«Messenger»-իս ձայնը կը լսեմ: Կը նայիմ, որ եկած գրութիւնը Զարմինէէն է եւ չկարդացած իսկ, կը գուշակեմ բովանդակութիւնը: «Բացառիկ»-ին համար յօդուած մը գրելու առաջարկ է, իսկ որպէս նիւթ կ’առաջարկէ ի մտի ունենալ հալէպահայ թատրոնը: Սրտի հատոր թեմա մը ինծի համար, որ անշուշտ, կարելի չէ մերժել: Աւելի անկեղծանալով կրնամ  նոյնիսկ նշել, թէ որքան հպարտ կը զգամ, երբ զիս կը սեպեն հալէպահայ թատրոնի պատմութեան գիտակ մարդ:
Բախտաւոր կը համարեմ անձս, որ ժամանակակիցը եղած եմ հալէպահայ թատրոնի ռահվիրաներուն, եթէ նոյնիսկ խաղցած չեմ իրենց կողքին, բայց գոնէ վայելած եմ անոնց ներկայութիւնը, լսած անոնց պատմութիւնները թատրոնի մասին: Եղած եմ այն երանելիներէն, որ Հալէպի բեմին վրայ վայելած են մեծանուն վարպետներու խաղարկութիւնը, ինչպէս՝ Մհեր Մկրտիչեանի, Վլատիմիր Մսըրլեանի կամ Գոյժ Մանուկեանի: Իմ մանկական աչքերը տակաւին չեն մոռցած տաղանդաւոր Ֆրունզիկին «Պաղտասար Աղբարը»: Անհատներ, երեւոյթներ եւ ժամանակակիցներ, որոնք թրծած են թատրոնի հանդէպ անսահման սէրս:
2003 թուականին, Հայագիտական Ամպիոնի դասընթացքներու աւարտին ներկայացուցի «Հալէպահայ Թատրոնի Պատմութիւն» խորագրեալ աւարտաճառս, եւ մինչեւ օրս կը յիշեմ ընդդիմախօսիս՝ հալէպահայ թատրոնի նուիրեալներէն՝ պրն. Յակոբ Միքայէլեանի հնչեցուցած մէկ արտայայտութիւնը: Անոր կարծիքով հալէպահայ թատրոնի պատմութիւնը սահմանափակել երեսուն էջերու մէջ կը նմանի փիղ մը տեղաւորել շիշի մը մէջ: Այս պահուս, ըստ իս, առաւել դժուարին գործ պիտի ըլլայ ընդամէնը քանի մը էջերու մէջ ամփոփել հալէպահայ թատրոնի անցած ուղին եւ անոր այսօրուան վիճակը:
Ուսումնասիրութեանս մէջ հալէպահայ թատրոնի պատմութիւնը պայմանականօրէն բաժնած էի երկու շրջաններու.
Ա. Հալէպահայ թատրոնը նախքան 1970-ական թուականները, որ կը յատկանշուի դպրոցական ներկայացումներու կազմակերպումով, Պոլիսէն, Իզմիրէն եւ Եգիպտոսէն եկած խումբերով, ինչպէս նաեւ տեղական ուժերով կազմուած խումբերով:
Բ. 1970-ական թուականներէն ետք կազմակերպուած թատերական գործունէութիւնը, որ կը յատկանշուի արհեստավարժութեան մուտքով թատրոնի առանցքը կազմող գրեթէ բոլոր բնագաւառներէն ներս:
Սուրիոյ կեանքը փոթորկող պատերազմը շրջադարձային եղաւ նաեւ գաղութին համար եւ մեր կեանքէն կարծես յաւէտ կորսուեցաւ խաղաղութիւնն ու անդորրը եւ սխալած չենք ըլլար, եթէ անցած երկու շրջաններուն գումարենք երրորդ մը:  Եւ այսպէս, 2011  թուականին սկիզբ առած պատերազմը անշուշտ իր անդրադարձը ունեցաւ սուրիահայ մշակութային կեանքին վրայ, հետեւաբար, վերելք ապրող հալէպահայ թատերական կեանքը սկսաւ մաքառիլ:
Ցեղասպանութեան յաջորդող տարիներուն մեր ազգային կեանքի կազմաւորման մէջ մեծ եւ նշանակալից եղաւ հայ թատրոնին դերը: Հալէպահայ թատրոնի պատմութեան ծննդավայրը դարձաւ հայկական վարժարանը: Հայ մարդը, հազիւ իր ֆիզիքական գոյութիւնը ապահոված, ձեռնամուխ եղաւ իր հոգեւոր գոյութեան վերականգնումին:
