Հալէպի Ճարտարարուեստի Պալատը կազմուած է 1935-ին, օրէնսդրական հրամանագիրով:

Խորհուրդը կը բաղկանայ 18 կամաւոր անդամներէ` Հալէպի բոլոր համայնքներու արդիւնաբերողներու երանգներէն:
Պալատին նպատակը, լիազօրութիւնն է ծառայել, ներկայացնել եւ պաշտպանել արդիւնաբերողներուն շահերը ու աշխատիլ արդիւնաբերողները զարգացնել ու յաջողակ դարձնել: Ըլլալով նախանձախնդիր բոլոր ձեռնարկութիւններու յաջողութեան, պալատը կը հովանաւորէ արդիւնաբերողները` նպաստելով անոնց աճին ու զարգացման:
Պալատը կ’աշխատի կարգաւորել համապատասխան շրջանակներ, ձգտելով նաեւ պաշտպանել անոնց իրաւասութիւնները: Ճիշդ այս նպատակով ալ 2009-ին կազմուեցաւ Սուրիոյ Ճարտարարուեստի Պալատներու Դաշնութիւնը:
Հին Հալէպի «Սապաա Պահրաթ» շրջանին մէջ կը գտնուի Հալէպի ճարտարարուեստի Պալատին պատմական շէնքը: 2000-ին կազմուեցաւ Գործարար Կանանց Յանձնախումբը, բաղկացած՝ 13 անդամներէ:
Օրին յանձնախումբը կը կազմակերպէր տարեկան ցուցահանդէս, դասախօսական շարքեր, դասընթացքներ ու կը մասնակցէր ներքին եւ արտաքին համաժողովներու:
Հոն կը տեսնէինք հայ կնոջ աշխատանքը համահաւասար արաբ իսլամին եւ քրիստոնեային` ի նպաստ գործունէութիւններու համալրուած ընթացքին:
Զանազան ժամանակաշրջաններու մէջ յանձնախումբին մաս կազմած են Անի Մարկոսեան, Ալին Մահսերէճեան, Մարդին  Պաննա Գաբրիէլեան, Սոնիա Յակոբեան, Միրէյ Պոյաճեան, Անի Փիլաւճեան… եւ շարան մը հայ գործունեայ տիկիններ՝ մինչեւ 2011 թուական:
Սուրիոյ դաժան պատերազմի ազդեցութենէն զերծ չմնաց Հալէպի Ճարտարարուեստի Պալատին կառոյցը. 2012 թուականին ենթարկուեցաւ կատաղի ռմբակոծումի, շուրջը տեղակայուած զինեալ խմբաւորումներու կողմէ պալատի կեդրոնակայանը պայթումի ենթարկուեցաւ հսկայական քանակութեամբ պայթուցիկներով, որոնք տեղադրուած էին շէնքին տակ փորուած նկուղի մը մէջ, ինչ որ պատճառ դարձաւ շէնքի ամբողջական փլուզման: Պալատի գրասենեակը փոխադրուեցաւ այլ վայր մը՝ Հին ալ-Շահպաա թաղամասի բնակարաններէն շէնքի մը մէջ ու այնտեղ գործեց եօթ տարի շարունակ:
2014-ին նորակազմ խորհուրդի 18 անդամներուն մաս կազմեց Ալին Լահտօն (ծագումով հայ): Ան եղաւ ներկայացուցիչ կապը եւ ատենապետուհին Գործարար Տիկիններու Յանձնախումբին: Պալատը այժմ համագործակցութիւն կնքած է Հալէպի Համալսարանին եւ Սուրիոյ Զարգացման Քարտուղարութեան հետ (Ալ-Ամանէ Ասուրիէ Լիլթենմիէ).
