Սահմանազատումը պէտք է սկսիլ ոչ թէ Տաւուշի մարզէն, այլ՝ Վայոց ձորէն, ուր մխրճուած են ատրպէյճանական զինուած ուժերը։ Factor TV-ի հետ զրոյցի ընթացքին նման կարծիք յայտնեց ՀՅԴ անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան՝ անդրադառնալով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այն յայտարարութեան, թէ չի բացառուիր, որ սահմանազատման գործընթացը պէտք է սկսիլ Տաւուշի մարզէն։

Ընդդիմադիր պատգամաւորին դիտարկումով՝ սահմանազատումը Տաւուշէն սկսիլ կը նշանակէ, որ Փաշինեան կը պատրաստուի քանի մը գիւղ յանձնել։

«Սահմանազատումը սկսիլ Տաւուշէն, Փաշինեան քողարկուած կ’ըսէ՝ 4 գիւղ հիմա կու տամ, յետոյ մնացած 4-ին հարցերը կը քննարկենք։ Ատրպէյճան Հայաստանէն 8 գիւղ կը պահանջէ, խօսքը անոնց մասին է», տեսակէտ յայտնեց Խաչատրեան։