Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ հանդիպում մը ունեցաւ առցանց ուսման «Հիուար» կեդրոնի կամաւոր ծառայողներու խումբին հետ։ Խմբակը կ’ընդգրկէ տարբեր մասնագիտութիւններով խումբ մը ակադեմական երիտասարդներ, որոնք երկխօսութիւններ կը վարեն կրօնական, մտաւորական եւ ընկերային հարցերու շուրջ։
Հանդիպումին ընթացքին տարբեր վերնագրերու շուրջ զրոյցներ տեղի ունեցան, ինչպէս ծայրայեղութեան, ինքնութեան որոնման, ընկերային միջավայրին մէջ հաստատութիւններու դերակատարութեան, երիտասարդներու կերտման եւ այս բոլորին մէջ կրօնական հաստատութիւններուն դերակատարութեան շուրջ։ Նախագահը շեշտեց բարոյական, կրօնական եւ ընկերային հարցերու շուրջ թիւրիմացութիւնները սրբագրելու կարեւորութիւնը, ինչ որ որեւէ յաջող նախաձեռնութեան կամ աշխատանքի մեկնակէտը կը համարուի։ Նախագահ Ասատ յայտնեց, որ յաջող աշխատանքը կը կեդրոնանայ երեք տուեալներու վրայ. Ռազմավարութեան մշակում, քայլերու նախաձեռնում եւ սկզբունքներու ամրագրում։