Չորեքշաբթի, 20 Մարտ 2024-ին, Սուրիոյ կառավարութեան պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Սուրիոյ վարչապետ Հուսէյն Արնուս հրապարակեց որոշում մը, որուն համաձայն մայսթրո Միսաք Նուպար Պաղպուտարեան «Ասատ» մշակոյթի եւ արուեստի տան ընդհանուր խորհուրդի տնօրէն նշանակուեցաւ, յաջորդելով մայսթրո Անտրէ Մաալուլիին, որ սոյն պաշտօնը կը վարէր 2019-էն ի վեր։
Պաղպուտարեան Սուրիոյ ազգային սիմֆոնիք նուագախումբին գեղարուեստական ղեկավարն է 2003-էն ի վեր։