Տիկիններու Յանձնախումբին մասնակցութիւն բերին երեք հայ կամաւոր անդամներ` Անի Մարկոսեան, Սոնիա Գաբրիէլեան եւ Անի Գուշեան:
Նոր գաղափարներով եւ նորովի գործունէութեամբ,_ որոնք համապատասխան էին պատերազմի հանգամանքներու եւ արհաւիրքներու յաղթահարման,_ սկսաւ նոր փուլը: Այս փուլին կիզակէտը կինն էր. ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ կարենալ ապահովելու իր ընտանիքին ապրուստը: Ուստի կազմակերպուեցան վերապատրաստման դասընթացքներ, մարդկային պաշարներու զարգացման կարելիութիւններ եւ աշխատանքներու ձեւեր: Տարուած աշխատանքներուն կողքին ուշադրութիւն դարձուցինք նահատակներու պարագաներուն (կին, քոյր, մայր), բարելաւելու անոնց կենսամակարդակը։
Առաւելաբար կազմակերպուեցան անվճար ցուցահանդէսներ յատուկ կիներու, ուր ցուցադրուեցան ձեռային աշխատանքներու տեսականի եւ սննդամթերքի արտադրութիւն, նպատակ ունենալով այցելուն ծանօթացնել գործող կիներուն եւ անոնց աշխատանքը շարունակական ու մնայուն գործի վերածել:
Հպարտ ենք, որ մեր աշխոյժ գործունէութիւնները արդիւնաբերական ասպարէզ դարձան շատերու համար: Քանիներ ունեցան իրենց հագուստի արտադրութեան գործատեղիները կամ սեփական քաղցրաւենիքի խոհանոցները, նման ձեռնարկներու ընդմէջէն փաստելով, որ հալէպցի կինը իր բազմերանգ մշակոյթով ու ձիրքերով պատգամ ունէր փոխանցելիք ողջ աշխարհին` ըսելու որ ան պատերազմի մարտահրաւէրները կը դիմագրաւէ կեանքին կառչելով, ստեղծագործելով, արտադրելով եւ սուրիական ընկերութեան վերելքին նպաստելով:
2019-ին, Հալէպի Ճարտարարուեստի Պալատը վերադարձաւ իր վերանորոգուած հին կեդրոն` շարունակելու պայքարը:
Տիկնանց Յանձնախումբը իր կարգին շարունակեց կազմակերպել իր տարեկան ցուցահանդէսները, արդիւնաբերական
հմտութիւններու զարգացման եւ ընտանեկան տնտեսութեան նպաստող «Ճարտար կիներ» խորագիրով, որուն կողքին տնային մաքրութեան տեսակաւոր նիւթերու պատրաստութան դասընթացքները, կարի եւ ձեւաւորման դասընթացքները: Բոլորը կ’ուսուցանուէին մասնագէտներու կողմէ: Տրուած բոլոր դասընթացքներու աւարտին, մասնակիցները կը ստանային համապատասխան վկայագրեր:
Աշխատանքները չկեդրոնացան միայն Հալէպի մէջ, այլ շարունակուեցան տարբեր նահանգներու մէջ, իսկ յանձնախումբի անդամներէն ոմանք կը հսկէին աշխատանքներուն եւ դասախօսութիւններ կը կարդային մասնակիցներուն:
Երկրի ազատագրումէն վերջ, Դամասկոսի Միջազգային Ա. ցուցահանդէսին մեր հայ կիներն ալ իրենց բաժինը բերին:
Յանձնախումբը աշխատանք տարաւ դպրոցի աշակերտներուն հետ՝ ուղղելու զանոնք դէպի արդիւնաբերական ասպարէզ, ըստ իրենց նախասիրութիւններուն, դասախօսութիւններու եւ գործնական աշխատանքներու միջոցով քաջալերելով ոչ միայն բժիշկը, երկրաչափը կամ իրաւաբանը, այլեւ՝ արտադրողը, որպէսզի աշխատի, արտադրել սկսի եւ ըստայնմ ընտրէ համապատասխան համալսարանական ուսում: Մեծ յաջողութիւն արձանագրեցին այս դասընթացքները եւ գործնական առիթ հանդիսացան համալսարանական ուսանողներուն` մօտէն ծանօթանալու տեսական նիւթերու, գործնականը հետազօտելու Հալէպի «Արդիւնաբերական Քաղաք»-ի տարածքին մէջ:
