իր տունէն դուրս գալ եւ կամ այլ ծրագիրնե՞ր կը խանգարեն…եւ կամ արդեօ՞ք սկսած են պատարագը երկար «գտնել» եւ աւելին՝ գրաբար արարողութիւնը իրենց համար «անհասկնալի» սկսած է թուիլ:

Անձնապէս, չեմ կարծեր, որ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին աչքառու ըլլալու չափ հեռացած է իր ակունքներէն: Որովհետեւ կը հաւատամ, որ «որքան ակունքներուն մօտ ըլլայ ան, այնքան ջուրը զուլալ կ’ըլլայ»: Գիտենք, որ աշխարհի վրայ որեւէ ուսման կամ գիտութեան եւ կամ հարցի ակունքներուն պէտք է երթալ, աւելի յստակ հասկնալու կամ ճանչնալու համար զայն:

Մեզի՝ հայերուս համար, քրիստոնէութիւնը մարդկային կիրքերէն եւ ցանկութիւններէն ազատագրուելու ուղի է: Այսպէս դաստիարակած էին մեր ծնողներն ու դպրոցները: Մեր եկեղեցւոյ գիտելիքները եղած են կատարեալ եւ ամբողջական: Մեր աղօթքներն ու շարականները գրուած են մեր Սուրբ հայրերու մեկնութիւններով: Սուրբ հոգիով, եթէ կ’ուզէք:

Միւս կողմէ սակայն, այսօր հին եւ միասնական եկեղեցւոյ տեղ, կը տեսնենք պառակտուած քրիստոնէական եկեղեցի, եւ որ ունի բազմաթիւ ուղղութիւններ, որոնք կը կարծեմ ծնունդ են սեփական ցանկութիւններու եւ շահերու եւ ուր տեսանելի եւ լսելի են անկաշկանդ մեկնաբանութիւններ ու յարմարացումներ: Այլ խօսքով, ամէն տեսակի որդեգրումներ՝ ներգրաւելու համար մարդ հաւատացեալը: Ազատ են: Իրենց հաւատքն է, եւ հաւատքն ալ ոչ սահման ունի, ոչ ալ չափ: Սակայն նման ձեւեր որդեգրելով շատեր կը կարծեն, որ եկեղեցին կամաց-կամաց դարձած է մարդահաճութեան վայր:

Մինչդեռ մեր մօտ, մեր մեծերը պատգամած են, թէ քրիստոնէութիւնը մարդասիրութեան և ոչ թէ մարդահաճութեան ուսմունք է: Բայց, եթէ փորձենք մօտէն հետեւիլ, նոյն այս մարդահաճութիւնն անգամ այսօր այդ եկեղեցիներուն ցանկալի «պտուղներ» չեն բերեր: Պէտք է հպարտութեամբ շեշտել, թէ մեր եկեղեցին հնամեայ է եւ հաստատուն: Մեր մօտ Քրիստոսի ճշմարտութիւնը հարցական չէ եւ արքայութիւն տանող դուռն ալ ժամանակի ընթացքին նման նորարարութիւններու իբրեւ հետեւանք «չէ լայնցած»:

Իմ կարծիքով, ո՛չ թէ մեր եկեղեցին պէտք է փոխուի, այլ ամէնէն առաջ մե՛ր մօտեցումը՝ եկեղեցւոյ հանդէպ: Մե՛նք պէտք է «ճամբայ» բանանք մեր մէջ ընդունելու մեր եկեղեցին:

Պատգամաբեր մը չեմ, բայց կը կարծեմ, որ մենք պէ՛տք է մեր եկեղեցին հրաւիրենք մեր կեանքէն ներս: Նորարարութեան բոլոր ճիգերը մեզ մեր եկեղեցիէն դէպի օտարացում եւ հեռացում կրնան տանիլ եւ կը տանին:

Հոգեւոր հովիւ մը չեմ ըսի եւ այս տարիքիս չեմ ալ ուզեր ըլլալ, բայց կը կարծեմ որ նախ մենք զմեզ պէտք է նորոգենք: Ու այս պարզ ճշմարտութիւնը մինչեւ այսօր չկրցայ դրացիիս հասկցնել:

Իսկ ձեզի՞…: Չե՛մ գիտեր: