Եգիպտոսի նախագահ Ապտըլ Ֆաթթահ աս-Սիսի հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ շնորհաւորանքներ ուղղեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատին՝ Ռամատանի ամսուան առիթով։ Կողմերը շնորհաւորանքներ փոխանակեցին իրարու եւ բարեմաղթութիւններ յայտնեցին երկու եղբայր երկիրներու ժողովուրդներուն ու համայն արաբական եւ իսլամական աշխարհին։