Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ Ռամատանի ամսուան առիթով շնորհաւորագրեր ստացաւ արաբական եւ իսլամական պետութիւններու ղեկավարներէ եւ նախագահներէ, որոնք նախագահ Ասատին քաջառողջութիւն եւ Սուրիոյ ժողովուրդին բարգաւաճ օրեր մաղթեցին։
Իր կարգին նախագահ Ասատ շնորհաւորագրեր առաքեց արաբական եւ իսլամական պետութիւններու ղեկավարներուն եւ նախագահներուն, յայտնելով իր բարեմաղթութիւնները անոնց։
Նախագահ Ասատին շնորհաւորագրեր յղեցին Սէուտական Արաբիոյ թագաւոր Սալման պըն Ապտըլ Ազիզ ալ-Սաուտ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ Մուհամմէտ պըն Զայէտ ալ-Նահեան, Օմանի Սուլթանութեան սուլթան Հայսամ պըն Թարէք, Պահրէյնի թագաւոր Համատ պըն Իսա ալ-Խալիֆա, Ալճերիոյ նախագահ Ապտըլ Մաճիտ Թապպուն, Եգիպտոսի նախագահ Ապտըլ Ֆաթթահ աս-Սիսի, Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպաս եւ Ուզպեքիստանի նախագահ Շաուքաթ Մերտիաիֆ։