Ցեղասպանութեան յաջորդող տարիներուն ան առաջին հերթին հիմնեց դպրոցը, եւ դպրոցին առաքելութիւնը բաժնեկցող թատրոնը, որուն մուսան՝ Մելփոմենը, բարեհաճ գտնուեցաւ եւ միշտ սաւառնեց թատրոնի ուժին հաւատացող հայ մարդուն գլխավերեւը:
Յաջորդող տողերուն մէջ պիտի փորձեմ դիտարկել իւրաքանչիւր ժամանակաշրջան յատկանշող երեւոյթները եւ զուգահեռական մը տանիլ այսօրուան թատրոնի իրավիճակին հետ:
Նախքան 1970 թուականը հալէպահայ թատրոնը կարելի է հռչակել որպէս «ազգային գործօն», որ թատրոնի հոյլ մը նուիրեալներու շնորհիւ կոչուած էր մեծ առաքելութեան մը: Ամէն տարի ներկայացուող «Վարդանանք»-ը, ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ ցեղասպանուած, վտարանդի դարձած հայ մարդուն վերականգնելու, ազգային ինքնութիւնը եւ պատկանելիութիւնը հաստատելու խիզախումը: Ժամանակի մեծագոյն խնդիրներէն էր բռնի թրքախօս դարձած հայորդիին յիշեցնել իր մայրենի լեզուն:
Այդ օրերուն, ազգային լուրջ խնդիրներէն կը սեպուէր արմատացած թրքախօսութիւնը, որ  հակոտնեայ էր ազգային ոգիի պահպանումին: Այստեղ թոյլ տուէ՛ք ձեր ուշադրութեան յանձնեմ «Եփրատ» թերթի էջերուն լոյս տեսած յօդուած մը, ուր յօդուածագիրը խիստ քննադատական խօսքերով կը կշտամբէ Շահինեանը, որ յանդգնած է թրքերէնով ներկայացնել «Պալմումուճաւ»  թատերախաղը:
Ահա, թէ ինչ կ’ըսէ. «Մենք հոս տարիներէ ի վեր պայքար կը մղենք մեր ջարդարարներու լեզուին դէմ: Պրն. Շահինեան անգիտակ կ’երեւայ այս տարրական ազգային ոգիին, եթէ ինք իր քսակը խորհելով ոտնակոխ կ’ընէ մեր նուիրական նահատակներու հոգիները, հայ ժողովուրդը, կարող է պոյքոթ հռչակել իր բեմին ալ, իր լեզուին ալ»:
Միթէ այսօր ալ մեր դիմաց  ծառացած չէ՞ լեզուի խնդիրը: Ճիշդ է, մենք հայախօս ենք, բայց ինչպիսի՜ հայերէն է մեր երիտասարդութեան բերնէն հնչածը: Եւ արեւմտահայերէնը տակաւ առ տակաւ կ’աղաւաղուի՝ «պայթաւ»-ներով, «հագուաւ»-ներով, «համեմուած» արաբերէն բառերով: Երիտասարդները ամէնէն տարրական հայերէն բառերուն փոխարէն կը նախընտրեն արաբերէնը գործածել, պատճառաբանելով, թէ աւելի դիւրին է:
Այսօրուան հալէպահայ թատրոնի գործիչներուն համար խիստ տարօրինակ կրնայ թուիլ այն փաստը, որ այդ ժամանակներուն թատրոնը հասութաբեր մշակութային գործունէութիւն էր: Իրապէս ապշեցուցիչ երեւոյթ, քանի որ նոյնը չենք կրնար ըսել մեր այսօրուան՝ 21-րդ դարուն մասին, որ կը յատկանշուի տնտեսական եւ արհեստագիտական լայն հնարաւորութիւններով:
Սփիւռքի տարածքին, կամ աւելի ճշգրիտ ըլլալու համար՝ սուրիահայ գաղութէն ներս, որքան դժուար դարձած է բեմականացման մը  իրագործումը, զուտ նիւթական պատճառներով: Այստեղ ցաւով կարելի է մատնանշել այլ փաստ մը եւս, որ տասնեակ հազարներ հաշուող գաղութի մը մէջ հազիւ կը յաջողինք երկու սրահ լեցնել, այն ալ եթէ ներկայացուածը կատակերգութիւն է, մինչդեռ այն հեռու թուականներուն, շատ մը բարեսիրական միութիւններ, մարզական ակումբներ եւ դպրոցներ իրենց տարեկան բացը գոցելու որպէս լաւագոյն միջոց ընտրած են թատերական ներկայացման մը կազմակերպումը:
Կարելի չէ այս շրջանը փակել եւ չանդրադառնալ 1920-էն մինչեւ 1940-ականները գաղութը փոթորկող վերիվայրումներուն: Բնականաբար, կարելի չէր, որ Սուրիոյ  քաղաքական եւ  տնտեսական վիճակը իր բացասական անդրադարձը չունենար նաեւ գաղութին վրայ: Պարբերաբար տեղի ունեցող ապստամբութիւններն ու յեղաշրջումները կը խաթարէին Սուրիոյ փոքրամասնութիւններուն, այդ կարգին նաեւ հայութեան ներքին ծրագիրները:
Սուրիահայ գաղութին գոյութիւնը վտանգող եւ մշակութային կեանքին զարգացումը կասեցնող, կ’ենթադրէինք,  վերջին հարուածները պիտի ըլլային 1950-ականներուն Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութեան կողմէ առնուած որոշումները, որոնք կը սահմանափակէին ազգային գործունէութիւնը: Գաղութը դէպի նօսրացում տանող այլ հարուած մը եղաւ Խորհրդային Միութեան ղեկավարութեան կողմէ կազմակերպուած ներգաղթը: Կը թուի, թէ ծաղկուն մշակութային կեանք եւ տասնեակ մը մտաւորականութիւն ունեցող գաղութը բռնած էր Հնդկաստանի կամ Լեհաստանի գաղութներուն ճամբան:  Ուստի, վերջնականապէս Սուրիոյ մէջ ապրելու որոշումը կայացուցած հայուն դիմաց ծառացած էր գոյութեան մարտահրաւէրը:
Գաղութի պատմութեան ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, որ այդ օրերու ղեկավարները յաջողեցան որդեգրել եւ ձեռնարկել որոշ քայլեր, որոնք նպաստեցին մեր գոյութենականութեան: Մէկ խօսքով, յաջորդող տարիները ցոյց տուին, որ հարուստ պատմական անցեալ ունեցող սուրիահայ գաղութը կար ու պիտի մնար արձանագրելու համար նոր նուաճումներ:  Այս շրջանի թատերական գործունէութիւնը կը յատկանշուի թատրոնի գրեթէ բոլոր բաղադրիչ տարրերուն մէջ, դերասանէն զատ,  արհեստավարժութեան մուտքով:
Անվարանօրէն կարելի է հաստատել, որ եօթանասունականներէն մինչեւ 2011 թուականը Հալէպի մէջ կը տիրէր բեղուն թատերական կեանք: Կը գործէին տարբեր մշակութային միութիւններու հովանաւորութիւնը վայելող տասը թատերախումբեր, որոնք մեծաւ մասամբ, տարեկան կ’իրականացնէին գոնէ մէկ ներկայացում:
Հալէպահայ թատերախումբերու կողքին Հալէպ այցելած են Լիբանանէն, ինչպէս նաեւ հայրենիքէն ժամանած թատերախումբեր: Այդ այցելութիւններուն շնորհիւ հալէպահայը կրցած է վայելել հայրենի անուանի դերասաններու խաղարկութիւնը, հաղորդակից ըլլալ համաշխարհային գրականութեան գոհարներուն:
Թատերական ներկայացումներուն կողքին նաեւ կազմակերպուած են դասախօսութիւններ, ցուցահանդէսներ եւ սեմինարներ: Որպէս յաղթական քայլ արձանագրենք, որ Հալէպի մէջ ներկայացուած է նոյնիսկ  Տիգրանեանի «Անուշ» օփերան: Իրողութիւն մը, որ կը վկայէ տիրող թատերական մթնոլորտին մասին:
Երբ խօսքը հալէպահայ թատրոնի մասին է,  պէտք է իւրայատուկ տեղ տրամադրել երեւոյթի մը, որ իր դրոշմը ձգեց գաղութի թատրոնի պատմութեան մէջ: Նախքան պատերազմին սանձազերծումը, հայրենի անուանի բեմադրիչներու հետ համագործակցութիւնը նոր որակ բերաւ հալէպահայ թատրոնին, որ իր դրսեւորումը գտաւ ե՛ւ դերասանի խաղարկային որակին ե՛ւ խաղացանկին վրայ:
Վրայ հասաւ 2011 աղէտալի թուականը: Սուրիական պատերազմը եկաւ կործանելու մինչեւ օրս իրագործուած իւրաքանչիւր վերելք: Մինչ այդ հարուստ մշակութային կեանքով ապրող հալէպահայ գաղութը անգամ մը եւս կանգնեցաւ գոյութեան մարտահրաւէրին դիմաց: Շարունակել այստեղ ապրի՞լ, թէ ձգել երթալ, այս շփոթին մատնուած հալէպահայը, յամենայն դէպս շարունակեց կազմակերպել աւանդութիւն դարձած տարեկան մշակութային իր ձեռնարկները: Սակայն, Սուրիոյ տնտեսական ծանր վիճակը իր անդրադարձը ունեցաւ նաեւ հայկական մշակութային միութիւններու գործունէութեան վրայ, այդ կարգին, նաեւ թատերական կեանքին վրայ: Որոշ թատերախումբեր առանց ընդհատումի շարունակեցին ներկայացումներ բեմ հանել ինչպէս ՀԵԸ-ի «Ադամեան» թատերախումբը, մինչ ուրիշներ դադրեցուցին իրենց գործունէութիւնը:
Մինչ օրս թատերական աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալեն՝ ՀԵ Ընկերակցութեան «Ադամեան», Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» եւ Կրթասիրացի «Աճէմեան» թատերախումբերը:
2001 թուականին ՀԲԸ Միութեան Տեղական Մասնաժողովի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ քառօրեայ սեմինար մը՝ նուիրուած հալէպահայ մշակութային կեանքին, եւ անշուշտ օր մը ամբողջ յատկացուեցաւ թատրոնին: Սեմինարի ընթացքին ելոյթ ունեցան գաղութի թատերական կեանքին մէջ իրենց կարեւոր ներդրումը բերած գործիչներ: Մասնակիցները, ինչպէս որոշուած էր նախապէս, իրենց տեսակէտները պարզեցին հալէպահայ թատերական կեանքին առնչուող հարցադրումներու շուրջ:
Ցաւ ի սիրտ, պատերազմի պատճառով առաջին հերթին հարուած կրեց որակը: Հակառակ իր թատերական փայլուն անցեալին, այսօր հալէպահայ թատրոնը միայն ժամանցի թատրոն է: Չկան անցեալի ազգային ոգին ներշնչող գործեր, թէեւ այսօր առաւել քան երբեւէ սուր կը զգացուի անոնց անհրաժեշտութիւնը: Երիտասարդութիւնը, որ այս պահուն տիրող քաղաքական եւ տնտեսական պայմաններէն ելլելով կարծես կորսնցուցած է իր ազգային ոգին եւ պատկանելիութեան ուղեցոյցը, պէտք ունի անմիջական աջակցութեան: Այդ աջակցութիւնը լաւագոյնս կրնայ իրականացնել թատրոն երեւոյթը:
Ժամանակները փոխուած են: Այսօր Youtube-ի, TikTok-ի եւ նման արդիական հարթակներու դար է: Բայց թատրոնը երբեւէ չէ զիջած իր տեղը: Փաստն ալ աշխարհի չորս ծագերուն գործող հռչակաւոր թատերախումբերն են, որոնք հսկայական ծախսերով բեմականացումներ կ’իրականացնեն: Մեր կարծիքով իւրաքանչիւր մշակութային երեւոյթ ունի իր տեղն ու ժամանակը, պարզապէս պէտք է գիտնալ ինչպէ՞ս, ե՞րբ եւ ի՞նչ ներկայացնել: Այո՛, կարելի է ներկայացնել կատակերգութիւն, բծախնդիր մօտեցում ցուցաբերել հնչող հայերէն լեզուին հանդէպ եւ որեւէ կերպ չզիջիլ որակը, չմոռնալ, որ մեր մշակութային կեանքին նշանաբանն է՝ ազգապահպանո՛ւմ: Իսկ ազգապահպանումը նաեւ կ’ենթադրէ որակ: Եկէ՛ք յիշենք այն հիմնաւորումը, որ բեմահարթակը աւելի բարձր կառուցուած է անո՛ր համար, որ հանդիսատեսէն բարձր ըլլայ, զայն ի՛ր մակարդակին բարձրացնելու համար եւ ոչ հակառակը:
Քառօրեայ այդ սեմինարին ընթացքին զեկուցողներ եւ հանդիսատեսներ միասնաբար հասան  էական եւ գործնական լուծումներու, որոնց գործադրութեան պարագային,  կը կարծենք, որ շատ բան շահած կ’ըլլար հալէպահայ թատրոնը:
Հետաքրքրական առաջարկութիւններէն մէկն ալ թատերական աշխատանոցի մը (studio)  հիմնումն էր, որպէս նպատակ ունենալով դերասաններու եւ թատերական գործիչներու նոր սերունդ մը պատրաստել: Ըլլալով ուսուցիչ, կրնամ հաստատել, որ թատրոնը աշակերտներուն ամէնէն սիրած արուեստի ճիւղն է: Գրեթէ բոլորը կ’երազեն դեր մը խաղալ: Վստահ եմ ընթերցողը կրնայ երեւակայել, թէ բեմ բարձրանալու կիրքով տոգորուած պատանիներուն որքա՜ն բան կրնայ պարգեւել  այսօրինակ աշխատանոցի մը գոյութիւնը:
Հնչած հետաքրքրական առաջարկներուն երկրորդը միացեալ թատերախումբի մը հիմնումն էր: Այս առաջարկը առաւել քան շահեկան եւ նպատակային է այսօր:
Այդ տարիներուն ո՞ր մէկուս միտքին ծայրէն  կ’անցնէր պատերազմը կամ այսօրուան մեր վիճակը: Այս առաջարկին մէկ արտայայտութիւնը եղաւ «ՀՀԹ»-ի կազմումը, որուն հիմնական եւ միակ գործունէութիւնը կը հանդիսանայ «Թատրոնի միջազգային օրուան» նուիրուած ձեռնարկի մը կազմակերպումը: Որքան բան պիտի շահէր Հալէպի թատերական կեանքը, եթէ նոյն այդ յանձնախումբը կարենար ի մի բերել հալէպահայ թատերախումբերու կարողութիւնները եւ ներկայացնէր միջազգային կամ հայ թատերագրութեան կամ գրականութեան գոհարներէն գործ մը:
Թատրոնի առանցքային տարրերէն հիմնականը հանդիսատեսն է: Հալէպի թատրոնի պատմութեան մէջ կը յիշուին տարիներ, երբ մէկ ներկայացումը ունեցած է բազմահազար հանդիսականներ, երբ բեմ բարձրացուած են  բարձրարուեստ թատերական երկեր: Փաստօրէն ունեցած ենք թատերական ճաշակ ունեցող հանդիսատես:
Կը խորհինք, որ գալիք տարիներուն, երբ չափով մը թօթափած ըլլանք պատերազմին առթած անորոշութիւնն ու յուսահատութիւնը, մեր նպատակը պէտք է ըլլայ կրկին վեր բարձրացնել մշակոյթի նշաձողը:
Պատերազմի առաջին տարիներուն, երբ խօսք ըլլար թատրոնի մասին, անոր գոյութիւնը  պահպանելէ զատ ուրիշ ոչ մէկ բանի մասին կը համարձակէինք մտածել: Այս պահուս բոլորիս ճիտին պարտքն է մտածել նոր ռազմավարութեան մը մասին, որպէսզի ի գին ամէն ինչի կանգուն պահենք մեր թատերական հարուստ աւանդոյթները, յանուն մեր անցեալի փայլուն պատմութեան նոր յաջողութիւններ արձանագրենք, չէ՞ որ թատերական գործիչներու փայլուն փաղանգ մը անցած է Հալէպէն, ու թէեւ  այսօր անոնք չկան, բայց կայ իրենց աւանդը: Մենք պարտաւոր ենք  յանձնառու ըլլալ եւ շարունակել դժուարութեամբ հարթուած ուղին:
Ոտքի՛, հայ թատրոն, ծունկերդ ծալլելու իրաւունք չունիս:
Թող բացուող վարագոյրդ նոր ներկայացումներու ծնունդը աւետէ միշտ եւ բեմիդ վրայ երկար շարունակուի
սերունդներուդ տողանցումը:
Երան Զէյթունցեան