2019 – 2020… պսակաձեւ ժահրի համաճարակ
Հալէպը կաթուածահար քաղաք դարձաւ պսակաձեւ ժահրի համաճարակի օրերուն: Պետութիւնը նախազգուշական միջոցներու ձեռնարկեց: Շուկաները, ուսումնական հաստատութիւնները, զբօսայգիները, թատրոնները եւ աղօթատեղիները փակուեցան եւ գիշերային պարետային հսկողութեան ժամեր ճշդուեցան` այսինքն գործազրկութիւնը ընթացք առաւ:
Գործարար տիկինները բարեսիրական աշխատանքի լծուեցան: Դրամահաւաք… ներքին եւ արտաքին միջոցներու դիմելով կարիքաւորներուն օգնութիւն հասցնելու, պատրաստելով սննդամթերքի եւ ժահրի տարածման կանխարգիլման նիւթերու սնտուկներ, հագուստեղէնի տեսակներ բաժնելով եւ այլն: Աշխատանքը մեծ էր այն աստիճան, որ յանձնախումբի անդամները առիթ չունէին զգալու համաճարակի ազդեցութիւնը:
Տիկիններուն աշխատանքը կը շարունակուէր՝ սովորական ծրագիրներէն զատ պատրաստելու նորաձեւ զգեստներու ցուցադրութիւն, քաջալերելով Հալէպի արտադրողները։ Ունէինք մասնակցող քանի մը տիկիններ, որոնք վերապատրաստուած էին մեր մօտ:
Համաճարակի պայմաններու յաղթահարման աշխատանքը հազիւ բոլորած, 6 Փետրուար 2023-ին ահռելի երկու երկրաշարժ ցնցեց Հալէպը եւ տարածաշրջանը՝ 7.8 բալ ուժգնութեամբ, որուն յաջորդեցին հազարաւոր կրկնուող յետցնցումներ: Սպանուեցան հազարաւոր քաղաքացիներ, վնասուեցան կառոյցներ եւ բնակարաններ:
Երկրաշարժէն ամենաշատ վնասուողը Հալէպ քաղաքը եղաւ:
Ազդուած էին նաեւ Իտլիպ, Համա, Լաթաքիա եւ Թարթուս նահանգները: Ցուրտ ձմեռ, անձրեւ… Երկիրը ահռելի լափիւրինդոսի վերածուած էր: Ժողովուրդը տեսակաւոր հանրակացարաններու, մարզադաշտերու, ակումբներու, եկեղեցիներու, մզկիթներու եւ դպրոցներու մէջ կը տեղաւորուէր: Շատեր կը նախընտրէին քնանալ սեփական ինքնաշարժներու մէջ, սարսափելով շարունակուող ցնցումներէն:
Նուէրներ կը ստանայինք բարեկամ երկիրներէ, նաեւ արտերկրի սուրիացիներէ, որոնք կ’ուզէին ամէն գնով օգտակար դառնալ բոլորին անխտիր:
Օտարներ զգացական մօտեցումով կ’ուզէին օգտակար դառնալ պատսպարեալներուն:
Մոռցանք տուն-տեղ, Տիկնանց Յանձնախումբը մեղուի փեթակի նման աշխատանոցի վերածուած էր, դուրս եւ ներս, հասնելով մինչեւ քաղաքին յետին մասերը, օժանդակութիւններ բաժնելով անխտիր բոլորին: Մեզի համար Հալէպի ժողովուրդի զաւակները հաւասար արժէք ունէին, նամանաւանդ մանուկներու տեսակաւոր  կաթ, սննդեղէն, տակաշոռ մեծերու եւ փոքրերու, անկողին, բարձ, վերմակ, հագուստ եւ անձնական մաքրութեան իրեր կը բաշխէինք:
Պատերազմի բոլոր տարիները ոչինչ էին երկրաշարժին սարսափներուն հետ համեմատաբար:
Արդիւնաբերութեան Պալատի նախագահ Ֆարէս ալ-Շահապին եւ խորհուրդի անդամները օժանդակութիւններ ապահովելով համագործակցեցան մեզի հետ եւ մէկ տարուան տան վարձքի փոխարէն երկու միլիոն ս.ո. օժանդակութիւն տրամադրեցին հազար ընտանիքի, որ անտուն մնացած էր երկրաշարժին հետեւանքով:
Վերջերս Տիկնանց Յանձնախումբին մաս կազմեց հայուհի մը եւս, յանձին` Թալին Միկրոյեան-Ալեքսանեանի:
Բարի երթ եւ յաջողութիւն Տիկնանց Յանձնախումբի բազմածաւալ գործունէութեան:
Սոնիա Գաբրիէլեան