Զինուորական աղբիւր մը հաղորդեց, որ Կիրակի, 17 Մարտ 2024-ի կէս գիշերուան ժամը 00:42-ին, Իսրայէլ օդային յարձակում մը գործեց բռնագրաւեալ Կոլանէն Սուրիոյ հարաւային շրջանի կարգ մը կէտերու ուղղութեամբ։

Սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին հրթիռներուն եւ վար առին անոնց մեծամասնութիւնը։

Աղբիւրը աւելցուց, որ յարձակումին հետեւանքով զինուոր մը վիրաւորուեցաւ եւ նիւթական վնասներ արձանագրուեցան։