Բերիոյ Հայոց Թեմի Նպաստից Մարմինը անցնող երկու օրերուն ընթացքին նիւթական օժանդակութիւն տրամադրեց հայ առաքելական համայնքի Հալէպի համալսարանի բոլոր ճիւղերու ուսանողներուն՝ առ ի քաջալերանք երկրի ծանր պայմաններուն մէջ անոնց ուսումնական յառաջընթացին։

Օժանդակութեան բաշխումը տեղի ունեցաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ։